2026-ի Ամանորը կը դիմաւորենք ներկայ քաղաքական կացութենէն բխող նոր մարտահրաւէրներով ու հրամայականներով։ Կարելի չէ բնականոն տարիներու մասին խօսիլ, երբ մեր ազգն ու հայրենիքը տագնապեցնող իրավիճակները, ներքին թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ դիմագրաւուող խնդիրները՝ հայ մարդու միտքը անդադար կը զբաղեցնեն եւ իրմէ յաւելեալ յանձնառութիւն կը պահանջեն։
Այսօր, հայ ազգը եւ մեր հայրենիքը ալեկոծուած շրջան մը կը բոլորեն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, տարածաշրջանային հարցերու, Արցախահայութեան տագնապներու, Ատրպէյճանի շարունակական ճնշումներու, Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի հերոսներու, մեր ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական հարցերու դիմագրաւման լուրջ ու յամեցող խնդիրներով։
Ասոնց առընթեր՝ մենք վկաները դարձած ենք Հայաստանի ներկայ իշխանութեան կողմէ հրապարակ նետուող կեղծ օրակարգերուն, մեր ինքնութեան ու արժէքներու խորհրդանիշերը նուաստացնելու փորձերուն, մեր պատմութիւնը եւ անցեալի նուաճումները մոռացութեան տալու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքեան գաղութները խլրտող հարցերուն, որոնք քաղաքական նոր ոճ ու անհուն կամք պարտադրող իրավիճակներ են մեզի համար։
Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէին համար առաջնահերթութիւն կը հանդիսանան յունահայ գաղութի դիմագրաւած հարցերը, գաղութը աշխուժ ու կենսունակ պահելու, միութիւնները գործուն ու հաւատարիմ իրենց առաքելութեան ուղիին մէջ պահելու պայմանները, որ միայն մեր բոլորի համահունչ աշխատանքի, գործակցութեան ոգիի բարձր մակարդակի պահպանութեամբ կարելի է յառաջ տանիլ եւ յունահայ հասարակութեան գիտակից ու գործունեայ ապագան երաշխաւորել։
Այս մտածումներով, յաջողութեան ու նորանոր ծրագիրներու իրականացման մաղթանքով՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շնորհաւորէ Ամանորը թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ Հայ Կաթողիկէ ու Հայ Աւետարանական հոգեւոր պետերուն, Յունաստանի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան ու իր յարակից խորհուրդներուն, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի, Համազգայինի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային ու տեղական վարչութեանց, կրօնական դասուն եւ կրթական մշակներուն, գաղափարի մեր ընկերներուն, Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութեանց երիտասարդ ընկերներուն, ինչպէս նաեւ յունահայ օճախի բոլոր ազգայիններուն եւ համակիր զանգուածներուն։
Լիակատար յաջողութիւն՝ ազգային ու միութենական, ինչպէս եւ անձնական ու ընտանեկան ձեր բոլոր ծրագիրներուն մէջ։
Շնորհաւո՛ր Նոր Տարի
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ










