10 Յուլիսին, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին յիշատակեց Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ տօնը: Այս առիթով՝ Շաբաթ, 12 Յուլիս 2025-ի երեկոյեան, Ս. եւ անմահ Պատարագով ու մատաղօրհնութեամբ նշուեցաւ Գարէայի մատռան՝ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» Ս. Խորանի օծման ու անուանակոչութեան տարեդարձը, հանդիսապետութեամբ թեմիս Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Եմիշեանի: Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ վեր առաւ բնաբանը օրուան Աւետարանէն «Որովհոտեւ ուր որ է ձեր հարստութիւնը` հոն կ՚ըլլայ ձեր սիրտը»։ Իր խօսքին մէջ Սրբազանը հաստատեց այսօրուան աշխարհին մէջ մեր սրտերուն կապուածութիւնը տարբեր «հարստութիւններուն», ապա հրաւիրեց մտածել թարգմանչաց վարդապետներու մեզի փոխանցած հարստութեան մասին` Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքին։ Տօնելով Սահակ եւ Մեսրոպ թարգմանիչ վարդապետներու տօնը առիթ կ՚ունենանք վերաքննութեան ենթարկել մեր առաջնահերթութիւնները եւ տեսնել՝ ուր են մեր սիրտերը, նախընտրութիւնները, զոհողութիւնները։ Հայ ժողովուրդի սիրտը միշտ եղած է երեք ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ մէջ` Աստուած-եկեղեցի, ընտանիք եւ հայրենիք։ Սրբազանը նաեւ շեշտեց, թէ մեր կեանքի նախասիրութիւնները, հետաքրքրութիւնները ժամանակի ընթացքին կը փոխուին, սակայն արժէքները եւ ճշմարիտ հարստութիւնները մնայուն են։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ սրբազանը յիշեցուց, թէ Թարգմանիչ վարդապետները այսօր Աստուծոյ խօսքին հարստութիւնը կը փոխանցեն մեզի, այն խօսքը որ կը մխիթարէ, կը զօրացնէ, կը յուսադրէ եւ կը միացնէ մեզ։ Ս. Պատարագը մատուցանեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան, կողքին ունենալով բրշ. Լեւոն Սրկ. Ունանեան, որ սպասարկեց Ս. Սեղանին՝ երգեցողութեամբ եւ խնկարկութեամբ: Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամուհիներու կողմէ, խմբավարութեամբ բարեշնորհ Պետրոս սրկ. Պարսամեանի: Արարողութեան ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամ տիկ. Շողիկ Տատոյեան, Գարէա-Կեսարեանիի, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի եւ Գոքինիոյ Թաղային խորհուրդներու անդամներ, տեղւոյն Հ. Կ. Խաչի մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներ, «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամներ եւ շրջանիս մէջ բնակող համեստ թիւով հաւատացեալներ: Սուրբ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց մատաղը եւ նախագահեց հոգեհանգստեան պաշտօնին, շրջանիս հանգուցեալ քահանաներու, սարկաւագներու, դպիր-դպրուհիներու, Թաղային խորհուրդի ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին։ Յաջորդաբար, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, սրահի շրջափակին մէջ, ուր բաշխուեցաւ մատաղը զովացուցիչի ընկերակցութեամբ, որ գոհունակութիւն եւ հաճելի տրամադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ: Վերջացնելով՝ գնահատանքի խօսք կ՚արժէ բոլոր անոնց որոնք իրենց աշխատանքով կամ նիւթական ներդրումով սատարեցին մատաղի պատրաստութեան եւ այս տօնական երեկոյի յաջողութեան համար: Վարձքը կատար բոլորին:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ








