Յունաստանի մէջ տեղի ունեցող ռազմական արդինաբերութեան եւ բարձր արհեստագիտութեան միջազգային ցուցադրութեան (DEFEA2025) առիթով, Աթէնք այցելեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան։ Իր աշխատանքային այցելութեան առիթով, հայ նախարարը Երեքշաբթի, 6 Մայիսին հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի իր պաշտօնակից Նիքոս Տենտիասի հետ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հ.Հ. դեսպան Տիգրան Մկրտչեան:
Երկու պաշտօնատարներու հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս Հայաստան-Յունաստան գործակցութեան հետ առնչուող հարցեր: Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին փոխգործակցութեան ներկայ բարձր մակարդակի առնչութեամբ` ընդգծելով ռազմական կրթութեան, տարբեր ուղղութիւններով փորձառութեան փոխանակման եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը աւելի զարգացնելու պատրաստակամութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան հետ առնչուող հարցերուն:
Նշենք, որ Աթէնքի ցուցահանդէսին կը մասնակցին հայկական ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններ որոնք կը ցուցադրեն բարձր արհեստագիտութեան սարքեր եւ արժանացած են այցելուներու ուշադրութեան:










