Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը, ձա­խէն աջ՝ տ­ղա­ներ՝ ­Կա­րիկ ­Վար­դա­նով, ­Նա­րեկ ­Մար­տո­յեան, Հ­րաչ ­Պետ­րոս,­Կոս­տան­դի­նոս ­Նի­քո­լա­յի­տիս, Ա­լեքս Ա­րա­պեան, Ա­լեք­սանտ­րոս ­Վի­րա­պեան, ­Խաժ­ժար Ան­կե­լոս Աղ­ջիկ­ներ՝ Ա­նաս­թա­սիա ­Գաէ, Է­վան­կե­լի­նա ­Մեր­ծա­նի­տու, ­Նել­լի ­Ֆա­րա­ճեան, ­Մա­րալ Ե­զե­կիէ­լեան, ­Դա­նիե­լա ­Սի­մո­նեան, ­Նա­թա­լի ­Շամ­մէս

Հ.Կ.Խ.-ի «Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու
հրա­ժեշ­տի հան­դի­սու­թեան տնօ­րէ­նու­հի
տիկ.­ ­Վիք­թո­րիա ­­Մա­ղա­քեա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցած տե­ղե­կա­գի­րը

Այ­սօր մեր դպրո­ցին հա­մար վեր­նա­գոյն նշա­նա­կու­թեան օր մըն է։ ­­Մենք կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր վար­ժա­րա­նի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց գե­ղե­ցիկ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար այս հան­դէ­սին, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց բո­լոր ջան­քե­րուն ու ձեռք բե­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար:­ ­Նաեւ, կը պա­տո­ւենք մեր վե­ցե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք կ­­՚ա­ւար­տեն ի­րենց տար­րա­կան ու­սու­մը եւ պատ­րաստ կ­­՚ըլ­լան դի­մագ­րա­ւե­լու կրթա­կան նոր փու­լի մը մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։
«Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը  մաս­նակ­ցե­ցաւ զա­նա­զան դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու, դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րեց եւ իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ բո­լոր դպրո­ցա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, նշե­լով բո­լոր՝ թէ՛ հայ­կա­կան, թէ յու­նա­կան տօ­նե­րը:

Ե­լոյթ­ներ

­­Բա­ցա­ռիկ էր մեր Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը Հ.Կ.Խ.-ի հա­րիւ­րա­մեա­կի ձեռ­նար­կին, ուր բարձր դա­սա­րան­նե­րու մեր ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­ցին ե­րա­ժիշտ պրն. ­­Միհ­րան ­­Չա­լը­քեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ:
­­Նաեւ, Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու եւ միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րու երգ­չա­խում­բը տպա­ւո­րիչ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Ապ­րիլ 24-ի ­կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կին:
­­Մաս­նակ­ցե­ցանք Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Պա­տա­նե­կան միու­թեան կազ­մա­կեր­պած ծա­ռատն­կու­մին  ­­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կի ա­ռի­թով, 110 ծա­ռեր տնկե­լով Ի­միթ­թո­յի ան­տա­ռին մէջ:

Այ­ցե­լու­թիւն­ներ

Այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցինք եւ բախ­տը ու­նե­ցանք այ­ցե­լու­թիւն­ներ ըն­դու­նե­լու մեր դպրո­ցին մէջ: ­­Կա­ղան­դի շրջա­նին ըն­դու­նե­ցինք Սր­բա­զան ­հօր այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ օրհ­նու­թիւ­նը: ­­Նաեւ, այ­ցե­լե­ցինք ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տու­նը, ուր մեր ա­շա­կեր­նե­րը եր­գե­ցին, պա­րե­ցին եւ վա­յե­լե­ցին դես­պա­նին՝ պա­րոն ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի ջերմ հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը: Զ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կետ­նե­րուն հետ այ­ցե­լե­ցինք նաեւ «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը, ուր ա­շա­կերտ­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին ի­րենց ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով օ­րա­թեր­թին մա­սին: ­­Մեր դպրո­ցին մէջ կազ­մա­կեր­պե­ցինք ոտ­նագն­դա­կի մրցոյթ­ներ, նշե­լով մար­զա­սէ­րի օ­րը եւ կո­ղո­վագն­դա­կի մրցոյթ­ներ՝ մաս­նակ­ցե­լով «Τρίποντο στα σχολεία» ծրագ­ի­րին:
­­
Տօ­ներ

­­Հան­դէս­նե­րով եւ զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րով նշե­ցինք բո­լոր՝ թէ՛ հայ­կա­կան, թէ յու­նա­կան տօ­նե­րը:
­­Տօ­նե­ցինք ­­Թարգ­ման­չա­ցը, Ս. Ծ­նուն­դը եւ Ա­մա­նո­րը: Ն­շե­ցինք ­­Վար­դա­նանց ­տօ­նը եւ ­­Տեառ­նըն­դա­ռա­ջը, թէ՛ մեր վար­ժա­րա­նին մէջ, թէ՛ մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, ­­Սուրբ ­­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թեան, ուր ներ­կայ էր Սր­բա­զան հայ­րը: ­­Նաեւ,­ ­Զատ­կո­ւան ըն­թաց­քին մեր ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան «­­Տա­սը ­­Կու­սա­նաց» եւ «Ոտն­լուայ»-ի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն:

Ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ծ­­րա­գիր­ներ

­Մեր մշա­կած ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ծրագ­ի­րի ծի­րէն ներս, պա­տի­ւը ու­նե­ցանք ըն­դու­նե­լու պա­րոն ­­Քոս­տաս ­­Փու­լոս եւ տի­կին Ան­կե­լի­քի ­­Մաստ­րո­մի­խա­լա­քի հե­ղի­նակ­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը, որ իւ­րա­յա­տուկ փոր­ձա­ռու­թիւն պար­գե­ւեց մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն:
Ծ­նո­ղա­կան մի­ու­թիւն­նե­րուն կող­մէ մեր վե­րա­նո­րո­գո­ւած դպրո­ցա­կան ­փո­խա­ռա­կան «­­Բաբ­գէն ­­Գա­սա­պեան» գրա­դա­րա­նի գիր­քե­րը դա­սա­ւո­րո­ւե­ցան Զ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու տի­կին Է­լե­նա ­­Փան­տա­քիի կող­մէ: Գ­րա­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­­Սեպ­տեմ­բե­րին:

­­Սե­մի­նար­ներ

Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, պատ­մա­բան եւ կրթա­կան մշակ տի­կին ­­Գո­հար ­­Գան­տա­հա­րեա­ն­ այ­ցե­լեց մեր ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րը եւ հե­տե­ւե­ցաւ հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հե­րուն:
­­Նաեւ, մեր վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մը հե­տե­ւե­ցաւ սե­մի­նար­նե­րու՝ «­­Լաս­քա­րի­տի հիմ­նար­կու­թեան» հո­գե­բան­նե­րուն եւ  ման­կա­վարժ­նե­րուն կող­մէ:
­
­Պա­րի, գե­ղան­կար­չու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խա­տա­նոց­ներ

Այս տա­րի եւս, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան հե­տե­ւե­լու պա­րի եւ նկար­չու­թեան աշ­խա­տա­նոց­նե­րուն,  որ տե­ղի ու­նե­ցան շա­բա­թա­կան յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ: ­­Պա­րե­րը, որ սոր­վե­ցան աշ­խա­տա­նո­ցին մաս­նակ­ցող ա­շա­կերտ­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տու տի­կին ­­Զօի ­­Փա­փաեոան­նի­տո­ւի կող­մէ, ներ­կա­յա­ցուե­ցան փոք­րիկ հան­դի­սու­թեամբ մը, որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ծնող­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ:
­­Նոյն­պէս, գե­ղան­կար­չու­թեան աշ­խա­տա­նո­ցի մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն ի­րա­գոր­ծած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը տի­կին ­­Մա­րիա ­­Տի­մա­քիի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ տի­կին ­­Նա­զիկ ­­Ճա­մու­զեա­նի օ­ժան­դա­կու­թեամբ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­­Սեպ­տեմ­բե­րին:
Այս տա­րի, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով մեր վար­ժա­րա­նը գոր­ծակ­ցե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի ար­ժա­նա­ցած ե­րաժշ­տա­գէտ եւ յօ­րի­նող պ. ­­Միհ­րան ­­Չա­լը­քեա­նին հետ: ­­Մեր վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հե­տե­ւե­ցան ե­րաժշ­տու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րու, մաս­նակ­ցե­լով ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խա­տա­նո­ցին:

­­Դաս­տիա­րակ­չա­կան ծ­­րա­գիր­ներ

­Հա­մա­գոր­ծակ­ցե­ցանք պե­տա­կան «Ա­թի­նա Ի­կիա» կազ­մա­կեր­պու­թեան հո­գե­բան­նե­րուն հետ եւ շա­բա­թա­կան մեր հան­դի­պում­նե­րով փոր­ձե­ցինք ա­ւե­լի սերտ կա­պեր ստեղ­ծել ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ:
­­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ եւ քա­ջա­լե­րան­քով մաս­նակ­ցե­ցան զա­նա­զան մրցոյթ­նե­րու եւ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան:
­­Չորս ա­շա­կերտ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան ա­շա­կեր­տա­կան ճատ­րա­կի մրցոյ­թին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ճատ­րա­կի ու­սու­ցիչ պրն ­­Մար­քօ Ի­լիա­տիի ու­ղեկ­ցու­թեամբ:
­­Բա­ցա­ռիկ եւ պա­տո­ւա­բեր  ար­դիւնք բե­րաւ վար­ժա­րա­նի Գ. դա­սա­րա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, տի­կին ­­Լի­նա ­­Մի­նիի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, Ա­ռա­ջին ­­Մի­ջազ­գա­յին ա­շա­կեր­տա­կան մրցոյ­թին «­­Ճատ­րա­կա­յին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ տո­ղե­րով եւ գոյ­նե­րով», որ կազ­մա­կեր­պեց Ա­րե­ւե­լեան ­­Մա­կե­տո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին կր­­թա­կան տ­­նօ­րէ­նու­թիւ­նը։ Այս մրցոյ­թին մեր Գ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի Ա­նա­յիս ­­Ճէ­լա­լեա­ն­ ար­ժա­նա­ցաւ ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին իր  բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ՝ «­­Սեւ ու ճեր­մակ ծով», իսկ բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան:
Այս ա­ռի­թով, իբ­րեւ գնա­հա­տանք, Ա­նա­յի­սին պի­տի յանձ­նո­ւի նո­ւէր մը, ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թեան կող­մէ:
«Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի գօր­ծու­նէու­թեան մա­սին կրնաք ման­րա­մաս­նօ­րէն տե­ղե­կա­նալ մեր կայ­քէ­ջին մի­ջո­ցաւ (https://blogs.sch.gr/niparmkyan/contact/):

Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք

2024 — 2025 ու­սում­նա­կան  տա­րեշրջա­նը բո­լո­րե­լով մեր ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր՝ Տ.­ ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նին եւ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­Տէր ­­Նա­րեկ քա­հա­նա­յին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Հ.Հ.­ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ յար­գե­լի պա­րոն դես­պա­նին: ­­Վար­ժա­րա­նիս բա­րօ­րու­թեան հո­գա­տար­նե­րուն՝ ­յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ու­սում­նա­կան, տնտե­սա­կան ու կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, Հ.Կ.­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն «Ա­զատ Օր»-ին եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին, որ ի­րենց է­ջե­րը լայն բա­ցին մեր վար­ժա­րան­նե­րուն առ­ջեւ:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի վար­չու­թեանց:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան, որ ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր կող­քին էր ու ա­մէն ջանք թա­փեց մեր կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու: Այս տա­րի մեր դպրո­ցը օժ­տեց լսա­տե­սո­ղա­կան սար­քով մը եւ զո­վա­ցու­ցիչ սար­քով մը: ­­Նաեւ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն մեր ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն՝ յանձ­նո­ւած նո­ւէր­նե­րուն հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն այն բո­լոր ծնող­նե­րուն ու կրթա­սէր ազ­գա­յին­նե­րուն, ո­րոնք նուի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու կամ այլ տե­սա­կի օ­ժան­դա­կու­թիւն­նե­րու ճամ­բով թի­կունք կանգ­նե­ցան մեր դպրո­ցին, յատ­կա­պէս պա­րոն­ներ ­­­­Յով­հան­նէս ­­­Թեր­զեա­նին, ­­Կա­րօ ­­­Պար­տաք­ճեա­նին, ­­Կա­րօ ­­Ներ­սէ­սեա­նին եւ ­­Յա­րու­թիւն ­­Հա­ճեա­նին, ի­րենց մնա­յուն ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն տի­կին Ա­լիս ­­Ֆու­րուն­ճեա­նին, տի­կին ­­Յաս­միկ ­­Թագ­ւո­րեա­նին, տէր եւ տի­կին ­­Փօլ եւ Ա­ղաւ­նի ­­Ֆա­րա­ճեա­նին, ո­րոնք մեր դպրո­ցին նո­ւի­րե­ցին զո­վա­ցու­ցիչ սար­քեր:­ ­Նաեւ, պրն. ­­Վի­գէն ­­Մի­նա­սեա­նին, որ սի­րա­յօ­ժա­րօ­րէն ստանց­նեց ա­նոնց զե­տե­ղու­մը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն տի­կին ­­Լո­րի ­­Պա­րա­զեա­նին, որ նո­ւի­րեց տնօ­րէ­նու­թեան նոր գրա­սե­ղա­նը: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն պրն. ­­Կար­պիս ­­Խա­չե­րեա­նին, որ նո­ւի­րեց մեր բե­մին նոր պաս­տա­ռը, պրն. ­Յա­կոբ Եոր­ղա­նճեա­նին եւ տի­կին ­­Կիւ­լա ­­Գա­րա­պա­ճա­գեա­նին, որ կա­րեց բե­մի ցու­ցադ­րու­թեան վա­րա­գոյ­րը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն տի­կին ­­Մա­րօ ­­Քիւրք­ճեա­նին, որ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն նուի­րեց հայ­կա­կան գիր­քե­րը, որ կը դա­սա­ւան­դո­ւին բարձր դա­սա­րան­նե­րուն:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­­Հա­մազ­գա­յի­նի ­­Պա­րի միա­ւո­րին, որ մե­զի տրա­մադ­րեց Զ. դա­սա­րա­նի դա­տե­րա­կա­նի տա­րազ­նե­րը:
­­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ ձե­զի՝ սի­րե­լի ծնող­ներ, ձեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ձեր ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան հայ­կա­կան մեր այս վար­ժա­րա­նի կա­տա­րած ա­ռա­քե­լու­թեան՝ լա­ւա­գոյն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բել նո­րա­հաս հայ սե­րունդ­նե­րուն: ­­Ձեր զա­ւակ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը նաեւ ձեր նո­ւի­րու­մին վկա­յու­թիւնն է։
­Վարձ­քը կա­տար ու­սուց­չա­կան կազ­մին՝ ­մեր ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րուն՝ տի­կին­ներ ­­Մա­րիա ­­Տի­մա­քի եւ ­­Սո­նա ­­Գալս­տեան, նա­խակր­թա­րա­նի տի­կին­ներ Ա­լի­նա ­­Պար­տագ­ճեան, ­­Մա­նիա ­­Ճա­նա­պեան, Ան­նա ­­Սա­ֆա­րեան, ­­Նա­զիկ ­­Ճա­մու­զեան, ­­Նա­նա ­­Լու­լու­քող­լու, ­­Լի­նա ­­Մի­նի, Է­լե­նա ­­Փան­տա­քի, Խ­րիս­թի­նա ­­Տե­լի, ­­Փաւ­լի­նա ­­Քե­լա­յի­տի, ­­Զոի ­­Փա­փաեոան­նի­տու, ­­Նաֆ­սի­քա ­­Փա­փաի­լիա, Է­քա­թե­րի­նի Եա­լեր­նիու եւ պա­րոն Եան­նի ­­Ցի­կու­նի, որ  ճիգ թա­փե­ցին ու պատ­րաստ էին  յօ­ժա­րօ­րէն բո­լոր ստեղ­ծո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու: ­­Սի­րե­լի ու­սու­ցիչ­ներ, ձեր յա­րա­տեւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ նո­ւի­րեալ աշ­խա­տան­քը խո­րա­պէս գնա­հա­տո­ւած են։ ­­Ձեր ներդ­րու­մը ան­գին է։ ­­Դուք էք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, ո­րոնք ա­նոնց կ­՚ու­ղեկ­ցին դէ­պի յա­ջո­ղու­թիւն։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն վար­ժա­րա­նի անձ­նա­կազ­մին ՝­մեր սի­րե­լի տի­կին Ա­նիին, վա­րորդ­նե­րուն, պա­րոն­ներ՝ ­­Յո­վիկ, ­­Տի­միթ­րի, Եոր­ղօ, ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն` ­­Վեր­ժին, ­­Լու­սի, Եան­նա  եւ  բո­լոր ա­նոնց որ ի­րենց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ըն­ծա­յե­ցին մեր ճի­գե­րուն ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար:

Մր­ցա­նակ­ներ

Այս տա­րի կ­­՚ու­զենք ձե­զի տե­ղե­կաց­նել, թէ ու­նինք մէ­կէ ա­ւե­լի մրցա­նակ­ներ:
Ա­ռա­ջին՝ Զ. դա­սա­րա­նի հա­յե­րէ­նի դա­սե­րուն մէջ յա­տուկ ճիգ թա­փած ա­շա­կեր­տը ­­­Հայ ­­­Կա­պոյտ ­­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­վար­չու­թեան կող­մէ կը պար­գե­ւատ­րո­ւի ­­­Պա­տա­նե­կան ­միու­թեան ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մին մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կով: Այս մրցա­նա­կին կ­­՚ար­ժա­նա­նայ Հ­րաչ ­­Պետ­րոս:
Այս տա­րի ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պա­րոն Ար­սէն ­­Գալ­ֆա­յեան 200 եւ­րո­յով կը պար­գե­ւատ­րէ մեր վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն հա­յոց լե­զո­ւի գե­րա­զանց ա­շա­կեր­տը: Այս մրցա­նա­կին կ­՚ար­ժա­նա­նայ ­­Մա­րալ Ե­զե­կիէ­լեա­նը:
­­Նաեւ, պա­րոն ­­Ռու­բէն ­­Գալ­ֆա­յեան 200 եւ­րո­յով կը պար­գե­ւատ­րէ մեր վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն հա­յոց մշա­կոյ­թի գե­րա­զանց ա­շա­կեր­տը:
­­Շատ դժո­ւար ո­րո­շում էր ո­րով­հե­տեւ մեր հինգ ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը՝ ­­Մա­րալ Ե­զե­կիէ­լեան, ­­Նել­լի ­­Ֆա­րա­ճեան, Ա­նաս­թա­սիա ­­Գաէ, ­­Դա­նիէ­լա ­­Սի­մո­նեան եւ Է­վան­կէ­լի­նա ­­Մեր­ծա­սի­դու գե­րա­զանց, աշ­խա­տա­սէր եւ փայ­լուն յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են մշա­կոյ­թի վե­րա­բե­րող աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: Ուս­տի, բո­լո­րին հան­դէպ ար­դար ըլ­լա­լու նպա­տա­կով դի­մած ենք վի­ճա­կա­հա­նու­թեան: ­Վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան կազ­մի ներ­կա­յու­թեամբ եւ մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ ­­Դա­նիէ­լա ­­Սի­մո­նեա­ն:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն եւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն մեր բո­լոր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի­րենց ջան­քե­րուն, յա­ռաջ­դի­մու­թեան ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

Հ­րա­ժեշ­տի խօսք

Այ­սօր այս­տեղ կը գտնո­ւինք՝ նշե­լու պահ մը, որ միա­ժա­մա­նակ լի է հպար­տու­թեամբ, ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ եւ յու­զու­մով։ Շր­ջա­նա­ւար­տի այս օ­րը սոսկ ա­ւարտ չէ, այլ սկիզբ՝ նոր ճամ­բա­նե­րու, նոր հար­ցե­րու եւ նոր ե­րազ­նե­րու։
­­Տա­րի­ներ շա­րու­նակ, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ստա­ցան գի­տե­լիք­ներ եւ ար­ժէք­ներ, ո­րոնք պի­տի ծա­ռա­յեն ի­րենց ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին։ ­­Բայց, մեր դպրո­ցը ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը չէ միայն։ Ան վայր մըն է, ուր հիմ­նադրո­ւե­ցան ա­ռա­ջին բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րը, ձե­ւա­ւո­րո­ւե­ցաւ ինք­նու­թիւ­նը եւ ամ­րապնդուե­ցաւ հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը։
Դպ­րո­ցա­կան ծրա­գի­րը ուղ­ղո­ւած էր, ոչ միայն գի­տե­լիք­ներ փո­խան­ցե­լուն, այ­լեւ անձ­նա­յին ար­ժէք­նե­րու զար­գա­ցու­մին, ինչ­պէս ազ­նո­ւու­թիւն, համ­բե­րու­թիւն, հա­մե­րաշ­խու­թիւն, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն:
­­Մեր դպրո­ցին ա­մե­նա­խոր եւ ազ­նիւ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է՝ պահ­պա­նել եւ փո­խան­ցել հա­յե­րէն լե­զուն՝ յատ­կա­պէս ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը։
­­Սի­րե­լի ա­շա­կերտ­ներ, տա­րի­ներ ա­ռաջ, դուք ա­ռա­ջին ան­գամ ներս մտաք այս դպրոց՝ փոք­րիկ ձեռ­քե­րով, փայ­լուն աչ­քե­րով եւ ձեր ա­նուշ ձայ­նե­րով։ ­­Բախ­տը ու­նե­ցայ ման­կա­պար­տէզ ձեզ դի­մա­ւո­րե­լու եւ ձեր ա­ռա­ջին վկա­յա­կա­նը տա­լու: ­­Դուք սոր­վե­ցաք գրել ու կար­դալ մեր մայ­րե­նի լե­զո­ւով, սի­րել մեր հա­րուստ մշա­կոյ­թը, զգալ մեր պատ­մու­թեան հա­րա­զա­տու­թիւ­նը, շօ­շա­փե­լով մեր պատ­մու­թեան է­ջե­րը։ ­­­Լե­զուն կապն է մեր ան­ցեա­լի եւ ա­պա­գա­յի մի­ջեւ։
Այ­սօր, դուք ինք­նավս­տահ, ի­մաս­տա­լից հա­յեաց­քով ու հպարտ լե­զո­ւով ձեր երկ­րորդ վկա­յա­կա­նը կը ստա­նաք։
­­­Սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­ներ, այս օ­րը կը նշէ նոր սկիզբ մը։ ­­­Դի­մե­ցէ՛ք ա­պա­գա­յին հա­ւատ­քով, վստա­հու­թեամբ եւ նո­ւի­րու­մով։ ­­­Հա­ւա­տա­ցէ՛ք ձեր ու­ժե­րուն, բայց նաեւ եր­բեք մի՛ մոռ­նաք այն հիմ­քը՝ որ այս­տեղ ստա­ցաք։
Շ­նոր­հա­ւո­րու­թիւն կը յայտ­նեմ, մաղ­թե­լով լու­սա­ւոր ու­ղի, շա­րու­նա­կա­կան զար­գա­ցում եւ յա­ջո­ղու­թիւն ։
­­­Բա­րի երթ սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­ներ, միշտ պա­հե­ցէ՛ք ձե­զի հետ մեր սէ­րը եւ յի­շե­ցէ՛ք, որ հոս են ձեր ար­մատ­նե­րը։ ­­­Միշտ պա­հե­ցէ՛ք ձեր հայ հո­գին , հպար­տա­ցէ՛ք, որ հայ էք եւ միշտ հոս վե­րա­դար­ձէ՛ք։