­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմ­նադ­րու­թեան 100-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի տեղ­ւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ըն­տա­նի­քը հիւ­րըն­կա­լէ ­Միու­թեան հա­մաեւ­րո­պա­կան աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան 3-րդ ­բա­նա­կու­մը։ ­Յու­նա­կան սկաու­տա­կան ֆե­տե­րա­սիո­նի Այ. Անտ­րէա­սի ար­դիա­կան բա­նա­կա­վայ­րը, հինգ օ­րուան տե­ւո­ղու­թեամբ, ե­ղաւ ժա­մա­նադ­րա­վայ­րը Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան հա­յա­գա­ղութ­նե­րէն ժա­մա­նած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ խմբա­պետ­նե­րուն, ո­րոնք ամ­բող­ջա­ցու­ցին «Վ­կա­յեալ կարգ»-ի շար­քը։ Ն­շենք, որ դաս­տիա­րակ­չա­կան սոյն ծրա­գի­րը առ­ցանց ձե­ւա­չա­փով մեկ­նար­կած էր բա­ւա­կան ա­միս­ներ ա­ռաջ։ ­Թիւ մը հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին, սկաուտ աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րը հե­տե­ւե­ցան ազ­գա­յին, սկաու­տա­կան, գա­ղու­թա­յին եւ պատ­մա­կան նիւ­թե­րու, ո­րոնք կա­տա­րո­ւե­ցան հե­տե­ւո­ղա­կան կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ։ Ա­նոնց պսա­կու­մը դար­ձաւ ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մը Ա­թէն­քի մէջ, ուր նաեւ տրուե­ցան վկա­յեալ կար­գի հաս­տա­տագ­րե­րը մաս­նակ­ցող­նե­րուն։
­Բա­ցի իր դաս­տիա­րակ­չա­կան բնոյ­թէն, բա­նա­կու­մը իր հա­յա­շունչ ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տով սա­տա­րեց հա­յա­խօ­սու­թեան, փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման, տար­բեր գա­ղութ­նե­րու ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի մեր­ձեց­ման ու ծա­նօ­թաց­ման։ Այս հա­մախմ­բու­մը յա­ջո­ղա­պէս կնքեց բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, ո­րոնք սկսած էին ձե­ւա­ւո­րո­ւիլ տարուան առ­ցանց հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին։
Այ. Անտ­րէասի սկաու­տա­կան բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, մoտ 40 աս­տի­ճա­նա­ւոր­ներ՝ 6 եր­կիր­նե­րէ, միաս­նա­բար գոր­ծե­ցին 11-16 Օ­գոս­տո­սի օ­րե­րուն։ ­Բա­նա­կու­մը կը վա­յե­լէր հո­գա­ծու­թիւ­նը եւ ներ­կա­յու­թիւ­նը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Կեդր. վար­չու­թեան, իսկ գործ­նա­կան կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տան­քը ստանձ­նած էր ­Յու­նաս­տա­նի ՀՄ.Ը.Մ.-ի Շրջա­նա­յին սկաու­տա­կան խոր­հուր­դը, գոր­ծակ­ցու­թեամբ Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան։
­Բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ե­րեք­շաբ­թի, 12 Օ­գոս­տո­սի ա­ռա­ւօ­տեան, բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, ներ­կա­յու­թեամբ շարք մը հիւ­րե­րու։ ­Ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ ­Ֆէ­տի-­Խա­ժակ ­Գա­զան­ճեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ.Կ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան, «Ա­զատ Օր»-ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ քոյր ­Սո­ֆիա ­Մի­քա­յէ­լեան, տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չա­կան­ներ եւ ան­դամ­ներ։
Դ­րօ­շակ­նե­րու պա­տո­ւան­դա­նին առ­ջեւ, հիւ­րե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ մաս­նա­կից աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րը կա­տա­րե­ցին դրօ­շի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ո­րուն յա­ջոր­դեց բաց­ման հա­կիրճ բա­ժի­նը։
­Բա­րի գալս­տեան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ բա­նա­կու­մի ընդհ. խմբա­պետ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան որ ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը, ա­պա մէկ առ մէկ հրա­ւի­րեց խօ­սող­նե­րը։
­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին սկաու­տա­կան խոր­հուր­դի ա­նու­նով, շրջա­նա­յին սկաուտ խմբա­պե­տու­հի քոյր ­Սիլ­վա Ե­զե­կիէ­լեան անդ­րա­դար­ձաւ բա­նա­կու­մին մա­սին, ա­պա պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց ա­նոր բա­ցու­մը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, խօ­սե­ցաւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, որ շեշ­տեց միաս­նա­բար կեդ­րո­նա­նա­լու գա­ղա­փա­րը, սա­տա­րե­լու հա­մար հայ­րե­նի­քին եւ հա­ւա­քա­կան ծա­ռա­յու­թեան ի­տէա­լին։
­Խօսք ա­ռաւ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, որ փո­խան­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. կազ­մա­կեր­պու­թեան ող­ջոյն­նե­րը։ Ան շեշ­տեց, թէ ներ­կայ բա­նա­կու­մը, բա­ցի իր դաս­տիա­րակ­չա­կան բնոյ­թէն, պի­տի դառ­նայ նաեւ խթան, որ­պէս­զի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րը ամ­րապն­դեն ի­րենց գի­տակ­ցու­թիւ­նը, մաս­նակ­ցե­լով կա­մա­ւոր բա­նա­կի ծա­ռա­յա­կան գոր­ծին, ի խնդիր ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու բո­վան­դակ հա­յու­թեան։ Ան նաեւ մատ­նան­շեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այն կազ­մա­կեր­պու­թիւնն է, որ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն եւ կար­գա­պա­հու­թիւն կը ջամ­բէ, կազ­մա­ւո­րե­լով հայ ե­րի­տա­սար­դի գի­տակ­ցա­կան աշ­խար­հը։
­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թեան խօս­քը ար­տա­սա­նեց քոյր ­Սո­ֆիա ­Մի­քա­յէ­լեան, որ մաղ­թեց, թէ աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան սոյն հա­մախմ­բու­մը յա­ւե­լեալ պար­տա­ւո­րու­թիւն պի­տի դնէ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին վրայ, պահ­պա­նե­լու հա­մար հայ լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը, լու­սա­ւո­րե­լով հայ պա­տա­նի­նե­րու վե­հանձ­նու­թեան ճամ­բան ու զար­գա­ցու­մը։ ­Յու­նա­կան սկաու­տա­կան ֆե­տե­րա­սիո­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը իր բա­րի գալս­տեան խօս­քով յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց սկաու­տա­կան բա­նա­կու­մին։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Կեդր. վար­չու­թեան խօս­քը ար­տա­յայ­տեց եղբ. ­Ֆէ­տի-­Խա­ժակ ­Գա­զան­ճեան։ Ան նա­խա­պէս ող­ջու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազ­մա­կեր­պու­թեան 100-ա­մեա­կը, ո­րուն ա­նո­ւան տակ այ­սօր ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նայ նաեւ աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րու բա­նա­կու­մը։ Ան ող­ջու­նե­լով 2025-ի խմբա­պե­տա­կան սե­րուն­դի միա­ւո­րու­մը բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, յոյս յայտ­նեց, որ խթան պի­տի հան­դի­սա­նայ ա­ռա­ւել ծա­ռա­յե­լու ազ­գին ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Ան հաս­տա­տեց, թէ «Վ­կա­յեալ կարգ»-ի դաս­տիա­րակ­չա­կան շար­քը յա­տուկ կա­րե­ւու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ ­Միու­թեան հա­մար, սա­կայն այս բո­լո­րին կող­քին հա­մես­տու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ար­ժա­նիք­նե­րը պէտք է մշտա­պէս ըն­կե­րա­կից դառ­նան իւ­րա­քան­չիւր աս­տի­ճա­նա­ւո­րին հա­մար։ Անդ­րա­դար­ձաւ բա­նա­կու­մի յայ­տա­գի­րին եւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց ա­նոր ընդգրկուն բա­ժին­նե­րը, ո­րոնք պի­տի սա­տա­րեն գի­տե­լիք­նե­րու փո­խանց­ման։
Եզ­րա­փա­կիչ խօս­քով, իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը տուաւ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, որ նա­խա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ «­Բարձ­րա­ցիր-բարձ­րա­ցուր» նշա­նա­բա­նին մա­սին, նշե­լով թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ե­ղած է ո­գի ջամ­բող կազ­մա­կեր­պու­թիւն մը, ո­րով­հե­տեւ ­Միու­թիւ­նը իր ա­ւե­լի քան 100-ա­մեայ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին կա­րո­ղա­ցաւ կար­գա­պա­հու­թեան ո­գին վե­րա­ծել ազ­գա­յին ինք­նու­թեան մար­տահ­րա­ւէ­րի։ ­Մաս­նա­կից­նե­րուն ուղ­ղո­ւե­լով, նշեց գի­տե­լիք­նե­րուն կող­քին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ, ի խնդիր ազ­գա­յին ինք­նու­թեան եւ դի­մա­գի­ծի կերտ­ման։ ­Պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ մտեր­միկ զրոյց։
­Բա­նա­կու­մի յայ­տա­գի­րը իր հա­րուստ բո­վան­դա­կու­թեամբ ընդգր­կեց դաս­տիա­րակ­չա­կան բա­ժին­ներ, ո­րոնց ըն­թաց­քին ի գործ դրո­ւե­ցան առ­ցանց ծրա­գի­րի գի­տե­լիք­նե­րը եւ ա­նոնք հա­մալ­րե­ցան տար­բեր դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով եւ նիւ­թե­րով։ Ս­կաու­տա­կան ծրա­գի­րի կող­քին, հա­ւաք­նե­րու օ­րա­կար­գե­րը եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րը շօ­շա­փե­ցին ազ­գա­յին եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցեր, ո­րոնց մէ­ջէն մաս­նակ­ցող աս­տի­ճա­նա­ւոր­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րը։
Կ­՚ար­ժէ նշել, թէ ըն­կե­րա­յին կեան­քի գի­շեր­նե­րը, խա­րոյ­կով եւ եր­գե­րով, ճո­խա­ցու­ցին մաս­նա­կից­նե­րու ա­ռօ­րեան, իսկ ա­նոնք նաեւ ա­ռի­թը ու­նե­ցան միօ­րեայ նա­ւապ­տոյ­տի եւ հայ­կա­կան մթնո­լոր­տի վա­յե­լու­մին, եր­գիչ ­Կա­րօ ­Պար­տաք­ճեա­նի հայ­կա­կան եր­գա­ցան­կով։ ­Նաեւ բա­նա­կող սկաուտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ սկաու­տա­կան ա­կումբ­նե­րը, մօ­տէն ճանչ­նա­լու հա­մար գա­ղու­թա­յին կեան­քի կեդ­րոն­նե­րուն։ Ան­մո­ռա­նա­լի ե­ղաւ այ­ցե­լու­թիւ­նը Աք­րո­փո­լիս, ուր բա­ցի հա­մաշ­խար­հա­յին մշա­կու­թա­յին կո­թո­ղի ծա­նօ­թա­ցու­մէն, ա­նոր ստո­ւե­րին տակ բա­նա­կող­նե­րը ստա­ցան նաեւ ի­րենց դաս­տիա­րակ­չա­կան շար­քի վկա­յագ­րե­րը։
­Բա­նա­կու­մի փակ­ման հան­դի­սու­թեան օ­րը նա­խա­պէս տե­ղի ու­նե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան ծա­ռատն­կում բա­նա­կա­վայ­րէն ներս, ա­պա մաս­նակ­ցող պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու ներ­կա­յու­թեամբ եւ խօս­քե­րով, ինչ­պէս նաեւ զա­նա­զան պա­տո­ւոյ գի­րե­րու տու­չու­թեամբ իր լրու­մին հա­սաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հա­մաեւ­րո­պա­կան 3-րդ ­բա­նա­կու­մը։
­Պարտք կը զգանք դրո­ւա­տել ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կա­ռոյ­ցին ջան­քե­րը, որ ճիգ չխնա­յեց հաս­նե­լու հա­մար լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քին։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­մի­ջա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ, ­Յու­նաս­տա­նի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը, Ս­կաու­տա­կան Շրջ. խոր­հուր­դը, աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազ­մը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նո­ւի­րեալ­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան իր ա­ւար­տին հասց­նել նման դժո­ւար ձեռ­նարկ մը։ ­Հա­մաեւ­րո­պա­կան հա­մախմ­բու­մը իր յու­սադ­րիչ մթնո­լոր­տով ցոյց տո­ւաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան ո­գիի գո­յա­տե­ւու­մը, հայ լե­զո­ւի քաղց­րահն­չիւն ար­տա­յայ­տու­թեան ա­ռիթ ե­ղաւ, ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան ջերմ պահ մը, որ հա­մա­կեց Եւ­րո­պա­յի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ո­գին, ­Յու­նաս­տա­նի հիւ­րըն­կալ եր­կին­քին տակ։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յող­նե­րուն: