Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին, հայ ժողովուրդը տարին կը բոլորէ կանգնած ըլլալով պատմականօրէն վճռորոշ հանգրուանի մը առջեւ։ Ճակատագրական խաչմերուկ մըն է, ուր այլեւս սխալ ընտրանքները կրնան վերածուիլ նոր ու անդառնալի ձախորդութիւններու, իսկ քաղաքական կարճատեսութիւնը՝ ազգային գոյութեան հիմերու փլուզման պատճառի։ Հակառակ իշխանաւոր խաւի յաճախակի սին հաւաստիացումներուն եւ արհեստական լաւատեսութեան համատարած քարոզչութեան, իրականութիւնը անհերքելիօրէն կը մատնանշէ Հայաստանի քաղաքական, անվտանգային եւ ընկերային նահանջը՝ տարածաշրջանային մեծապետական խաղերուն մէջ անզօր ու երկրորդական դերակատարութեամբ։
Այսօրուան Հայաստանը՝ արտաքին ճնշումներու եւ ներքին քայքայման խաչաձեւ ազդեցութեան տակ, ստիպուած է յաճախ պատշաճիլ այլ ուժերու ճշդած կանոններուն։ Պետական ինքնիշխանութեան հասկացութիւնը օր ըստ օրէ կը նօսրանայ, երբ արտաքին պահանջները կը պարտադրուին որպէս «խաղաղութեան» անխուսափելի գին, իսկ զիջումները կը ներկայացուին իբրեւ «իրատեսական քաղաքականութիւն»։
Արցախի կորուստէն, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու ապօրինի գրաւումէն, ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան բռնի դատերէն ետք, Ատրպէյճանի առաւել ուռճացող վտանգաւոր պահանջներուն դիմաց յաջորդական ընկրկումները անվտանգային եւ բարոյահոգեբանական ծանր հարուած կը հասցնեն հայ հասարակութեան, խաթարելով ազգային արժանապատուութեան զգացումը։
Ներքին կեանքին մէջ եւս իրավիճակը աւելի քան մտահոգիչ է։ Քաղաքական հասունութեան բարձր մակարդակ նուաճելու փոխարէն, Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը դրսեւորէ հակառակ ընթացք մը։ Իշխանաւորներու հետզհետէ կարծրատիպ ու մենատիրական քաղաքականութիւնը կը սահմանափակէ ժողովրդավարական դաշտը, կը ճնշէ այլակարծութիւնը եւ կը խորացնէ հասարակական բեւեռացումը։ Ընդդիմադիր ձայներու հալածանքը, քաղաքական հետապնդումներու ու ընտրովի արդարադատութեան կիրարկումը կը վկայեն իշխանութեան դիրքերը ամրապնդելու մոլուցքային ջանքերուն մասին, նոյնիսկ ազգային միասնականութեան գինով։
Առաւել մտահոգիչ են հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ որդեգրուած անզիջող ու պառակտիչ քայլերը։
Հայ Առաքելական եկեղեցին դարեր շարունակ եղած է ազգային ինքնութեան հիմնասիւներէն մէկը եւ անոր դէմ ուղղուած քաղաքական միջամտութիւնները կը վտանգեն եկեղեցական ինքնավարութիւնը, բայց նաեւ ազգային համերաշխութիւնը։ Վերջին ութ տարիներուն, բացայայտ դարձած է իշխանութեան անկարողութիւնը, որ տեւաբար կը ձախողի համախմբել ազգային բոլոր ուժերը՝ համընդհանուր սպառնալիքներուն դէմ։
Ներկայ պայմաններուն տակ, 2026-ի ընթացքին Հայաստան պիտի ուղղուի դէպի խորհրդարանական ընտրութիւններ՝ ծայր աստիճան անհաշտ քաղաքական մթնոլորտի մէջ։ Մէկ կողմէն՝ ականատես կը դառնանք իշխանաւոր խումբի մենատիրական կեցուածքին ու վարչական լծակներու գերիշխող օգտագործման, իսկ միւս կողմէն՝ ընդդիմութեան մասնատման ու միասնական յայտարարի մը շուրջ համախմբուելու անկարողութեան։ Ներկայ իրավիճակը խոր ճգնաժամի արտայայտութիւն է, ուր քաղաքական ապառողջ հակամարտութիւնը հայութեան մէջ կը ստեղծէ հասարակական անվստահութիւն եւ յուսահատութիւն։
