Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­չա­կան ժո­ղով եւ Ա­մա­նո­րի գա­թա­յի կտրում Եր­կու­շաբ­թի՝ 26 ­Յու­նո­ւար 2026-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րուն մէջ։ Շրջ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ըն­կե­րու­հի ­Լի­զէթ ­Քի­րա­զեան բա­ցաւ ժո­ղո­վը, վար­չու­թեան մաղ­թանք­նե­րը յայտ­նեց եւ գա­թան կտրե­լու հա­մար հրա­ւի­րեց միու­թեան վաս­տա­կա­ւոր ըն­կե­րու­հի­նե­րէն ընկ. ­Հայ­կու­հի Եաղ­ճեա­նը։ Ան յու­զու­մով յի­շեց ան­ցեա­լի օ­րե­րը եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րով գա­թան կտրեց։
Օ­րո­ւայ բախ­տա­ւորն էր ըն­կե­րու­հի ­Զար­մի­նէ ­Քիւր­տօղ­լեա­նը։ Ան ու­րեմն ստա­ցաւ Շրջ. ­Վար­չու­թեան գե­ղե­ցիկ նո­ւէ­րը, որ սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րած էր վար­չու­թեան ընկ.հի ­Մէ­րի Խտ­րեան։
­Գա­թա­յի կտրու­մէն վերջ ընկ. ա­տե­նա­պե­տու­հին ձայն տո­ւաւ վար­չու­թիւն­նե­րու ա­տե­նա­պե­տու­հի­նե­րուն, ո­րոնք կար­գով զե­կու­ցե­ցին ի­րենց մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ձեռ­նարկ­նե­րուն մա­սին։
Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան քար­տու­ղա­րու­հի ընկ. ­Շո­ղիկ ­Պա­պօղ­լեան կար­դաց գոր­ծու­նէու­թեան ամ­փոփ տե­ղե­կա­գի­րը։ Ա­պա, ա­տե­նա­պե­տու­հին իր խօս­քին մէջ յայ­տա­րա­րեց ­Սի­րոյ ­Պա­զա­րի աշ­խա­տանք­նե­րու մեկ­նար­կը։
­Յա­ջոր­դա­բար ընկ. ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան ներ­կա­յա­ցուց «Ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րը մեր կեան­քին մէջ։ Ինչ­պէս ա­նոնք կ­՚ազ­դեն հան­րա­յին կար­ծի­քին վրայ եւ ինչ­պէս ար­դիւ­նա­ւո­րել քա­րոզ­չա­կան ի­մաս­տով Հ.Կ.­Խա­չի ներ­կա­յու­թիւ­նը ա­նոնց մէջ» նիւ­թը։
Ըն­կե­րու­հին նե­րա­ծա­կան մը կա­տա­րեց ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մա­սին եւ օ­րի­նակ­նե­րով ո­րոշ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է ա­ռա­ւել չա­փով օգ­տա­գոր­ծել դի­մա­տետ­րի է­ջե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ ­Նիւ­թին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցան լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ եւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում։
­Միջ­վար­չա­կան ժո­ղո­վը ա­ռիթ մը ե­ղաւ, որ միու­թե­նա­կան ըն­կե­րու­հի­ներ ան­գամ մը եւս քով քո­վի գան, վա­յե­լեն Շրջ. ­Վար­չու­թեան հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը եւ ակմ­բա­յին մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ զրու­ցեն միու­թիւ­նը վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու շուրջ։

Թղ­թա­կից

 

30