Չորեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ դրօշի օրհնութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-րդ տարեդարձին առիթով։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան հայրենիքէն ժամանած Հ.Հ. Զինուած ուժերու հինգ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ ներկայ էին շրջանի միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Գոմոթինիի հաւատաւոր ժողովուրդը։
Ժամերգութեան աւարտին, համայնքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում եւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան բարի գալուստ մաղթեց երիտասարդներուն եւ իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայրենիքի Զինուած ուժերու առաքելութիւնը գերագոյն առաքելութիւնն է մեր երկրի պաշտպանութեան, ապահով եւ խաղաղ վիճակի մնալու համար մեր հայրենիքի սահմաններէն ներս։ Ապա, դպրաց դասերու միացեալ երգչախումբի անդամները ներկայացուցին ազգային եւ հայրենասիրական երգեր. նաեւ շրջանի պարախումբէն խումբ մը աղջիկներ ներկայացուցին հայկական եւ ազգային պարեր։