Հաւատարիմ մնալով տարեվերջի մեր աւանդութեան, մեր հայրենակիցներուն կը ներկայացնենք 2026-ի «Ազատ Օր»-ի պատի օրացոյցը, ճոխ ու գունազարդ իր էջերով:
Այս տարուան օրացոյցը կը ներկայացնէ պատմական եւ մշակութային արժէք ունեցող կոթողներ եւ տեսարաններ։
Հայկական տօնացոյցին կից՝ նոյնպէս տեղ տրուած է յունական եկեղեցական ու ազգային տօներուն եւ կարեւորագոյն թուականներուն:
Օրացոյցը նուէրի համար նաեւ գեղեցիկ գաղափար մըն է, որ վստահօրէն կը գնահատուի ձեր նուէրը ստացող հայ թէ յոյն բարեկամներէն:
Օրացոյցը կարելի է ստանալ «Ազատ Օր»-ի ցրուիչներէն, խմբագրատունէն, Ազգային Առաջնորդարանէն եւ շրջաններու ակումբներէն:
Գին՝ 20 եւրօ:










