­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան Ե­րեք­շաբ­թի, 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ըն­դու­նեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի նո­րըն­տիր կազ­մի այ­ցե­լու­թիւ­նը Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, բա­րի գա­լուս­տի իր խօս­քէն ետք, շնոր­հա­ւո­րեց նո­րըն­տիր ­Կեդր. կո­մի­տէի ան­դամ­նե­րը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց յա­ռա­ջի­կայ բո­լոր ծրա­գիր­նե­րուն եւ աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ զրու­ցե­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թը վե­րա­բե­րող տար­բեր հար­ցե­րու շուրջ եւ կեդ­րո­նա­նալ յատ­կա­պէս ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան մեր կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ, կա­ռու­ցո­ղա­կան ու բո­վան­դա­կա­լից մթնո­լոր­տով։ Եր­կուս­տեք շեշ­տո­ւե­ցաւ հա­մադ­րո­ւած ու կեն­սու­նակ գոր­ծու­նէու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ յու­նա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին կեան­քը աշ­խուժ եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած պա­հե­լու հա­մար։