Ամանորի գաթայի հաւաքոյթ Գոքինիոյ մէջ
Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ Ամանորեայ գաթայի հաւաքոյթ Երկուշաբթի, 12 Յունուարին երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս:
Օրուայ օրակարգ՝
«Հայախօսութիւնը՝ կամուրջ անցեալի ու ապագայի միջեւ»
կը ներկայացնէ ընկ. Քերոբ Էքիզեան
Մասնաճիւղի Ամանորեայ գաթան պիտի օրհնէ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Պարետ քհնյ. Խաչերեան։
Կը հրաւիրուի Շրջանային Վարչութիւնը, քոյր մասնաճիւղերը եւ բոլոր անդամուհիները:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
***
Ամանորի գաթայի հաւաքոյթ Ֆիքսի մէջ
Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ իր անդամուհիները ներկայ ըլլալու աւանդական գաթայի կտրումի հաւաքոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 14 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս:
Ամանորի գաթան պիտի օրհնէ
շրջանի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Կը հրաւիրուին քոյր մասնաճիւղերու եւ Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները միասնաբար տօնական եւ ընկերային հաճելի երեկոյ մը անցնելու:
Հաւաքոյթի ընթացքին տեղի պիտի ունենայ bingo խաղը:
Պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
***
Ամանորի գաթայի կտրում Ֆալիրոյի մասնաճիւղին կողմէ
Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղի գաթայի կտրումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 15 Յունուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, “The Whale” կեդրոնէն ներս (Մարինա Ֆլիսվու):
Կը հրաւիրուին Շրջանային վարչութիւնը, մասնաճիւղի անդամուհիները, քոյր մասնաճիւղերը եւ փափաքող ընկերուհիները:
Մասնակցութեան համար դիմել ընկերուհիներ՝
Մայտա Կիւրիւնլեանին 694 569 9989 եւ Եղիս Պէքէրէճեանին 694 457 1413:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ










