23
Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը Չորեքշաբթի, 14 Յունուար 2026-ին երեկոյեան ժամը 6-ին, կազմակերպեց ամանորի աւանդական գաթայի կտրումի հաւաքոյթը, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս:
Միութեան ընկերուհիները մեծ թիւով ներկայ եղան հաւաքոյթին եւ տօնական մթնոլորտի մէջ նոր տարուան բարեմաղթանքներ փոխանակեցին եւ ուրախ ու հաճելի ժամեր անցուցին:
Հաւաքոյթին բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհին ընկ. Ալմաստ Մելիքեան-Ճէնապեան եւ Նոր Տարուան մաղթանքները յայտնելէ ետք, զեկուցեց վարչութեան ներկայ գործունէութեան ու ապագայ ծրագիրներու մասին:
Յաջորդաբար, հրաւիրեց մասնաճիւղի երեց ընկերուհիներ Աղաւնի Գոնիալեան եւ Երջան Սոլաքեան, որ կտրեն գաթան: Ընկերուհիները Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծնունդին առիթով շատ տարիներու մաղթեցին բոլորին եւ յաջող գործունէութիւն մասնաճիւղի վարչութեան:
Ամանորի գաթան օրհնեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան։
Յաջորդեց հիւրասիրութիւն վարչութեան կողմէ եւ Bingo բախտախաղը։ Տօնական եւ ընկերային հաճելի երեկոն աւարտին հասաւ օրուան բախտաւոր ընկերուհիներուն նուէրներու յանձնումով:
Նաեւ Հ.Կ.Խ.ի Շրջ. Վարչութեան պատրաստած Նոր Տարուան խորհրդանշական նուէրը բաշխուեցաւ բոլոր ներկաներուն։
Հաւաքոյթը փակուեցաւ Հ.Կ.Խաչի քայլերգով:
Թղթակից