Անդին, Սփիւռքը եւս կը դիմագրաւէ իր ինքնութեան լուրջ ճգնաժամը։ Վերջին տարիներուն ան կը գտնուի շուար եւ ուղեկորոյս վիճակի մէջ՝ կորսնցուցած ըլլալով իր ազգային դիմագիծը, ռազմավարական ուղեցոյցը եւ ինքնապահպանման յստակ տեսլականը։ Հայրենիքի մէջ ստեղծուած անորոշութիւնը, քաղաքական խառնաշփոթը եւ ազգային գաղափարաբանութեան թուլացումը անխուսափելիօրէն կը փոխանցուին Սփիւռքին, որ փոխանակ ըլլալու հաւասարակշռող եւ ուղղորդող ուժ, հետզհետէ աւելի կը սուզուի հետեւորդ ու արձագանգող մնալու յորձանուտին մէջ ։
Սփիւռքի կառոյցներու մեծ մասը այսօր կը տառապի հնացած ու ինքնամփոփ մտածողութենէ, ներքին մրցակցութիւններէ եւ համահայկական օրակարգի բացակայութենէ։
Ազգային պահանջատիրութեան, լեզուամշակութային ինքնապահպանման եւ քաղաքական ազդեցութեան ռազմավարութիւնները կը մնան յայտարարական մակարդակի վրայ, առանց նոր իրողութիւններու վերարժեւորումին։
Այս բոլորի լոյսին տակ, բովանդակ հայութեան իրավիճակը կը պահանջէ խորքային վերլուծութիւն, անկեղծ ինքնաքննադատութիւն եւ վերաթարմացած մտածողութիւն։
Առանց ազգային միասնականութեան, քաղաքական հասունութեան եւ արժեհամակարգային վերակառուցման, Հայաստանը եւ Սփիւռքը պիտի շարունակեն մնալ «առանց երգի նահանջին մէջ»։
Ճակատագրական խաչմերուկը տակաւին կը պահէ վերանորոգման հնարաւորութիւնը, բայց ժամանակը անողոք է։ Պարտադրուած արհեստածին լաւատեսութեան փոխարէն, ազգային գոյութիւնը կը պահանջէ համարձակ ճշմարտութիւն եւ պատասխանատու գործելակերպ։
Նոր տարուան շեմին, մեր ժողովուրդին առջեւ պարտադրուած յորետես պատկերին դիմաց, հայութիւնը այլեւս իրաւունք չունի մնալու պառակտուած, շուարած ու անորոշ։
Պահը կը պարտադրէ միասնական ազգային զօրաշարժ՝ որ հիմնուած պիտի չըլլայ անցեալի զգացական ըմբռնումներուն, այլ ապագան կերտելու եւ հայութիւնը միաւորելու համահայկական տեսլականին վրայ։ Հայահաւաքի հրաւէրը ուղղուած պէտք է ըլլայ ամբողջ հայութեան՝ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, քաղաքական բոլոր առողջ ուժերուն, մտաւորականութեան, երիտասարդութեան եւ ազգային կառոյցներուն՝ վերանորոգուած մտածողութեամբ ու պատասխանատու դերակատարութեամբ միասնանալու նախաձեռնութեան ոգիով։
Հայութեան իրավիճակը հրամայական փոփոխութեան կարիքը ունի, աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններու խոր ըմբռնումներուն եւ սեփական օրակարգը ձեւաւորելու վճռակամութեամբ։ Հայաստանն ու հայութիւնը պարտին հետապնդել իրենց արժանապատիւ ու հզօր դերը ստեղծելու ուղին՝ իբրեւ ինքնուրոյն գործօն, թօթափելով օտար ծրագիրներու կամակատարի պարտադրուած պատմուճանը։
Նոր տարին թող դառնայ ազգային սթափումի սկիզբ, ուր համախմբուած կամքը պիտի վերածուի ապրումի, եւ հաւատքը՝ իրական փոփոխութեան։
«Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին,
ոտքի կանգներ Հայաստան»
Շնորհաւոր Ամանոր, հայու լուսապայծառ տեսիլքին սպասումով։










