Յունահայութիւնը խիտ շարքերով յարգեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու անմառ յիշատակը
Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի նշումը համախմբեց բովանդակ յունահայութիւնը՝ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Քսանթիի եւ Քալամաթայի մէջ, ուր ամէն տարուան նման եւ Հայոց ցեղասպանութեան յարգանքի պաշտօնական նշումը պետական օրէնսդրութեան մաս կազմելու հանգամանքին համաձայն, տեղի ունեցան ոգեկոչական քաղաքական ելոյթներ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ շրջաններու մարզպետարաններուն համակազմակերպութեամբ, ոգեկոչական ելոյթները միախմբեցին մեծ թիւով հայրենակիցներ, այլեւ յատկանշական եղաւ յոյն պետական, քաղաքական, զինուորական, դիւանագիտական եւ ակադեմական անձնաւորութիւններու ներկայութիւնը, որոնք հանդէս եկան զօրակցական խօսքերով եւ դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հայաթափման ոճիրները, որպէս կրկնում նոյն ցեղասպանի՝ անպատժելի մնացած անմարդկային վարքագիծին։
Քաղաքական տպաւորիչ ելոյթ Աթէնքի մէջ
Կիրակի, 27 Ապրիլ 2025-ին առաւօտուն, Աթէնքի «Աքրոփոլ» ընդարձակ սրահը ողողուեցաւ ամէն տարիքի հայրենակիցներով, որոնք իրենց յարգանքի խոնարհումը կատարեցին հայոց դէմ մեծագոյն ոճիրի անհամար զոհերու յիշատակին։
Սրահի մուտքին, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատու ընկերները դիմաւորեցին պաշտօնական հիւրերն ու ժողովուրդը, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խումբը պատուի կ՚առնէր ժամանող անձնաւորութիւնները։
Յունաստանի վարչապետը եւ կառավարութիւնը ներկայացուց արտաքին գործոց փոխնախարար Եաննիս Լովերտոս, Յունաստանի խորհրդարանի անունով ներկայ եղաւ երեսփոխան եւ նախկին նախարար Թանոս Փլեւրիս, Ատիկէի մարզպետի ներկայացուցիչ Խրիսթինա Քեֆալոյանի, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչ վարդապետը, Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ կրօնաւորը։
Անոնց կողքին էին խորհրդարանի բազմաթիւ երեսփոխաններ, Ատիկէի փոխմարզպետեր, Փիրէայի, Նէա Զմիռնիի եւ Թեսաղոնիկէի Ամպելոքիփի-Մենեմենիի քաղաքապետերը, Յունաստանի զինեալ ուժերու եւ ոստիկանութեան հրամանատարական կազմի սպաներ, դեսպաններ եւ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, համալսարանական դասախօսներ, Կարմիր Խաչի, համահելլէնական կազմակերպութիւններու անդամներ, համապոնտական եւ ասորական միութիւններու նախագահները, հասարակական միութիւններու անդամներ, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական եւ մարզպետական բազմաթիւ խորհրդականներ։
Հայկական կողմէն ելոյթը պատուեցին Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, Յունաստանի հայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, հոգեւոր դասը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ անդամները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.ԸՄ.-ի Շրջանային եւ տեղական վարչական միաւորները, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամները, վարժարաններու ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը եւ հարիւրաւոր հայրենակիցներ։
Հելլէն եւ հայկական ոգերգներու հնչումէն ետք, մեծադիր պաստառին վրայ ցուցադրուեցաւ օրուան խորհուրդին հետ առնչուող տեսանիւթ մը, որ մանրամասն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը, հասնելով մինչեւ Արցախի վրայ շղթայազերծուած 44-օրեայ պատերազմը ու անոր ողբերգական հետեւանքները։
Տեսանիւթի պատրաստութիւնը եւ ներկայացումը ձեռնհասօրէն կատարեց Ալիս Ֆուրունճեան։
Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յարգող յոտնկայս լռութեան պահէն ետք, օրուան նախագահ ընկ. Յովհաննէս Ղազարեան հանդէս եկաւ համապարփակ խօսքով մը, որուն մէջ պարզեց թուրք պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագիրը եւ անոր հետեւած մշակութային ցեղասպանութիւնը։
Խօսողը անդրադարձ կատարեց Արցախի պատերազմին ու անոր հայաթափման մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարածքներու ապօրինի բռնագրաւման Ատրպէյճանի կողմէ։ Ընկերոջ խօսքը կու տանք ամբողջութեամբ։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Եաննիս Լովերտոս, որ պաշտօնական խօսքէն անդին, յուզումով անդրադարձաւ իր հասակ նետած թաղամասին մէջ հայ գաղթական սերունդի զաւակներու հետ շփման մասին, յարգանքի իր խօսքը տալով Արեւելքի ցեղասպանուած ժողովուրդներու կրած չարչարանքներուն համար։ Մասնաւորելով իր ուղերձը Հայոց ցեղասպանութեան վրայ, նշեց անոր անպատժելի մնալու իրողութիւնը եւ մաղթեց, որ տարածաշրջանէն ներս հաստատուի խաղաղութիւն եւ համակեցութիւն։
Հայ ժողովուրդի արդար դատին ու Ցեղասպանութեան հանդէպ յարգանքի արտայայտութիւններով ելոյթ ունեցան Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ Թանոս Փլեւրիս եւ Ատիկէի փոխմարզպետ Խրիսթինա Քեֆալոյանի։
Յունաստանի մէջ Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան իր ուղերձին մէջ անդրադարձ կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական ծալքերուն, ժխտողականութեան դէմ պայքարին եւ յատուկ մատնանշում ըրաւ Յունաստանի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ դրուատեց Յունաստանի հետ բարեկամական խոր կապերու առկայութիւնն ու զարգացումը, որպէս բախտակից ժողովուրդ։
Կուռ եւ համարձակ ուղերձով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ ընկ. Սերճիօ Մանկոյեան, որ դատապարտեց Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Արցախի հայաթափումը, ընդգծելով, որ հայ երիտասարդութեան պարտքը կը մնայ պայքարիլ անարդարութեան դէմ մինչեւ վերջնական հատուցում։
Գեղարուեստական յայտագիրը հայ մշակութային գանձարանի նրբաճաշակ ներկայացում մը եղաւ։ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած, օփերայի տաղանդաւոր երգչուհի Սիլվա Պետրոսեան եւ յունահայ հանրայայտ դաշնակահարուհի Քրիստին Թոքաթլեան քաղցրաձայն երանգներու ալիքներով հրամցուցին «Հաւուն-հաւուն», «Ասում են ուռին», «Ես սարէն կու գայի» եւ «Կռունկ» անզուգական երգերը, որոնց մեղեդիները լեցուցին ամբողջ սրահը եւ խլեցին շարունակական ծափահարութիւններ։
Ելոյթի յայտագիրին մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւեց յոյն հանրածանօթ լրագրող Խրիսթոս Վասիլոփուլոսի ներկայացումը, որ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր յունական հեռատեսիլէն կը հրամցնէ «Պատմութեան մեքենան» փաստավաւերագրական շարքը եւ կը վայելէ մեծ ժողովրդականութիւն։
Յարգելի լրագրողը խօսեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին հետ գործակցութեան մասին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած վաւերագրական տեսանիւթի մը պատրաստութեան առնչութեամբ, որու պաշտօնական ներկայացումը պիտի կատարուի 5 Մայիսին, «Քոսմոթէ» կայանի ալիքներէն։ Լրագրողը խօսեցաւ իր ուղեւորութեան մասին դէպի Հայաստան, ապա տեսանիւթի յատկանշական բաժիններու կարճ սփռումով տուաւ համապատկերը մօտ մէկ ժամ տեւող փաստագրական աշխատանքին։ Ջերմ ծափահարութիւններով, ներկայ ժողովուրդի գոհունակութիւնը ակնյայտ էր եւ գնահատանքի նշան մը եղաւ յունական հեռատեսիլէն աննախընթաց տեսանիւթի պատրաստութեան համար։
Օրուան յայտագիրը իր գագաթնակէտին հասաւ Հ.Կ.Խաչի ազգային «Ճէնազեան» միջնակարգի եւ «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի խառն երգչախումբի ու նուագախումբի ելոյթով։ Որքա՜ն յուզիչ ու միաժամանակ խրախուսիչ էր պատանիներու երեւումը, որոնք անթերի եւ համարձակ կատարումով ներկայացուցին հայկական ժողովրդային երգեր։ Աշակերտուհի Ծիլա Թութուշեանի մեներգը խանդավառութեամբ լեցուց ներկայ հասարակութիւնը, որուն երկար ծափողջոյնը գօտեպնդիչ արտայայտութիւն մը եղաւ մեր երիտասարդ կատարողներուն համար։
Հանդիսավարի հրաւէրին հետեւելով, պաշտօնական հիւրերը եւ ժողովուրդը մաս կազմեցին ժողովրդային տպաւորիչ քայլերթին դէպի Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանը։ Աթէնքի քաղաքապետական փողերախումբի հնչիւններուն կը հետեւէին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական երկար շարքերը, առաջնորդութեամբ Յունաստանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշներուն, իսկ մէջընդմէջ սկաուտական նուագախումբը եւս նուագեց քայլերթի եղանակներ։ Անոնց կը հետեւէր պաշտօնական հիւրերու եւ ժողովուրդի բազմամարդ թափորը, իսկ Հ.Յ.Դ. Երիտ. եւ Պատանեկան միութեան անդամները պարզած էին մեծադիր պաստառներ ու դրօշակներ։
Ժողովրդային երթը հասաւ Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ, ուր կը սպասէին Յունաստանի Զինեալ ուժերու խառն ջոկատ մը իր պաշտօնական համազգեստով, առաւել օդային ուժերու մեծ փողերախումբը։ Անծանօթ Զինուորի յուշադամբանին շուրջ բոլորուած էին մեծ թիւով օտարներ, որոնք յարգանքով հետեւեցան ելոյթին։
Յաջորդաբար, դափնեպսակ զետեղեցին Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահի, վարչապետի եւ կառավարութեան, խորհրդարանի, զինեալ ուժերու, մարզպետութեան, կուսակցութիւններու, Հ.Հ. դեսպանի, պոնտական եւ ասորական միութիւններու, Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները, իսկ դափնեպսակներու եզրափակիչ զետեղումը հայ գաղութի անունով կատարեց ընկ. Լեւոն Չերչեան։
Յուզումի անխառն մթնոլորտի մէջ հնչեցին Հայաստանի եւ Յունաստանի ոգերգները, մինչ զինուորներն ու սկաուտները պատուի կանգնեցան։ Յուզական պահը, իր խորհրդանշական ու յարգալիր զգացումներով, համակեց բոլորին հոգիները եւ յատկանշեց յարգանքի խոնարհումը մեր միլիոն ու կէս նահատակներու յիշատակին։
Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի եւ Ատիկէի մարզպետարանին կողմէ ելոյթներու շարքը հասաւ իր աւարտին, վերանորոգելով հայ ժողովուրդի ուխտը Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի պահանջատիրութեան հանգրուանին։