Իւ­րա­յա­տուկ աշ­խա­տան­քի մը ձեռ­նար­կեց ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ­Յա­րա­բե­րա­կան մար­մի­նը Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն նկատ­մամբ։ ­Մին­չեւ օրս, շատ խօ­սո­ւած է հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նի հո­գեմ­տա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին հայ ե­րե­խա­յի կազ­մա­ւոր­ման հա­մար։ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը, իր կազ­մու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն, շեշտն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը տե­սաւ հա­յե­ցի կրթու­թեան նպա­տա­կին մէջ, զայն հա­մա­րե­լով կեն­սա­կան ազ­դակ սե­րունդ­նե­րու վե­րապ­րու­մի եւ յա­րա­տեւ­ման ու­ղիին վրայ։
­Ներ­կայ դա­րուն, ժա­մա­նակ­նե­րու եւ մտայ­նու­թիւն­նե­րու ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեան հո­լո­վոյ­թին մէջ, ուր նաեւ մեր գա­ղու­թի դի­մա­գի­ծը եւս կը կրէ ազ­գա­յին ու ըն­կե­րա­յին այ­լա­փոխ­ման հե­տե­ւանք­նե­րը, հայ դպրո­ցի դե­րը կը դառ­նայ ա­ւե­լի հիմ­նա­կան ու ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին, ո­րուն մէջ ոչ միայն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը պէտք է վե­րագտ­նէ իր նոր ձե­ւա­չափն ու կշռոյ­թը, այ­լեւ կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րը պէտք է յար­մա­րին նո­րա­ձեւ ու ար­դի ըն­կա­լում­նե­րու տար­բեր ու ար­դիա­կան մի­ջա­վայ­րի մը, որ պի­տի սա­տա­րէ հայ վար­ժա­րա­նի գո­յա­տեւ­ման։
Այս նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, ճամ­բայ ա­ռաւ գա­ղու­թի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն եւ յա­րա­կից վար­չա­կան միա­ւոր­նե­րուն հետ երկ­խօ­սու­թեան մը աշ­խա­տան­քը, ո­րուն ա­ռա­ջին պտու­ղը ե­ղաւ հա­յակր­թու­թիւ­նը ստա­ցող­նե­րուն՝ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ շփու­մի ու զրոյ­ցի ա­ռի­թը։ ­Յա­ջոր­դա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով «Ա­զատ Օր»-ի է­ջե­րէն, պի­տի հրամ­ցո­ւին մեր դպրոց­նե­րուն մէջ գոր­ծող կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ հա­յակր­թու­թիւ­նը ի­րենց մէջ ապ­րում դարձ­նող ա­շա­կերտ­նե­րուն մտա­ծում­ներն ու խո­հե­րը։
Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յա­ցո­ւի տաս­նեակ է­ջե­րու վրայ ար­ձա­նագ­րո­ւած՝ մատ­ղաշ սե­րուն­դի հո­գե­կան աշ­խար­հի մտա­ծում­նե­րուն հա­մա­ռօտ ու ամ­փո­փո­ւած պատ­կե­րը, որ պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ ­Յա­րա­բե­րա­կան մար­մի­նի ան­դամ տ. Ա­րաք­սի ­Մի­քա­յէ­լեա­նին կող­մէ։
Ան եր­կար ժա­մեր տրա­մադ­րեց փոք­րիկ­նե­րուն հետ, լսե­լու հա­մար նոր սե­րուն­դին ձայ­նը ու սու­զո­ւե­լու ա­նոր նե­րաշ­խար­հէն ներս։
­Շատ բան ը­սո­ւե­ցաւ փոքր սե­րուն­դին կող­մէ։ ­Սա­կայն, կը մնայ մեր փոք­րիկ բա­լիկ­նե­րուն սէրն ու հա­ւատ­քը հայ դպրո­ցին ու հա­յոց մե­ծաս­քանչ լե­զո­ւին հան­դէպ։ Ի­րենց ա­նուշ շրթնե­րէն լսո­ւե­ցան հայ միտքն ու հո­գին ձե­ւա­ւո­րող՝ նոյ­նիսկ եր­բեմն անն­շան ե­րեւ­ցող ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն հայ դպրո­ցի մը ա­ռօ­րեան ու ա­նոր բա­րե­րար ազ­դե­ցու­թիւ­նը հա­յու ինք­նու­թեան ու ազ­գա­յին կազ­մա­ւոր­ման մէջ։
Կ­՚ար­ժէ լսել նո­րա­հաս սե­րուն­դի խօս­քը։ ­Հոն կը գտնո­ւի ճշմար­տու­թեան եւ ան­կեղ­ծու­թեան ձայ­նը։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ա­նոնք պի­տի դառ­նան մշտա­դա­լար հա­յե­ցի կրթու­թեան ա­պա­գայ դե­րա­կա­տար­նե­րը։

* * *

­Հայ­կա­կան դպրո­ցը պար­զա­պէս կա­ռոյց մը չէ, ուր մենք կը սոր­վինք, այլ ամ­բողջ աշ­խարհ մը՝ լի ե­րա­զանք­նե­րով եւ նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով: ­Մեր աչ­քե­րով դպրո­ցը այն վայրն է, ուր կը ձե­ւա­ւո­րո­ւին ո՛չ միայն գի­տե­լիք­նե­րը, այլ նաեւ մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րը, ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ վստա­հու­թիւ­նը:
Հ. Կ. ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ու «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին նա­խակր­թա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան Դ., Ե. եւ Զ. կար­գե­րը աշ­խու­ժու­թեամբ եւ ան­կեղ­ծօ­րէն պա­տաս­խա­նե­ցին մեր հար­ցում­նե­րուն՝ ար­տա­յայ­տե­լով ի­րենց գա­ղա­փար­նե­րը, նկա­րագ­րե­լով ի­րենց այժ­մեան եւ ա­պա­գա­յի դպրո­ցը, շեշ­տե­լով դրա­կան եւ բա­ցա­սա­կան կող­մե­րը, բայց միշտ ի­րենց ման­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեամբ յու­սա­լով լա­ւա­գոյն եւ ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի կրթա­կան հա­մա­լիր­նե­րու մա­սին:
­Հար­ցում­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը կը վկա­յեն, որ ա­շա­կերտ­նե­րու 95 տո­կո­սը մեծ սի­րով դպրոց կը յա­ճա­խեն: Դպ­րո­ցը ի­րենց երկ­րորդ տունն է, այն ա­պա­հով եւ վստա­հե­լի մի­ջա­վայ­րը, ուր կ­՚իշ­խէ ըն­կե­րա­կան եւ հա­մե­րաշխ մթնո­լորտ, կը դա­սա­ւան­դո­ւին հե­տաքրք­րա­կան դա­սեր, կը ստեղ­ծո­ւին ի­րենց կար­ծի­քը ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տե­լու ա­ռիթ­ներ: Ա­շա­կեր­տու­թեան փա­փաքն է աշ­խոյժ դպրո­ցա­կան կեան­քը՝ լե­ցուն խմբա­յին եւ մտա­յին խա­ղե­րով, ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ մար­զա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով, պտոյտ­նե­րով եւ ըն­կե­րա­յին գի­շե­րում­նե­րով:
Ե­րե­ւա­կա­յե­ցին հսկայ կրթա­կան հա­մա­լիր­ներ. մեծ եւ լու­սա­ւոր գրա­դա­րան­նե­րով, շարք մը մար­զա­կան դաշ­տե­րով, լո­ղա­ւա­զան, ճա­շա­րան, հան­գիս­տի, քնա­նա­լու, խա­ղե­րու, թատ­րո­նի եւ նկար­չու­թեան սրահ­նե­րով:
Զ­բօ­սանք­նե­րուն հա­մար ալ փա­փա­քե­ցան լայ­նա­տա­րած, ծա­ռա­շատ բակ մը նստա­րան­նե­րով ո­ղո­ղո­ւած, մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տե­ցին «ըն­կե­րու­թեան» նստա­րա­նը, որն ալ ա­ռիթ պի­տի տայ բա­րե­կամ­նե­րուն ի­րենց կա­պե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­լու: ­Հիա­ցու­մով պատ­մե­ցին մար­զան­քի ու­սուց­չու­հիին հետ ստեղ­ծած խա­ղե­րը եւ գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ մար­զան­քի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:
­Յու­զիչ է ե­րե­խա­նե­րու կար­ծի­քը հայ­կա­կան դպրո­ցի եւ հա­յե­րէ­նի մա­սին: ­Կա­րե­ւո­րե­ցին հայ­կա­կան դպրո­ցի դե­րը հա­յա­պահ­պան­ման մէջ, կա­պը ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յե­րու հետ, հա­յե­րէն լե­զո­ւի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ի­րենց ինք­նա­զար­գաց­ման, ինք­նա­հաս­տատ­ման, ինչ­պէս նաեւ հայ ազ­գի շա­րու­նա­կու­թեան մէջ:
­Շեշ­տե­ցին, որ հա­յե­րէ­նը ո՛չ միայն լե­զու մըն է, որ պի­տի սոր­վին պատ­մու­թիւ­նը ա­ւե­լի լաւ հասկ­նա­լու, հա­յա­խօս ե­րե­խա­նե­րու եւ ան­ձանց հետ շփման մէջ մտնե­լու, ի­րենց միտ­քը մար­զե­լու եւ զա­նա­զան միւ­թե­նա­կան խմբակ­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծե­լու հա­մար՝ այլ նշե­ցին, որ յա­ճախ հա­յե­րէն գիտ­նա­լը ա­ռիթ կու տայ ի­րենց գաղտ­նիք­նե­րը ա­զա­տօ­րէն օ­տար­նե­րու քով ար­տա­յայ­տե­լուն:
Ե­րե­խա­նե­րը մեծ ճկու­նու­թեամբ կամրջե­ցին ըն­տա­նի­քը, հայ­րե­նի­քը, հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը եւ մայ­րե­նի լե­զուն հայ­կա­կան դպրո­ցին մէջ: Ի­րենց դպրո­ցա­կան կեան­քէն նշե­ցին շարք մը նշա­նա­կա­լից եւ ան­փո­փոխ ա­ւան­դու­թիւն­ներ, ինչ­պէս՝ ա­ռա­ւօ­տեան ա­ղօթ­քը, դպրո­ցով ե­կե­ղե­ցի եր­թա­լը, բո­լոր հայ­կա­կան տօ­նե­րը՝ ­Թար­ման­չաց տօն, ­Վար­դա­նանց, ­Բա­րե­կեն­դան, ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած ազ­գա­յին տա­րե­դարձ­ներ տօ­նե­լը, դպրոց­նե­րուն վեր­ջին օ­րը պաղ­պա­ղակ ու­տե­լը, պտոյտ­նե­րը, հան­դէս­նե­րը, բա­րե­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը, ա­նու­շե­ղէ­նի օ­րը:
­Հե­տաքրք­րա­կան է, որ հայ ու­սու­ցի­չը ե­րե­խա­նե­րու աչ­քե­րով կա­րե­ւոր դեր կը խա­ղայ՝ իր հո­գա­տար եւ պա­տաս­խա­նա­տու վե­րա­բեր­մուն­քով, ո՛չ միայն տա­ռա­ճա­նա­չում, կար­դալ ու գրել, պատ­մու­թիւն եւ մշա­կոյթ կը սոր­վեց­նէ, այլ նոր պա­տու­հան կը բա­նայ լե­զուն ապ­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, կը մարմ­նաց­նէ այն ան­ձը, որ կ­՚ուղ­ղեկ­ցի նոր սե­րուն­դին՝ իր կնի­քը ձգե­լով իւ­րա­քան­չիւր ե­րե­խա­յի «հայ­կա­կան ինք­նա­հաս­տատ­ման» վրայ: