­Մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը (ձա­խէն աջ) Ոտ­քի՝ Ե­զե­կիէ­լեան Ա­րամ, ­Մար­տի­կեան Ալ­պեր, ­Խա­չե­րեան ­Կա­րէն, ­Կա­րի­նեան Ս­տե­փան, ­Նի­կո­լաու ­Զոի, ­Լու­լու­մա­րիս Ան­տո­նիոս, ­Գաէ ­Մար­թա, ­Ղա­զա­րեան ­Մար­թին, ­Զա­տի­կեան ­Լա­զա­րոս, ­Մի­խա­յէ­լի­տիս ­Գաբ­րիէլ Նս­տած՝ ­Պու­տու­րեան ­Մե­լի­նա, ­Թեր­զեան Ա­գա­պի, ­Դե­հե­րեան Ա­նի, ­Թու­թու­շեան ­Ծի­լա, ­Պար­ղու­տեան ­Վա­նա, ­Յա­կո­բեան Ա­նի, ­Կա­րա­պե­տեան ­Վարդ, ­Պաղ­տա­սա­րեան ­Ռի­թա, ­Տա­յեան ­Մա­րի ­Լո­ւիզ, Ա­ռա­քե­լեան Ալ­վի­նա ­Վա­լեն­թի­նա

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

2024-2025 տա­րեշր­ջա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցումն ու ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 11 Սեպ­տեմ­բեր 2024 -ին5 հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­Թե­մա­կալ a­ռաջ­նորդ՝ ­Տ. Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի: ­Ներ­կայ էին՝ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ ­Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան, Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու ծնող­ներ:

ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒ

Ա. դա­սա­րան 12,
Բ.՝ 18,
Գ.՝ 20:
Ընդ­հա­նուր թիւ՝ 50 ա­շա­կերտ:

ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄ

­Տա­րեշր­ջա­նի ա­ռա­ջին օ­րէն, ու­սուց­չա­կան կազ­մը ներ­կա­յա­ցաւ ծա­ռա­յե­լու մեր դպրո­ցէն ներս ու բաղ­կա­ցաւ հե­տե­ւեալ­նե­րէն (այբ­բե­նա­կան կար­գով). Եա­լեռ­նիու Է­քա­թե­րի­նի՝ տե­ղե­կա­գի­տու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Կե­քաս Է­ւան­կե­լոս՝ անգ­լե­րէն լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ, ­Սափ­րի­չեան Ար­շա­լոյս ՝ տնօ­րէ­նու­հի եւ ու­սուց­չու­հի հա­յոց լե­զո­ւի, գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան, Վ­լա­խո­փու­լու Անտ­րո­նի­քի՝ յու­նաց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Փա­փաի­լիա ­Նաւ­սի­քա՝ Ֆ­րան­սե­րէն լե­զո­ւի ու­սուց­չու­հի, ­Փա­փա­տա­քու ­Վա­սի­լի­քի՝ մարմ­նա­մար­զու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Փի­փե­րի­տու Է­լե­նի՝ ի­րա­գի­տու­թեան, տար­րա­լու­ծու­թեան, կեն­սա­բա­նու­թեան եւ աշ­խար­հագ­րու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Քիւֆ­թի ­Ռո­տու­լա՝ ու­սո­ղու­թեան ու­սուց­չու­հի, ­Քոլ­ցի­տա Ա­լեք­սանտ­րա՝ յու­նաց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի:
­Հոկ­տեմ­բե­րին, կազ­մին միա­ցաւ ե­րաժշտու­թեան ու­սուց­չու­հի ­Պու­ֆի­տու ­Ֆո­թի­նի, որ Ա­թէն­քի Կր­թու­թեան ­նա­խա­րա­րու­թեան Ա. տ­նօ­րէ­նու­թեան կող­մէ տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ մեր ­վար­ժա­րա­նի կա­րիք­նե­րը ամ­բող­ջաց­նե­լու նպա­տա­կով:
­Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ, լրիւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը հե­տե­ւե­ցաւ տասն­հինգ ժա­մո­ւան տե­ւո­ղու­թեամբ ներդպ­րո­ցա­կան վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թաց­քի:
­Մաս­նակ­ցե­ցանք բազ­մա­թիւ դա­սըն­թաց­նե­րու, թէ՛ խմբո­վին, թէ՛ ան­հա­տա­պէս:
Այս տա­րի եւս ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցանք հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու Ու­սում­նա­կան ­խոր­հուր­դին կող­մէ հրա­ւի­րո­ւած պատ­մա­բան եւ կրթա­կան մշակ տի­կին ­Գո­հար ­Գան­տա­հա­րեա­նին հետ:
­Մաս­նակ­ցե­ցանք Race for the cure քայ­լար­շա­ւին Հ.Կ.Խ.-ի խում­բին հետ:
Ու­սուց­չա­կան կազ­մի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տնօ­րէ­նու­թեան հետ ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին ե­ղաւ ջերմ ու ար­դիւ­նա­ւէտ:
Ու­սուց­չա­կան կազ­մի ժո­ղով­ներ գու­մա­րած ենք կեդ­րո­նա­նա­լով մեր ա­շա­կերտ­նե­րու կրթա­կան ըն­թաց­քին այ­լեւ ա­նոնց հո­գեմ­տա­ւոր աճ­ման: ­Նիս­տե­րու տո­մա­րին մէջ ան­ցու­ցած ենք 39 ա­տե­նագ­րա­յին ար­ձա­նագ­րու­թիւն:

2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Ն­կա­տի առ­նե­լով Կր­թու­թեան ­նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ թե­լադ­րո­ւած ներ­քին ար­ժե­ւոր­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ու­սուց­չա­կան կազմ եւ տնօ­րէ­նու­թիւն ճշդե­ցինք կրթա­կան թի­րախ­նե­րը: Այս տա­րի կեդ­րո­նա­ցանք մաս­նա­ւո­րա­բար հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րուն, բնա­պահ­պա­նու­թեան (ծո­վուն եւ նա­ւար­կու­թեան եւ մե­ղու­նե­րուն ու մե­ղո­ւա­բու­ծու­թեան), Եւ­րո­միու­թեան եւ ­Մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րուն, յանձ­նա­ռու քա­ղա­քա­ցիի տի­պա­րին եւ մեր պա­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու հո­գե­կան ամ­րապնդ­ման: Ու­սուց­չա­կան կազ­մը կազ­մեց խմբակ­ներ, ո­րոնք յանձն ա­ռին ի­րա­գոր­ծել յատ­կա­պէս մշա­կո­ւած ծրա­գիր­ներ, ինչ­պէս յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան կան­խար­գել­ման, Ա­թէն­քի նշա­նա­կա­լից շէն­քե­րու պատ­մու­թեան, դպրո­ցա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան կողմ­նո­րոշ­ման ծրա­գիր­ներ եւ բազ­մա­թիւ աշ­խա­տա­նոց­ներ: ­Մեր ծրա­գիր­նե­րը կը մի­տին միշտ մեր պա­տա­նի­նե­րուն տալ ար­դիա­կան մե­թոտ­նե­րով, բազ­մա­կող­մա­նի, բարձ­րո­րակ կրթու­թեան կող­քին, հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն եւ ներշն­չել մարդ­կա­յին բարձր ար­ժէք­ներ. հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն, նո­ւի­րո­ւա­ծու­թիւն, վեհ գա­ղա­փար­նե­րու հա­մար յա­րա­տեւ պայ­քար, բար­ձունք­նե­րու նո­ւա­ճում: Ուս­տի բո­լոր ըն­ձեռ­նո­ւած դաս­տիա­րակ­չա­կան մի­ջոց­նե­րը ի գործ դրինք, ջանք չխնա­յե­լով, որ­պէս­զի բարձր ո­րա­կի, ան­կախ ու­սուց­ման պայ­ման­ներ ստեղ­ծենք դպրո­ցէն ներս եւ դուրս:
Այս տա­րի եւս գոր­ծե­ցին յետ մի­ջօ­րեայ դաս­տիա­րակ­չա­կան խմբակ­նե­րը՝
Ա­ւան­դա­կան պա­րե­րու (Եր­կու­շաբ­թի օ­րե­րը, ժա­մը 14.30-16.00)
Երգ­չա­խումբ (­Հինգ­շաբ­թի օ­րե­րը, ժա­մը 14.30-16.00)
­Թա­տե­րա­խումբ (Ուր­բաթ օ­րե­րը, ժա­մը 18.30-20.00)
«­Մենք» ա­շա­կեր­տա­կան թեր­թի­կի խմբագ­րու­թեան (Ուր­բաթ օ­րե­րը, ժա­մը 18.30-20.00)
­Յոյն ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մար հա­յե­րէ­նի դա­սե­րու (­Չո­րեք­շաբ­թի օ­րե­րը, ժա­մը 14.30-16.00)
Բ­նա­պահ­պա­նա­կան ծրագ­րով մը դի­մած ենք մաս­նակ­ցե­լու Եւ­րո­պա­կան Է­րազ­միւս նա­խա­գի­ծին:
­Տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին մեր ա­շա­կեր­տու­թեան ու­սում­նա­կան վի­ճա­կը կ­‘ամ­փո­փո­ւի հե­տե­ւեալ կեր­պով.
­Վե­րաքն­նե­լի՝ 9, ­Լաւ՝ 18, ­Շատ ­Լաւ՝ 15, ­Գե­րա­զանց՝ 8 ա­շա­կերտ:
Ու­րա­խու­թեամբ կը հրա­ւի­րենք հե­տե­ւեալ գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նի յու­նաց Ազ­գա­յին տօ­նի՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 28-ի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, որ­պէս­զի ստա­նան Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւո­ւող վկա­յա­գիր­ներն ու մրցա­նակ­նե­րը.
Ա. ­Կար­գէն՝ ­Պար­ղու­տեան ­Մա­րի Ք­րիս­տին, Բ. ­Կար­գէն՝ ­Լու­լու­մա­րի Ա­նա­յիս եւ ­Ֆա­րա­ճեան ­Սո­նիա, Գ. ­Կար­գէն՝ Ե­զե­կիէ­լեան Ա­րամ, ­Լու­լու­մա­րիս Ան­տո­նիս, ­Մար­տի­կեան Ալ­պեր, ­Պար­ղու­տեան ­Վա­նա, եւ ­Խա­չե­րեան ­Կա­րէն
Ու­սուց­չա­կան կազ­մի ո­րո­շու­մով յա­տուկ ինք­նա­զար­գաց­ման գնա­հա­տա­կա­նի կ­‘ար­ժա­նա­նայ Բ. ­Կար­գէն՝ Ալ­պեր­թօ Իոան­նիս Ոս­կա­նեան:

ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, մեր ­վար­ժա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան Ու­սո­ղու­թեան Ըն­կե­րու­թեան «­Թա­լիս» եւ «­Պիւ­թա­կո­րաս» մրցոյթ­նե­րը, ո­րոնց մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ան­գամ մը եւս բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան: Ի մաս­նա­ւո­րի Ալ­պեր ­Մար­տի­կեան եւ ­Վա­նա ­Պար­ղու­տեան գե­րա­զանց ար­դիւնք ու­նե­ցան:
Հ. Կ. Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թեան կող­մէ ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­միու­թեան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կը, որ կը շնոր­հո­ւի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն հա­յա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­նե­րուն ա­մե­նաե­ռան­դուն ճի­գը թա­փող եւ լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նող ա­շա­կեր­տին: Այս տա­րի մրցա­նա­կին կ­‘ար­ժա­նա­նայ՝ Ա­րամ Ե­զե­կիէ­լեան:

ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ, ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ա­մէն տա­րո­ւան պէս, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ընտ­րեց իր դա­սա­րա­նա­յին եւ դպրո­ցա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ ա­նոնք ա­ւե­լի աշ­խուժ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն դպրո­ցի կեան­քէն ներս եւ գործ­նա­պէս կ­‘իւ­րաց­նեն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­նոն­նե­րը: Այս տա­րո­ւան դպրո­ցա­կան ա­շա­կեր­տա­կան վար­չու­թիւ­նը բա­ցա­ռիկ կեր­պով աշ­խա­տե­ցաւ ­Հա­յաս­տան մեր այ­ցե­լու­թեան նա­խա­հա­շի­ւին կա­րե­ւոր ներդ­րում մը ցու­ցա­բե­րե­լու նպա­տա­կով, ինչ որ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւե­ցաւ:
­Տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին կա­տա­րե­ցինք բազ­մա­թիւ կրթա-դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ եւ ի­րա­գոր­ծե­ցինք ապ­րու­մա­յին ծրա­գիր­ներ, ինչ­պէս ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ծննդա­վայր՝ Փ­նի­քա բլու­րը, Ատ­տի­կէի Աստ­ղա­դի­տա­րա­նը, ­Նա­ւա­տոր­մի թան­գա­րա­նը, քա­ղա­քին մէջ ա­պա­հով շրջա­գա­յու­թեան կեդ­րո­նը եւ այլ:
Ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ ա­շա­կերտ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­ռա­ւել բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով բազ­մա­թիւ մի­ջո­ցա­ռում­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցինք, ինչ­պէս կո­ղո­վագն­դա­կի, փե­թան­քի եւ վո­լէյ­պո­լի մրցա­շար­քեր, ստեղ­ծա­րար աշ­խա­տա­նոց­ներ:
­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ Ս. Ծ­նուն­դի ա­ռի­թով, այ­ցե­լե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տու­նը, ուր ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ազ­գա­յին եր­գե­րով ու պա­րե­րով:
Ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան տօ­նե­րը նշե­ցինք պատ­շաճ ու ստեղ­ծա­գործ կեր­պով: ­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ճոխ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին, ազ­գա­յին եւ ա­ւան­դա­կան եր­գե­րով ու պա­րե­րով, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով, գի­տե­լիք­նե­րու խա­ղե­րով եւ պատ­մա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցում­նե­րով:
­Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը մեր ­վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­քարն է: ­Յա­ճա­խա­կի ա­շա­կեր­տա­կան տօ­նախմ­բու­թիւն­ներ եւ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի, ա­ւան­դա­կան եր­գի ու պա­րի աշ­խա­տա­նոց­ներ, մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­շա­կեր­տու­թեան, ծնող­նե­րու եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին:
­«Հա­յե­րէն Պ­լոկ» կայ­քէ­ջի պա­տաս­խա­նա­տո­ւին՝ պա­րոն Իշ­խան ­Չիֆթ­ճեա­նին հետ առ­ցանց ­Հայ Գ­րա­կա­նու­թեան ստեղ­ծա­րար աշ­խա­տա­նո­ցին շնոր­հիւ, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը
«­Մենք» թեր­թի­կին մէջ լոյս տե­սան մեր ա­շա­կերտ­նե­րու թղթակ­ցու­թիւն­ներ, յօ­դո­ւած­ներ եւ գրա­կան հա­տո­ւած­ներ:
­Բա­րե­կեն­դա­նին խա­ղեր կազ­մա­կեր­պե­ցինք ու խա­ղա­ցինք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ: Ըստ ա­ւան­դու­թեան, ա­շա­կերտ­նե­րը այդ օր «դա­տե­ցին» ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րը:
­Մեր երգ­չա­խում­բը մաս­նակ­ցե­ցաւ Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց եւ ­Վար­դա­նանց տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց եր­գե­ցո­ղու­թեան:
­Զատ­կո­ւան եւ ­Վար­դա­նանց տօ­նե­րուն, ա­ռի­թը ստեղ­ծե­ցինք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն ­Տէր ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նին կող­մէ ­Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ բար­քե­րուն մա­սին տե­ղե­կա­նա­լու:
«­Ցիք­նո­փեմբ­թի»ն­ այս տա­րի եւս վե­րա­ծե­ցինք «­Հայ­կա­կան խո­րո­վա­ծի օր» ո­ւան, ա­ւան­դա­կան խո­րո­վա­ծով, երգ ու պա­րով:
­Մեր դպրո­ցին մէջ առ­ցանց հե­տե­ւե­ցանք Կր­թու­թեան ­նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան ծրագ­րին: Գ. ­Կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը նոյն ծրագ­րի ծի­րէն ներս:
­Մեր երգ­չա­խում­բը միա­նա­լով ­Զա­ւա­րեան եւ Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան ­վար­ժա­րան­նե­րու Ե. եւ Զ. ­Դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան, եր­գե­րով ե­լոյթ ու­նե­ցան ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի հա­րիւ­րա­մեա­կին նո­ւի­րուած հան­դի­սու­թեան:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն, բո­ղո­քի ցոյ­ցին եւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան կազ­մա­կեր­պած ծա­ռատն­կու­մին ներ­կայ ե­ղանք, վե­րա­հաս­տա­տե­լով մեր սրբա­զան ուխ­տը՝ պայ­քա­րե­լու մին­չեւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ: Այս տա­րի յա­տուկ պա­տի­ւը ու­նե­ցանք ­Կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­լու մեր երգ­չա­խում­բով ու նո­ւա­գա­խում­բով:
Այս տա­րի եւս Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Ա­թի­նա Պ­րո­մա­խոս» հո­գե­կան կա­խո­ւա­ծու­թիւն­նե­րու կան­խար­գել­ման կեդ­րո­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով, ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք յա­տուկ կրթա­կան ծրա­գիր, ո­րու նպա­տակն էր մեր ա­շա­կերտ­նե­րու մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: ­Խորհրդակ­ցե­լով վե­րոն­շեալ կեդ­րո­նի հո­գե­բան՝ տի­կին Վ­լու­թող­լո­ւին հետ, կար­գա­ւո­րե­ցինք տո­ւեալ ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը շա­բա­թա­կան եր­կու դա­սա­պա­հու դա­սա­րա­նա­յին հան­դի­պում­նե­րով ­Փետ­րո­ւար եւ ­Մարտ ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին:
Բ­նա­պահ­պա­նա­կան (մե­ղո­ւի եւ մե­ղո­ւա­բու­ծու­թեան), մշա­կու­թա­յին («­Մեր վտան­գո­ւած մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը») ծրա­գիր­նե­րու ծի­րէն ներս, կազ­մա­կեր­պե­ցինք եւ ի­րա­գոր­ծե­ցինք դաս­տիա­րակ­չա­կան եր­կօ­րեայ պտոյտ մը դէ­պի Ար­ղո­լիս նա­հան­գը, ո­րու ըն­թաց­քին մեր ա­շա­կերտ­նե­րը տե­ղե­կա­ցան բնու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թեան մէջ մե­ղու­նե­րու հիմ­նա­կան դե­րին մա­սին, յու­նա­կան հնա­գի­տա­կան վայ­րե­րու եւ ա­նոնց պահ­պան­ման ձե­ւե­րուն. ա­սոնց զու­գա­հեռ Ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րու մաս­նակ­ցած մեր ար­քա­նե­րուն եւ մաս­նա­ւո­րա­բար ա­խո­յեան՝ ­Վա­րազ­դատ թա­գա­ւո­րին մա­սին, ինչ­պէս նաեւ նո­րա­գոյն ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին մայ­րա­քա­ղա­քին՝ ­Նաւպ­լիո­յի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած մեր պա­պե­րու հաս­տատ­ման մա­սին:
­Նա­խակր­թա­րան­նե­րու ա­ւար­տա­կան­նե­րուն հա­մար ծա­նօ­թաց­ման օ­րեր էին Հ.Կ.Խ.-ի 100-ա­մեա­կին պատ­րաս­տու­թեան փոր­ձե­րու օ­րե­րը, ո­րոնց ըն­թաց­քին մեր զոյգ ­Նա­խակր­թա­րան­նե­րու Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, ծա­նօ­թա­ցան մեր շէն­քա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն եւ ա­ռի­թը ու­նե­ցան ալ ա­ւե­լի սեր­տաց­նե­լու ի­րենց բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րը:
­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք նաեւ Հ.Կ.Խ.-ի ­Զա­ւա­րեան նա­խակր­թա­րա­նի ա­ւար­տա­կան­նե­րու ծնող­նե­րուն հա­մար, ծա­նօ­թաց­ման, զե­կու­ցա­կան հան­դի­պում մը, գոր­ծակ­ցե­լով դպրո­ցի տ­նօ­րէ­նու­թեան հետ:
­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ջերմ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով, կազ­մա­կեր­պե­ցինք հա­ճե­լի պտոյտ­ներ դէ­պի մեր մօ­տիկ ­Նէա Զ­միռ­նիի հրա­պա­րա­կը եւ պու­րա­կը, «Թ­րի­ցիս» հան­րա­յին պար­տէ­զը:
­Մեր նա­խորդ տա­րո­ւան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար յա­տուկ ե­րե­կոյ մը կազ­մա­կեր­պե­ցինք:
Այս տա­րի եւս մեր ա­ւար­տա­կան­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պե­ցինք դպրո­ցա­կան եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան կողմ­նո­րոշ­ման դա­սըն­թաց աշ­խա­տա­նոց, զոր վա­րեց մաս­նա­գի­տա­ցած յատ­կա­պէս հրա­ւի­րուած հո­գե­բան մը:
Այս տա­րո­ւան մեր ա­շա­կերտ­նե­րու հա­ւա­քա­կան հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քը ներ­կա­յա­ցո­ւած է մեր դպրո­ցի կայ­քէ­ջին մէջ եւ յոյն ա­շա­կերտ­նե­րու: ­Հայ­կա­կան աշ­խա­տան­քին նիւթն էր՝ «­Մեր վ­տան­գուած մ­շա­կու­թա­յին ­ժա­ռան­գու­թիւ­նը»: Այս աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րէն ներս Գ. ­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը խմբո­վին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Դոկտ. Ար­մի­նէ ­Տիգ­րա­նեա­նի դա­սա­խօ­սու­թեան, զրու­ցե­ցին ի­րեն հետ եւ իր սի­րա­յօ­ժար կեր­պով տրա­մադ­րած աշ­խա­տու­թիւն­ներն ալ ու­սում­նա­սի­րե­լով ճո­խա­ցու­ցին ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը: Այս­պի­սով մեր ա­շա­կերտ­նե­րը դար­ձան իս­կա­պէս մեր հնա­մեայ մշա­կոյ­թի յանձ­նա­ռու դես­պան­ներ: ­Մեր սրա­հին մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցինք ­Խայ­տա­րիի 8-րդ ­Միջ­նա­կարգ ­Վար­ժա­րա­նի Գ. ­կար­գը: ­Մեր Գ. կարգի ա­շա­կերտ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը մեր պատ­մու­թեան ու հա­րուստ մշա­կոյ­թի մա­սին եւ ի­րենց յոյն տա­րե­կից­նե­րուն հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գեր ու պա­րեր սոր­վե­ցու­ցին: Եր­կու դպրոց­նե­րու մի­ջեւ ջերմ բա­րե­կա­մա­կան կա­պը ըն­թացք ու­նե­ցաւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րու այ­ցե­լու­թեամբ ի­րենց դպրո­ցը:
Այս տա­րի կազ­մա­կեր­պե­ցինք նաեւ մեր ծնող­նե­րուն հա­մար դա­սա­խօ­սա­կան շարք մը «­Պա­տա­նե­կու­թիւն՝ ճա­նա­պարհ դէ­պի ինք­նա­վա­րու­թիւն» խո­րագ­րով: ­Սոյն ծրագ­րին ի­րա­գործ­ման հա­մար հրա­ւի­րո­ւե­ցան ծնող­նե­րը յու­զող նիւ­թեր ներ­կա­յաց­նող մաս­նա­գէտ­ներ: ­Հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ամ­սա­կան դրու­թեամբ:
Քն­նու­թիւն­նե­րու վեր­ջին օ­րը, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, բո­լորս միա­սին զո­ւար­ճա­ցանք ­Վար­դա­վա­ռի ջրա­խա­ղով:

ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ

­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն հետ ան­մի­ջա­կան եւ սի­րա­լիր կա­պը ե­ղաւ թէ՛ մօ­տէն, թէ՛ էլ. նա­մա­կագ­րու­թեան եւ հե­ռա­ձայ­նի մի­ջո­ցաւ: ­Միշտ փոր­ձե­ցինք գոր­ծել հա­մա­խոր­հուրդ, ի խնդիր մեր պա­տա­նի­նե­րու լա­ւա­գոյն աճ­ման:
Սր­բա­զան ­Հօր եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան հետ մեր կա­պե­րը ե­ղան յար­գա­լից, իսկ Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­խոր­հուրդ­նե­րուն հետ՝ ան­մի­ջա­կան ու գործ­նա­կան:
­Սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն ­վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ:
­Վար­ժա­րա­նէն ներս հիւ­րըն­կա­լե­ցինք Ե­րե­ւա­նի ­Ման­կա­վար­ժա­կան ­հա­մալ­սա­րա­նի ­պատ­մու­թեան բա­ժի­նի վա­րիչ պա­րոն ­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեա­նը, Ե.Պ.Հ. հե­տա­զօ­տող­ներ, Հ.Օ.Մ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տի­կին ­Լի­զա ­Ժի­լի­պէր, ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ «­Փա­րոս» պար­բե­րա­թեր­թի խմբա­գիր՝ տի­կին ­Մա­րալ ­Ֆուքս:
­Սի­րա­լիր եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով սահ­մա­նո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք մեր ­վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան ­միու­թեան ­վար­չու­թեան հետ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն ­վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ մեր կա­պե­րը ե­ղած են սի­րա­լիր եւ շի­նիչ:
­Կա­նո­նա­ւոր կապ հաս­տա­տած ենք շրջա­նի Կր­թու­թեան տ­նօ­րէ­նու­թեան հետ, հա­մադ­րե­լով մեր կրթա­կան աշ­խա­տան­քը ըստ ա­նոնց թե­լադ­րանք­նե­րուն: ­Հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած ենք Տտնօ­րէ­նին եւ մեր ­վար­ժա­րա­նը հսկող բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, ամ­րապն­դե­լով ար­դէն իսկ գո­յա­ցած փո­խա­դարձ յար­գանքն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: Ս­տա­ցո­ւած ու ա­ռա­քո­ւած նա­մակ­ներ, հրա­ւէր­ներ, հաս­տա­տագ­րեր եւ այլ բնոյ­թի փաս­տա­թուղ­թեր պա­հած ենք է­լեկտ­րո­նա­յին ար­խի­ւով, ինչ­պէս թե­լադ­րո­ւած է:

ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Ծ­նո­ղա­կան ­միու­թեան ­վար­չու­թիւ­նը բաղ­կա­ցած է հե­տե­ւեալ ան­դամ­նե­րէն. Ա­նե­թա Ն­շա­նեան, ­Վե­րո­նիկ ­Գո­նեա­լեան, ­Թա­մար ­Յո­վա­կի­մեան, ­Սո­նա Գ­րի­գո­րեան:
­Վար­չու­թիւ­նը ա­մէն ջանք թա­փեց, որ­պէս­զի գո­հաց­նէ ­վար­ժա­րա­նի կա­րիք­նե­րը: ­Տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը կա­տա­րեց խմբա­յին ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար: ­Նոր ­Տա­րո­ւան ար­ձա­կուր­դէն ետք ա­ւան­դա­կան գա­թա­ներ ու նո­ւէր­ներ տրա­մադ­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն: Ե՛րբ որ կա­րի­քը զգա­ցո­ւե­ցաւ, նիւ­թա­պէս սա­տար կանգ­նե­ցաւ մե­զի:
­Մեր եւ Լ. եւ ­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան ­վար­ժա­րա­նի տ­նօ­րէ­նու­թեան եւ զոյգ Ծ­նո­ղա­կան ­միու­թեանց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, մեր գրա­դա­րա­նը ըն­դար­ձա­կե­ցաւ եւ վե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ: «­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեան գրա­դա­րան»-ի բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րո­ւի յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը:

ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՈՒՄ

­Մեր ­վար­ժա­րա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դէսն ու վկա­յա­կա­նաց բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 25 ­Յու­նիս 2024-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8.30-ին, մեր բա­կին մէջ:
­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան յու­նա­կան թա­տե­րա­խաղ, եր­գեր, պա­րեր ու բե­մա­կա­նա­ցո­ւած ա­ւան­դազ­րոյց­ներ ու ա­ւան­դու­թիւն­ներ:

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Այս տա­րի եւս մեր ­վար­ժա­րա­նը սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով մեր ծնող­նե­րուն, Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն հետ կա­րո­ղա­ցանք կազ­մա­կեր­պել եւ ի­րա­կա­նաց­նել եօթ­նօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի ­Մայր ­Հայ­րե­նիք՝ ­Հա­յաս­տան 29 ­Յու­նիսէն մին­չեւ 5 ­Յու­լիս 2024: Այս մէ­կը կա­րե­լի ե­ղաւ ի­րա­գոր­ծել շնոր­հիւ Տն­տե­սա­կան ­խոր­հուր­դի եւ Հ.Կ.Խ.-ի յատ­կա­ցում­նե­րուն, ան­հատ­նե­րու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու, ծնող­նե­րու ներդ­րու­մով եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րու աշ­խուժ գոր­ծու­նէու­թեան: Ա­նոնք ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին կազ­մա­կեր­պե­ցին կարգ մը ձեռ­նարկ­ներ (պա­րա­հա­ւա­քոյթ­ներ, ա­մա­նո­րեայ հա­մերգ, տօ­նա­վա­ճառ եւ այլն) ո­րոնց­մէ գո­յա­ցաւ կո­կիկ գու­մար մը:
Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ման­րա­մասն ծրա­գի­րը հե­տե­ւեալն էր.
Այ­ցե­լու­թիւն ­Մա­տե­նա­դա­րան եւ ա­ռա­ջին պտոյտ Ե­րե­ւա­նի մէջ: Այ­ցե­լու­թիւն ­Մայր Ա­թոռ ­Ս. Էջ­միա­ծին, մաս­նակ­ցու­թիւն Ս. ­պա­տա­րա­գին, ­Սար­դա­րա­պատ, ­Պատ­մու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րան, գի­շե­րա­յին պտոյտ Ե­րե­ւա­նի մէջ: Այ­ցե­լու­թիւն Ե­րե­ւա­նի գնաց­քի կա­յա­րան եւ ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի ար­ձան, ­Խոր ­Վի­րապ, ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի ար­ձան, ­Նո­րա­վանք, Ա­րե­նիի քա­րան­ձաւ, խաչ­քա­րա­շի­նու­թեան ար­հես­տա­նոց, գի­շե­րա­յին պտոյտ Ե­րե­ւա­նի մէջ: Այ­ցե­լու­թիւն ­Սե­ւա­նայ լիճ, ­Սե­ւա­նայ վանք, ­Դի­լի­ջան, ­Հա­ղար­ձին վանք, ­Պարզ լիճ, գի­շե­րա­յին պտոյտ Ե­րե­ւա­նի մէջ: Օր հին­գե­րորդ՝ մեր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցինք ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ան­մար բո­ցին դի­մաց ու այ­ցե­լե­ցինք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը: Ա­պա այ­ցե­լե­ցինք Օ­շա­կա­նի ­Սուրբ ­Մես­րոպ ե­կե­ղե­ցին, ուր խո­նար­հե­ցանք մեր այ­բու­բե­նը ստեղ­ծող հան­ճա­րի դամ­բա­նին առ­ջեւ, ուխ­տե­լով վառ պա­հել մեր լե­զուն: Այ­ցե­լե­ցինք նաեւ թան­գա­րանն ու այ­բու­բե­նի այ­գին: ­Յա­ջոր­դա­բար ուղ­ղո­ւե­ցանք դէ­պի ­Գիւմ­րի քա­ղա­քը, ուր այ­ցե­լե­ցինք ­Գիւմ­րիի մայր ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Սեւ ամ­րո­ցը: Այ­ցե­լու­թիւն Ե­րե­ւա­նի ­Մայր ­Հա­յաս­տան, Ար­ցա­խեան գո­յա­մար­տի թան­գա­րան, ­Չա­րեն­ցի ­Կա­մար, ­Գառ­նիի հե­թա­նո­սա­կան տա­ճար, ­Գե­ղար­դի վանք, «­Քա­րե­րի սիմ­ֆո­նիա»: Ե­րե­ւա­նի օ­փե­րա­յին մէջ դի­տե­ցինք Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի «­Դի­մա­կա­հան­դէս» պա­լէն: ­Վեր­ջին պտոյտ մը վար­դա­գոյն Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ, յար­գան­քի տուրք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր՝ Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նին, ­Վեր­նի­սաժ եւ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նի ար­ձան:
­Մեր չքնաղ ­հայ­րե­նի­քը մեր սրտե­րուն մէջ, վե­րա­դար­ձանք ­Յու­նաս­տան:

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ

­Պարտք կը զգանք ան­գամ մը եւս հրա­պա­րա­կաւ մեր շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը ուղ­ղել Սր­բա­զան ­Հօր, Հ.Կ.Խ.՝ մօր, Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­խոր­հուրդ­նե­րուն, մեր կող­քին կանգ­նած սի­րե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, ­Հա­մազ­գա­յի­նին եւ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թեան: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր սի­րե­լի ծնող­նե­րուն ա­նոնց ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր ծնո­ղա­կան ­Միու­թեան: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան եւ ­Զա­ւա­րեան նա­խակր­թա­րան­նե­րու տ­նօ­րէն­նե­րուն, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­դես­պա­նու­թեան, որ գե­ղե­ցիկ կապ մը ստեղ­ծած է մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն դա­սա­խօս տի­կին Ար­մի­նէ ­Տիգ­րա­նեա­նին, որ մե­զի օգ­նեց մեր այս տա­րո­ւան հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քով եւ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին մեր ­Վար­ժա­րա­նի հե­զա­սահ գոր­ծու­նէու­թեան՝ ­Յով­հան­նէս ­Թեր­զեան, ­Կիւ­լա ­Գա­րա­պա­ճա­քեան, ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան, ­Յա­կոբ Եօր­ղան­ճեան, ­Թա­րեք Ալ­մու­նա­ճետ, ­Գա­թե­րի­նա ­Փա­փա­տի­միդ­րա­քո­բու­լու, Անդ­րա­նիկ Ա­բի­կեան, Ս­տե­փան ­Դե­գե­րեան ըն­տա­նիք, Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեան, ­Սեր­գօ ­Մով­սէ­սեան, ­Միհ­րան ­Պար­ղու­տեան ըն­տա­նիք, Ն­շա­նու­հի ­Մա­սո­յեան, ­Կար­պիս ­Խա­չէ­րեան: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր դպրո­ցի մայ­րի­կին՝ տի­կին Ա­նի ­Քէօշ­կէ­րեա­նին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր վա­րորդ­նե­րուն եւ ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն՝ ­Վեր­ժին ­Տէ­տէ­յեան, Եան­նա ­Մէ­նէ­շեան, ­Լու­սի ­Սո­ւաք­ճեան, ­Յո­վիկ Ապ­րո­յեան եւ ­Տի­միթ­րիս ­Վամ­վա­քաս:
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք կ­‘ուղ­ղենք մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով կը ծա­ռա­յեն այս դպրո­ցէն ներս: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լո՛ր ա­նոնց, ո­րոնք հա­ւատ­քով սա­տա­րե­ցին մեր ­Վար­ժա­րա­նի յա­ջող գոր­ծու­նէու­թեան:

ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

­Սի­րե­լի՛ աղ­ջիկ­ներ եւ տղաք,
Ա­հա­ւա­սիկ ա­ւարտն է ձեր կեան­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րո­ւա­նին՝ ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­նե­րու ա­ռա­ջին ու կա­րե­ւո­րա­գոյն փու­լին՝ հ­դաս­տիա­րա­կու­թեան: ­Տասն­մէկ տա­րի դուք մեր ­վար­ժա­րան­նե­րէն ներս ըմ­բոշխ­նե­ցիք ա­նուշ բոյ­րը մեր ինք­նու­թեան, մեր մշա­կոյ­թին, մեր ոս­կեղ­նիկ լե­զո­ւին: Շն­չե­ցիք ու ա­րա­րե­ցիք հայ­կա­կան կտու­րի տակ, մայ­րե­նի տա­քուկ ծո­ցին մէջ:
­Մենք լաւ գի­տենք, ինչ­քան կը նո­ւի­րուիք վսեմ նպա­տակ­նե­րու: Ինչ­քան բոց կայ ձեր մէջ, եւ ինչ­քան ինք­նավս­տահ կը մեկ­նիք դուք այս յար­կէն, ստա­ցած ըլ­լա­լով գի­տա­կան, զգա­ցա­կան, մարդ­կա­յին եւ ազ­գա­յին ա­մէն տե­սա­կի անհ­րա­ժեշտ պա­շար, որ­պէս­զի նո­ւա­ճէք բարձ­րա­գոյն կա­տար­ներ:
­Դուք սա­տա­րե­ցիք մեր մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման, հե­տա­զօ­տե­լով եւ հան­րու­թեան ծա­նու­ցա­նե­լով ա­նոնց սպառ­նա­ցող վտանգ­նե­րը: ­Մեր հա­զա­րա­մեայ պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը ծա­նօ­թա­ցու­ցիք յոյն դպրո­ցա­կան­նե­րու եւ դար­ձաք մեր ազ­գին դես­պան­նե­րը:
Եւ թէեւ հրա­ժեշտ կ­‘առ­նէք մեզ­մէ, սա­կայն լաւ գի­տէք, որ այս յար­կը կը մնայ միշտ ձեր երկ­րորդ տու­նը, հայ­կա­կան ջերմ բոյ­նը, ուր դուք կրնաք մտնել միշտ իբ­րեւ հա­րա­զատ տան­տէր:
­Փոր­ձու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ պի­տի ըլ­լան ձեր առ­ջեւ: ­Մենք հա­մո­զո­ւած ենք, որ դուք պի­տի կա­րե­նաք յաղ­թա­հա­րել բո­լո՛­րը: Ո­րով­հե­տեւ դուք հի­մա գի­տէք, ո՛րն է ձեր հո­գիին պար­տէ­զը: Ա­մէն ան­գամ, որ կեան­քի ա­լե­կո­ծում­նե­րը ձեզ փոր­ձեն ընկ­ճել, դուք ա­պաս­տա­նե­ցէք այն­տեղ, հզօ­րա­ցէք ու կրկին մտէք կեան­քի աս­պա­րէզ, ա՛լ ա­ւե­լի ինք­նավս­տահ ու զօ­րեղ: Ու ձեր ան­հա­տա­կան հո­գիին կող­քին միշտ փայ­փա­յէք ու գուր­գու­րաք մեր հա­ւա­քա­կան պար­տէ­զը՝ մեր ա­կում­բը, մեր ­միու­թիւն­նե­րը, մեր ե­կե­ղե­ցին, ո­րով­հե­տեւ մեր Ազ­գի ­Կե­նաց ­Ծա­ռին տէ­րը դո՛ւք ալ էք սի­րուն­ներ:

Տ­նօ­րէ­նու­թիւն