Հոկ­տեմ­բե­րը հան­դի­սա­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րուն ա­մի­սը, ո­րուն ըն­թաց­քին՝ եր­կու տար­բեր մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով, նոր սե­րուն­դի կազ­մա­կերպ միա­ւոր­նե­րը ի­րենց դռնե­րը բա­ցին ժո­ղո­վուր­դին առ­ջեւ եւ ներ­կա­յա­ցան յստակ ու­ղերձ­նե­րով ու պատ­գամ­նե­րով։
Այս ան­գամ, կարգն էր Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան՝ ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քի մը ջերմ մթնո­լոր­տին մէջ նշե­լու իր հիմ­նադ­րու­թեան 78-րդ ­տա­րե­դար­ձը, վե­րար­ժե­ւո­րե­լով իր ներ­կա­յու­թիւնն ու ներդ­րու­մը հա­յու­թեան պայ­քա­րի ու­ղիին վրայ, որ­պէս ա­ռա­ջա­տար հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն, յան­դուգն նա­խա­ձեռ­նող ու դե­րա­կա­տար։
­Շա­բաթ, 17 ­Հոկ­տեմ­բեր 2025-ի ե­րե­կոն յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ, ո­րոնք «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյց սրահ­նե­րուն մէջ, խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ, նշե­ցին ­Միու­թեան տաս­նա­մեակ­նե­րու ա­ւան­դը եւ վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեան հան­դէպ։
­Տօ­նա­կան մթնո­լոր­տը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն ու ան­դամ­նե­րը, շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րը, ըն­կեր­ներ, ծնող­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ընկ. Ա­լեքս Ա­զա­լեան, որ անդ­րա­դարձ ը­նե­լով Ե­րիտ. ­Միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան օ­րե­րուն մին­չեւ ներ­կայ տա­րի­նե­րը, ար­ժե­ւո­րու­մը կա­տա­րեց բազ­մա­մեայ եր­թին եւ ա­ւել­ցուց. «­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն յա­ռա­ջա­պահ­նե­րը ան­կաս­կած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ե­ղած են. ­Նոյն­պէս Հ.Յ.Դ.Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը իր ան­դամ­նե­րով ու մար­մին­նե­րով դրօ­շա­կա­կի­րը ե­ղած է հայ ազ­գի ու մեր գա­ղու­թին առ­ջեւ բարձ­րա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, մեր ի­րա­ւունք­նե­րուն ու պա­հանջ­նե­րուն հե­տապնդ­ման նկատ­մամբ։ ­Մենք՝ ե­րի­տա­սարդ­ներս, կը զգանք այս պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը, գա­ղու­թիս-ձեր զա­ւակ­նե­րը ըլ­լա­լով, թէ որ­քան կա­րե­ւոր է վստա­հու­թիւն ձեռք բե­րել ու հպարտ դառձ­նել ձեզ բո­լո­րը։ ­Մեզ կը բնո­րո­շեն զո­հո­ղու­թիւ­նը ու կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քը, ի սպաս հա­յու­թեան, Ս­փիւռ­քի թէ ­Հայ­րե­նի­քի մէջ։ ­Հե­տե­ւա­բար, շատ լաւ գի­տե՛նք, որ բո­լոր մեր ե­րէց ըն­կեր­նե­րը-ըն­կե­րու­հի­նե­րը, մեր գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րը, մեր վրայ կը յու­սան ու մեր վրայ կը տես­նեն ա­պա­գան ու շա­րու­նա­կա­նու­թիւ­նը»։
Ըն­կե­րը շեշ­տեց, թէ Ե­րիտ. ­Միու­թիւ­նը կը սնա­նի Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւա­զա­նէն եւ իր ու­սե­րուն վրայ կը հա­մար­ձա­կի առ­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի իղ­ձերն ու հե­տապն­դում­նե­րը, ա­ռանց վա­խի այլ՝ «յա­մա­ռու­թեամբ ու կո­րո­վով», մղում առ­նե­լով «յա­րա­տեւ կռի­ւի՝ գու­ցէ ան­յա­ջող» լո­զուն­քէն, որ կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէ ­Միու­թեան սկզբունք­նե­րը։
­Յա­ջոր­դա­բար, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ձայ­նը լսե­լի դար­ձուց ընկ. ­Փա­թիլ ­Պար­ղու­տեան, որ նա­խա­պէս կա­տա­րեց Ե­րիտ. ­Միու­թեան շար­քե­րուն մէջ ան­դա­մակ­ցու­թեան բնո­րո­շու­մը։ Ան շա­րու­նա­կեց ը­սե­լով. «­Մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը միայն խօս­քով ու գա­ղա­փա­րով չի կա­տա­րուիր: Ո­րով­հե­տեւ, ինչ­պէս ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան ը­սած էր՝ «­Խօս­քը ա­ռանց գոր­ծի մե­ռեալ է»: Ա­նոր հա­մար մե՛նք՝ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը, որ­պէս ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի ժա­ռան­գորդ­ներ, միշտ ե­ղած ենք եւ կը շա­րու­նա­կենք մնալ գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի յա­ռա­ջա­մար­տի­կը։ ­Մենք կանգ­նած ենք ա­մէն ա­նար­դա­րու­թեան դի­մաց, պատ­րաստ՝ պայ­քա­րե­լու հա­մար եւ մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ան­բա­ժա­նե­լիօ­րէն կա­պո­ւած է մեր ար­ժէք­նե­րուն: Ապ­րի­լեան աշ­խա­տանք­նե­րէն սկսեալ, Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի շար­ժում­նե­րուն, մին­չեւ այս տա­րո­ւան հա­մա­հայ­կա­կան բա­նա­կու­մը, բո­լոր աշ­խար­հին կող­մէ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ուր յստակ ե­ղաւ մեր նպա­տակն ու գա­ղա­փա­րը, «ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆՔ» մեր ար­մատ­նե­րուն, մեր հո­ղե­րուն, տի­րա­նա­լով մեր ի­րա­ւունք­նե­րը: Ո­րով­հե­տեւ, մենք պարզ ե­րի­տա­սարդ­ներ չենք, այլ գա­ղա­փա­րա­կից դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­ներ: Եւ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ ըլ­լա­լը կը նշա­նա­կէ ապ­րիլ ո՛չ միայն յա­նուն քեզ, այլ յա­նուն բո­լո­րին: ­Կը նշա­նա­կէ ըլ­լալ նո­ւի­րեալ եւ ծա­ռա­յել ժո­ղո­վուր­դին ու հայ­րե­նի­քին: ­Պա­հան­ջել ար­դա­րու­թիւն, ո’չ ­թէ փխրուն խա­ղա­ղու­թիւն: ­Մաս կազ­մե­լով Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան, այս բո­լոր խօս­քե­րը այ­լեւս պարզ կար­գա­խօս մը չեն, այլ կը դառ­նան նպա­տակ։ ­Թող գա­լիք ա­մեակ­նե­րուն մեր ձայ­նը ա­ւե­լի հզօր հնչէ եւ մեր միու­թիւ­նը ա­ւե­լի ամ­րա­նայ»:
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի խօս­քը ներ­կա­յա­ցուց ընկ. ­Տիգ­րան ­Չի­չէ­քեան։ Ան ար­ժե­ւո­րե­լով Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ կեան­քէն ներս, յայտ­նեց. «Կր­նամ հաս­տա­տել, թէ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­­Միու­թեան խում­բերն ու ան­դամ­նե­րը, ի­րենց ու­սե­րուն վեր­ցու­ցած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րով, ար­դա­րա­ցու­ցած են ի­րենց վրայ դրո­ւած յոյ­սե­րը, յա­ջո­ղե­լով մնալ գոր­ծօն ու մաս­նա­կից, մեր գա­ղու­թա­յին ազ­գա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։
­­Միշտ ալ կը հաս­տա­տենք, թէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մեծ զան­գո­ւած մըն ալ կայ, որ ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով հե­ռու կը մնայ մեր ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պո­ւած կեան­քէն եւ հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թե­նէն: ­­Մեր փա­փաքն է բո­լո­րը հա­մախմբո­ւած տես­նել, աշ­խուժ ու գոր­ծու­նեայ, ե­րի­տա­սար­դա­կան հզօր նե­րու­ժով։
­­Մեր բո­լո­րին պար­տա­կա­նու­թիւնն է՝ նո­րե­րուն զգաց­նել թէ ի­րենց ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լը ի­րե՛նց ի­րա­ւունքն է։ ­­Նա­խորդ սե­րունդ­նե­րէն ի­րենց փո­խան­ցո­ւած ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն տի­րա­նա­լը նա­­՛եւ ի­րենց ի­րա­ւունքն է»։
­Խօս­քե­րու վեր­ջին բա­ժի­նը վե­րա­պա­հո­ւած էր Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, որ շնոր­հա­ւո­րե­լով ­Միու­թեան 78 տա­րի­նե­րու ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան նուա­ճում­նե­րը նշեց, թէ ա­մեակ­նե­րը մեր ա­պա­գան վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռիթ են։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեր ներ­կան է, պէտք է զայն մղել ազ­գա­յին պայ­քա­րի դաշ­տե­րուն մէջ, ո­րոնք ուղ­ղո­ւած են հայ­րե­նի­քին ու ժո­ղո­վուր­դին։ Ե­րիտ. միու­թիւ­նը ան­ցած է կա­րե­ւոր ճամ­բայ եւ մենք բո­լորս մեր կեան­քը պի­տի նո­ւի­րենք մեր ազ­գին ու ա­նոր դա­տին։ ­Կը նո­ւա­զի ե­րի­տա­սարդ մաս­նա­գէտ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը. հոս է, որ Ե­րիտ. ­Միու­թիւ­նը իր ու­ժեղ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ պէտք է օգ­տա­կար դառ­նայ ազ­գա­յին կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Իր խօս­քը մաս­նա­ւո­րա­բար ուղ­ղե­լով ներ­կայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, Ա­ռաջ­նոր­դը ընդգ­ծեց, թէ այ­սօր պէտք է միաս­նա­բար կազ­նա­կեր­պո­ւիլ ու աշ­խա­տիլ։ ­Յար­գե­լով հան­դերձ ան­ցեա­լի հե­րոս­նե­րը եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով հա­յու­թեան ու­ղին գծե­ցին, կոչ ուղ­ղեց ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին՝ մտա­ծել ու խօ­սիլ այ­սօ­րո­ւան մա­սին, դառ­նա­լով ժա­մա­նա­կի հե­րոս­նե­րը։ ­Յոր­դո­րեց նոր սե­րուն­դին լրջօ­րէն մտա­ծել իր ներդ­րու­մին մա­սին գա­ղու­թին հա­մար։
Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ, ուր հայ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւ ազ­գա­յին հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րը ջեր­մա­ցու­ցին մթնո­լոր­տը։ Ինք­նա­բուխ յայ­տա­գի­րին ըն­թաց­քին, ներ­կա­նե­րէն ո­մանք բեմ բարձ­րա­ցան եւ եր­գե­ցին, ա­ւե­լի ջեր­մաց­նե­լով սրա­հին մէջ տի­րող ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան կազ­մա­կեր­պա­կան տա­րեշր­ջա­նի մը պսա­կու­մը ե­ղաւ սոյն տա­րե­դար­ձի խան­դա­վառ նշու­մը։ ­Շա­բաթ մը յե­տոյ, պի­տի յա­ջոր­դէ միու­թեան պատգ. ժո­ղո­վը, ո­րուն լոյ­սին տակ, գա­ղա­փա­րա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը պի­տի գտնո­ւի նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մաց, իր առ­ջեւ դնե­լով կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տան­քի, ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան վե­րըն­ձիւղ­ման, ­Հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ամ­րապնդ­ման, քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թի ձե­ւա­ւոր­ման, դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու, հայ­րե­նա­ճա­նա­չու­թեան եւ հայ մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու ա­ռա­ւել իւ­րաց­ման կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը։
­Վարձ­քը կա­տար Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։ Ա­նոնց վրայ կը վստա­հո­ւի նո­րա­րա­րու­թիւնն ու յա­րա­տե­ւու­մը։