Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Վա­հագն ­Խա­չա­տու­րեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ ժա­մա­նեց Ա­թէնք։ ­Նա­խա­գա­հին կ­՚ու­ղեկ­ցին խումբ մը նա­խա­րար­ներ եւ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ։
­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հի մամ­լոյ գրա­սե­նեա­կէն հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան հա­մա­ձայն, ե­ռօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­գի­րի ծի­րէն ներս, ­Վա­հագն ­Խա­չա­տու­րեան դափ­նեպ­սակ պի­տի զե­տե­ղէ Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ, ա­պա պի­տի ըն­դու­նո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նա­կից ­Քոնս­թան­թի­նոս ­Թա­սու­լա­սին կող­մէ, իսկ կէ­սօ­րին պի­տի ըլ­լայ պա­տո­ւոյ ճա­շի հիւ­րը։
­Հինգ­շաբ­թի օր, Հ.Հ. նա­խա­գա­հը պի­տի ըն­դու­նուի ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Նի­քի­թաս ­Քաք­լա­մա­նի­սին կող­մէ։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սո­ւած է շարք մը երկ­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու ստո­րագ­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ա­ռեւտրատն­տե­սա­կան ու մշա­կու­թա­յին բնոյ­թի ե­լոյթ­ներ, ո­րոնց պի­տի մաս­նակ­ցի նա­խա­գա­հը եւ իր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը։