Հ.Կ.Խ.-ի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի «­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան»
ման­կա­պար­տէ­զի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ պար­գե­ւատ­րու­մը Հա­մա­հել­լե­նա­կան
մրցոյ­թին

ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ*

­Հաշ­ման­դամ ան­ձե­րու ըն­կե­րա­յին նե­րա­ռու­թիւ­նը յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի հա­մե­րաշխ եւ պա­տաս­խա­նա­տու հա­սա­րա­կու­թեան մը հա­մար: ­Ցու­ցա­բե­րած հո­գա­ծու­թիւնն եւ ու­շադ­րու­թիւ­նը ա­մե­նազ­գա­յուն ան­դամ­նե­րուն նկատ­մամբ, կը դրսե­ւո­րէ մար­դա­սի­րու­թիւնն ու ըն­կե­րա­յին զգա­յու­նու­թիւ­նը, ո­րոնք կեն­սու­նակ ու ներ­դաշ­նակ մի­ջա­վայր մը կրնան ստեղ­ծել:
Կր­թու­թիւ­նը ա­ռա­ջին դաշտն է, ուր այս սկզբուն­քը կը դառ­նայ կեն­դա­նի ի­րա­կա­նու­թիւն։ Դպ­րո­ցը միայն ու­սուց­ման վայր չէ, այլ մեր ար­ժէք­նե­րուն հա­յե­լին է, ուր կը ներշն­չէ մարդ­կա­յին բարձր ար­ժէք­նե­րը եւ կը կեր­տո­ւի մար­դուն նկա­րա­գի­րը։
Ե­րե­խան իր ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն կը սոր­վի ըն­կե­րակ­ցիլ, լսել, ըն­դու­նիլ եւ յար­գել:
­Միա­ժա­մա­նակ, այս ըն­թաց­քին՝ կը դրո­ւին հա­մակ­րան­քի, ըն­կե­րա­սի­րու­թեան եւ հա­սա­րա­կա­կան պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան հիմ­քե­րը։
­Հաշ­ման­դա­մու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին օ­րը, որ կը նշո­ւի 3 ­Դեկ­տե­բե­րին, ոչ միայն տօ­նա­կան յի­շե­ցում է, այլ նաեւ ի­րա­կան ման­կա­վար­ժա­կան ա­ռիթ՝ մտա­ծե­լու, գի­տակ­ցե­լու եւ գոր­ծե­լու հա­մար։
Այս ար­ժէք­նե­րու եւ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան շրջա­նա­կին մէջ, Հ.Կ.Խ.-ի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի «­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զը մաս­նակ­ցե­ցաւ «Ինչ որ մեզի կը միացնէ…պուրակ կը տանի» խո­րա­գի­րով մրցոյ­թին, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Ք­սան­թիի յա­տուկ դպրո­ցին կող­մէ (Ε.Ε.Ε.ΕΚ. ΓΕΝΙΣΕΑΣ Ξάνθης)։­
Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը, ուր այ­լա­զա­նու­թիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան աղ­բիւ­րի եւ նե­րա­ռու­մը դար­ձաւ ա­ռօ­րեայ գործ, ա­պա­ցու­ցե­լով թէ կրթու­թիւ­նը ի­մաս­տա­լից է՝ երբ մար­դուն կը ծա­ռա­յէ։
Մր­ցոյ­թին հիմ­նա­կան նպա­տակն էր՝ վաղ տա­րի­քէն սկսեալ զար­գաց­նել ե­րե­խա­նե­րու զգա­յու­նու­թիւ­նը, հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը, նե­րա­ռու­թիւ­նը, այ­լա­զա­նու­թիւ­նը եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քը:
«­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­ղեկ­ցո­ւե­ցաւ երկ­լե­զու՝ յու­նա­րէն եւ հա­յե­րէն, կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու շար­քով, ո­րոնք ստեղ­ծե­ցին կեն­դա­նի եւ ստեղ­ծա­գործ ու­սում­նա­կան մի­ջա­վայր մը։ Ե­րե­խա­ներն ու ման­կա­վարժ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան ըն­թեր­ցում­նե­րու, քննար­կում­նե­րու, այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու՝ մօ­տե­նա­լով այս­պէս այ­լա­զա­նու­թեան գա­ղա­փա­րին թէ՛ ժա­մա­նա­կա­կից, թէ՛ ապ­րու­մա­յին ման­կա­վար­ժա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով։
­Մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն եւ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի բա­կին նա­խա­տի­պի ստեղ­ծու­մը ձե­ւա­ւո­րո­ւած՝ որ­պէս նե­րա­ռա­կան տա­րածք բո­լոր ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար։
Ու­րա­խու­թեամբ եւ հա­մակ­րան­քի բուռն զգա­ցում­նե­րով՝ ման­կա­կան ան­մեղ սրտե­րը ու ձեռ­քե­րը ստեղ­ծե­ցին մուտ­քի հար­թա­կը մը, ցած բարձ­րու­թեան բա­կի խա­ղեր, կո­ղո­վագն­դա­կի ան­կիւն մը, կա­տա­րե­լով բա­կի խա­ղե­րուն փո­փո­խու­թիւ­նը: Այս­պէս, մեր բա­կը հա­մա­պա­տաս­խան ե­ղաւ նաեւ օգ­նա­կան սայ­լիկ­նե­րու վրայ նստող ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար:
Այս «փոք­րիկ» աշ­խար­հին մէջ ե­րե­խա­նե­րը տե­ղադրե­ցին նաեւ ի­րենց կեր­պա­րանք­նե­րը (playmobil) եւ ստեղ­ծե­ցին սայ­լա­կով փոք­րիկ ըն­կե­րու­հի մը ՝ ներշն­չո­ւած «Ար­ծա­թը կը ժպտի» հե­քիա­թէն, կեր­պար տա­լով ի­րենց ե­րե­ւա­կա­յու­թեան եւ նե­րառ­ման գա­ղա­փա­րին:
­Դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գի­րը իր ա­ւար­տին հա­սաւ երկ­լե­զու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու յօ­րի­նու­մով, որ պարզ, բայց բո­վան­դա­կա­լից ձե­ւով փո­խան­ցո­ւե­ցան խա­ղի, ըն­կե­րու­թեան եւ նե­րառ­ման ար­ժէք­նե­րը: Ե­րե­խա­նե­րը յօ­րի­նե­ցին հե­տե­ւեալ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝
«­Մեր նոր բա­կին մէջ,
Ե­կէ՛ք խա­ղանք միա­սին։
­Ձեռք — ձեռ­քի տանք
ու միա­սին զո­ւար­ճա­նա­նանք։»
­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ առ­ցանց ներ­կա­յա­ցում, ո­րու ըն­թաց­քին
«­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զը ներ­կա­յա­ցուց բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը, կրթա­կան նիւ­թե­րը, շեշ­տե­լով նե­րառ­ման եւ ըն­դուն­ման գե­ղե­ցիկ պատ­գամ­նե­րը:
Մր­ցոյ­թին հա­մար պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ յա­տուկ տե­սա­նիւթ մը, որ կը հա­մադ­րէր ամ­բողջ ման­կա­վար­ժա­կան աշ­խա­տան­քը եւ կը ներ­կա­յաց­նէր ա­նոր կրթա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը։
­Հա­մախմ­բո­ւած ջան­քե­րուն եւ գոր­ծակ­ցա­կան ո­գիին ի նշան գնա­հա­տան­քի եւ ստեղ­ծա­րար աշ­խա­տան­քին, բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը եւ եր­կու ման­կա­վարժ­նե­րը՝ Ա­նի Ա­բի­կեան եւ Է­ֆի ­Քի­րիա­քի­տու, պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար, ամ­րապն­դե­լով այն հա­մո­զու­մը, որ կրթու­թիւ­նը իր իս­կա­կան ար­ժէ­քը կը ստա­նայ, երբ հիմ­նո­ւած է մար­դա­սի­րու­թեան, յար­գան­քի եւ նե­րառ­ման գա­ղա­փար­նե­րուն վրայ։
­Ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ, երբ մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը բազ­մա­թիւ փոր­ձու­թիւն­նե­րու կ­՚են­թար­կո­ւին, նման կրթա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կը յի­շեց­նեն թէ՝ կրթու­թեան նպա­տա­կը միայն գի­տե­լիք փո­խան­ցե­լը չէ, այլ մարդ կեր­տելն է։
Հ.Կ.Խ.-ի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի «­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի մա­նուկ­նե­րը ի­րենց պարզ ու ան­կեղծ ձե­ւով ա­պա­ցու­ցե­ցին, որ այ­լա­զա­նու­թիւ­նը խո­չըն­դոտ չէ, այլ հարս­տու­թիւն մը՝ սե­րունդ­ներ եւ հա­սա­րա­կու­թիւն միաց­նող ոս­կի օ­ղակ մը:
­Նի­քէա­յէն մին­չեւ Ք­սան­թի, յու­նա­րէ­նէն մին­չեւ հա­յե­րէն, նե­րառ­ման պատ­գա­մը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ման­կա­կան ձեռ­քե­րով ու ձայ­նե­րով եւ հնչեց մեր սրտե­րուն՝ անդ­րա­դառ­նա­լով թէ՝ «­Բո­լորս միա­սին կրնանք, երբ մէ­կը միւ­սին աշ­խար­հին մէջ տեղ կու տայ»:
Եւ թե­րեւս այս է ա­մէ­նէն ար­ժէ­քա­ւոր պար­գե­ւը…

* Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի
«­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի
վա­րիչ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի