Ա­թէնք
— ­Քա­րոզ­չա­կան կրպակ պի­տի տե­ղադ­րո­ւի ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը, Ե­րեք­շաբ­թի, 22 Ապ­րի­լէն մին­չեւ ­Կի­րա­կի, 27 Ապ­րիլ:
— ­Բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն ­Հինգ­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2025-ին, կէ­սօ­րէ  ետք ժա­մը 18:30-ին: ­Հա­ւա­քա­վայր՝ ­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը, կրպա­կին առ­ջեւ: ­Ցոյ­ցը պի­տի սկսի ժա­մը 19:15-ին:

­Թե­սա­ղո­նի­կէ
— ­Քա­րոզ­չա­կան կրպակ պի­տի տե­ղադ­րո­ւի, Այ. ­Սո­ֆիա (թիւ 21) մայ­թին վրայ Ե­րեք­շաբ­թի, 22 Ապ­րի­լէն մին­չեւ ­Կի­րա­կի, 27 Ապ­րիլ:
— Ե­րեք­շաբ­թի, 22 Ապ­րի­լին «­Ծաղ­կա­ձոր» դպրո­ցի ա­շա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բը պի­տի եր­գէ կրպա­կին դի­մաց, ինչ­պէս նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րը պի­տի ար­տա­սա­նեն:
— Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 18:00-ին, ­Հա­մազ­գա­յինի «­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բը պի­տի պա­րէ սու­գի պա­րը, ա­պա՝ պի­տի զե­տե­ղո­ւի մո­մե­րով կազ­մուած 110 թո­ւան­շան մը:
— ­Հինգ­շաբ­թի, 24 Ապ­րիլ 2025-ին, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 18:30-ին, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ է­լէ­նի ­Քա­զա­րեան, պի­տի եր­գէ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր, քա­րոզ­չա­կան կրպա­կին առ­ջեւ:
­Ցոյցը դէ­պի թրքա­կան ­Հիւ­պա­տո­սա­րան պի­տի սկսի ժա­մը 19:15-ին:
— ­Շա­բաթ, 26 Ապ­րիլ  2025-ին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րը պի­տի տո­ղան­ցեն կրպա­կէն մին­չեւ յու­շար­ձան-խաչ­քար եւ դափ­նեպսակ պի­տի զե­տե­ղեն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կին: