Հ.Կ.Խ-ի «­­Լե­ւոն եւ ­­Սո­ֆիա ­­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցան ­­Հա­մա­հել­լե­նա­կան Գ­րու­թեան մրցոյ­թին՝ ար­ժա­նա­նա­լով պար­գե­ւատ­րու­մի եւ բարձր մա­կար­դա­կով ճա­նա­չու­մի բա­ցա­ռիկ բախ­տա­ւո­րու­թեան։
Ան­ցեալ տա­րո­ւայ Գ. դա­սա­րա­նի եւ այս տա­րո­ւայ Դ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, տի­կին ­­Լի­նա ­­Մի­նիի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան ՝ ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խմբա­յին նա­խա­գի­ծին հա­մար։ Ծ­րա­գի­րը ընդգր­կած էր գրա­կան աշ­խա­տանք­ներ՝ պատ­մո­ւածք­ներ եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ ­­Բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը նե­րա­ռո­ւած են ե­լեկտ­րո­նա­յին գիր­քի (e-book) մէջ, որ ար­դէն ստա­ցած է պաշ­տօ­նա­կան թո­ւագ­րում՝ ­­Յու­նաս­տա­նի ISBN կեդ­րո­նէն։
Այս ձեռք­բե­րու­մը մեծ պա­տիւ է մեր ա­շա­կերտ­նե­րու նո­ւա­ճում­նե­րուն հա­մար։ Այս մեծ ձեռք­բե­րու­մը ծնած է ա­շա­կերտ­նե­րուն ան­ցեալ տա­րո­ւան մաս­նակ­ցու­թե­նէն մրցոյ­թին, որ նո­ւի­րո­ւած էր հե­տե­ւեալ նիւ­թին՝ «Գ­րե­լով այն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք մեզ կը ներշն­չեն — գ­ծագ­րե­լով այն դէմ­քե­րը, ո­րոնք մեր սիր­տը կը դպչին»։
Մր­ցոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­­Թե­սա­լիոյ հա­մալ­սա­րա­նի եւ մաս­նա­ւո­րա­բար՝ ­­Լա­րի­սա­յի ­­Թո­քա­բու­ժա­կան բա­ժի­նին կող­մէ։ ­­Մաս­նակ­ցած էին ան­հատ­ներ եւ խում­բեր՝ տար­բեր տա­րի­քի դպրո­ցա­կան­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ եւ ստեղ­ծա­գործ ան­հատ­ներ ամ­բողջ ­­Յու­նաս­տա­նէն։
­­Բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք պար­գե­ւատ­րո­ւած են եւ ընդգր­կո­ւած են գիր­քին մէջ, պա­տո­ւո­ւե­ցան 12 ­­Հոկ­տեմ­բե­րին՝ ­­Վոլօ քա­ղա­քին մէջ ­­Հա­մա­հել­լե­նա­կան ­­Թո­քա­բու­ժա­կան հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին՝ ներ­կայ գի­տա­կան հան­րու­թեան առ­ջեւ։
­Մեր դպրո­ցի Դ. դա­սա­րա­նը, իբ­րեւ պաշ­տօ­նա­պէս հրա­ւի­րո­ւած պա­տո­ւոյ հիւր, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ այս կա­րե­ւոր հա­մա­գու­մա­րին։
­­Մեր՝ դաս­տիա­րակ­նե­րուն եւ դպրո­ցի ղե­կա­վա­րու­թեան հիմ­նա­կան նպա­տա­կը կը մնայ ստեղ­ծել այն­պի­սի ու­սում­նա­կան մի­ջա­վայր, ուր ա­շա­կերտ­նե­րը զօ­րա­նան հո­գե­բա­նա­կան դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեամբ, ստա­նան անհ­րա­ժեշտ գի­տե­լիք­ներ եւ մշա­կու­թա­յին զար­գա­ցում, նաեւ ու­նե­նան հնա­րա­ւո­րու­թիւն դրսե­ւո­րե­լու ի­րենց տա­ղանդ­նե­րը՝ որ­պէս­զի պատ­րաստ ըլ­լան դի­մագ­րա­ւե­լու ար­դի աշ­խար­հի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը:
Ա­մէն մէկ նոր յա­ջո­ղու­թիւն, ստեղ­ծա­գործ մաս­նակ­ցու­թիւն, այ­ցե­լու­թիւն կամ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւն մե­զի հա­մար կը հան­դի­սա­նայ հպար­տու­թեան ա­ռիթ՝ մեր ա­շա­կերտ­նե­րու յա­ռաջ­դի­մու­թեամբ ու նո­ւա­ճում­նե­րով։
Շ­նոր­հա­ւո­րանք­ներ մեր Դ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սուց­չու­հիին, ինչ­պէս նաեւ մեր բո­լոր ե­րե­խա­նե­րուն՝ ի­րենց զա­նա­զան ձեռք­բե­րում­նե­րուն հա­մար։

Հ.Կ.Խ-ի «­­Լե­ւոն եւ ­­Սո­ֆիա ­­Յա­կո­բեան»
ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւն