Համաձայն Յունաստանի կրթութեան եւ կրօնից նախարարութեան հրահանգին, Հինգշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2025-ին, երկրի նախակրթարաններն ու երկրորդական վարժարանները կատարեցին կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտը։
Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններուն մէջ եւս հնչեց առաջին զանգը, ուր միասնաբար համախմբուեցան գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչները, ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները, հետեւելու համար վերամուտի արարողութեան եւ կատարելու դպրոցական նոր շրջանի սկիզբը։
Աշակերտական ուրախ ձայները անգամ մը եւս լեցուցին դպրոցական շէնքերը, ուր դարձեալ պիտի հնչէ հայերէն լեզուն, հայ գիրն ու պատմութիւնը։ Յունահայ գաղութի մեկդարեայ կրթական կեանքը կը շարունակուի անխափան, շնորհիւ համայնքային գործօններու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գիտակից ներդրումին հայակրթութեան պահանջքոտ գործին։
Արարողութիւններու շարքը սկսաւ Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» եւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» վարժարաններու բացումով, նախագահութեամբ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի, իր կողքին ունենալով շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ անդամ Դանիէլ Աբիկեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ ընկ. Ալիս Յարութիւնեան, տեղական վարչութեան անդամներ, Համազգայինի ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեան, Ուսումնական խորհուրդի կողմէ Կոստան Եզեկիէլեան եւ բազմաթիւ ծնողներ։
Յաջորդաբար, Սրբազան հայրը նախագահեց Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանին արարողութեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի։ Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամ Յովհաննէս Մանկոյեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի անդամ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ ընկ. Նոյեմի Եզեկիէլեան, Կապոյտ Խաչի տեղական վարչութեան ներկայացուցիչներ, Ուսումնական խորհուրդի կողմէ ընկ. Լիզէթ Քիրազեան։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր խօսքերուն մէջ շեշտը դրաւ հայակրթութեան ազգային նկարագիրին, ընդգծելով հայ լեզուի ու գիտելիքներու փոխանցման կարեւորութիւնը հայ նոր սերունդին։ Իր կոչին մէջ մատնանշեց հայ ընտանիքներու կարեւոր ընդառաջումը հայեցի կրթութեան անհրաժեշտութեան, անսասան պահելու համար հայ կրթարանները եւ ազգային դիմագիծի ծաղկումը նորահաս սերունդին մէջ։ Ան իր խօսքը եզրափակելով, յատուկ կարեւորութիւն տուաւ հայ դպրոցի պահպահման գաղափարին, որպէս հաւաքական առաջնահերթութիւն։
Դպրոցներու տնօրէնները, իրենց կարգին, բարի գալստեան խօսք արտասանեցին, ապա կատարեցին անհրաժեշտ թելադրանքները դասապահերու եւ դպրոցական ընթացքին մասին։










