­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար ­Ժան­նա Անդ­րէա­սեան, Ե­րեք­շաբ­թի, 22 ­Յու­լիս 2025-ին, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նա­կից ­Լի­նա ­Մեն­տո­նիի հետ։ Ա­թէն­քի պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն ետք ստո­րագ­րո­ւե­ցան մշա­կոյ­թի ո­լոր­տի յու­շագ­րեր։
Եր­կու կող­մե­րը ընդգ­ծե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, որ­պէս ա­ռիթ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու եւ ընդ­լայ­նե­լու հա­մար՝ յատ­կա­պէս մշա­կոյ­թի ո­լոր­տէն ներս:
Քն­նար­կո­ւած են մշա­կոյ­թի ծի­րին մէջ փո­խա­նակ­ման ծրա­գիր­նե­րու, միջ­թան­գա­րա­նա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան, եր­կու եր­կիր­նե­րէն ներս մշա­կոյ­թի օ­րե­րու կազ­մա­կերպ­ման, միա­ցեալ ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու եւ ֆիլ­մի ար­տադ­րու­թեան նա­խա­գի­ծե­րու, մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման հետ վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր:
Երկ­կող­մա­նի խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դեց մշա­կոյ­թի մա­սին գոր­ծակ­ցու­թեան հետ առն­չո­ւող փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագ­րու­մը: ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս` ստո­րագ­րո­ւած են մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու ա­պօ­րի­նի շրջա­նա­ռու­թեան կան­խար­գիլ­ման մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գիր, ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին ֆիլ­հար­մո­նիկ նուա­գա­խում­բի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հին մի­ջեւ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր, ­Հա­յաս­տա­նի շար­ժան­կա­րի հիմ­նադ­րա­մի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­մա­պա­տաս­խան կեդ­րո­նի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր:
­Յա­ջոր­դեց պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք, ա­պա եր­կու նա­խա­րար­նե­րը միաս­նա­բար ներ­կայ ե­ղան ­Հա­յաս­տա­նի «­Տա­ղա­րան» հա­մոյ­թի տպա­ւո­րիչ հա­մեր­գին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի ե­րաժշ­տա­նո­ցի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տին, յոյն պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու եւ ե­րաժշ­տա­սէր հան­րու­թեան։ ­Գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար եւ մաէսթ­րօ ­Սեդ­րակ Եր­կա­նեա­նի ճպո­տին տակ, հա­մոյ­թը յա­ջո­ղա­պէս ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ու դա­սա­կան եր­գեր, հմա­յե­լով հան­դի­սա­տես­նե­րը։
Ա­թէնք այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, նա­խա­րար ­Ժան­նա Անդ­րէա­սեան եւ իր շքա­խում­բը այ­ցե­լե­ցին ­Պե­նա­քի թան­գա­րա­նը, ուր ծա­նօ­թա­ցան հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի նմուշ­նե­րու բա­ժի­նը։ ­Նաեւ, ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին Աք­րո­փո­լի­սի եւ Ա­թէն­քի հնա­գի­տա­կան թան­գա­րա­նը, «­Քա­փո­տիսթ­րիա­քօ» հա­մալ­սա­րա­նը եւ այլ կա­րե­ւոր մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ։

­Հան­դի­պում ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան
նա­խա­րա­րին հետ

Իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս, ­Ժան­նա Անդ­րէա­սեան նաեւ տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րար ­Սո­ֆիա ­Զա­խա­րա­քիի հետ։ ­Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թեան եւ ու­սուց­ման գոր­ծակ­ցութեան վե­րա­բե­րող հար­ցեր։ ­Կա­րե­ւո­րո­ւած է նաեւ գոր­ծըն­կե­րա­յին կա­պե­րու զար­գա­ցու­մը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան «Է­րազ­մուս+» ծրա­գի­րի, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ ու­սա­նող­նե­րու եւ դա­սա­խօս­նե­րու փո­խա­նակ­ման ծրա­գիր­նե­րու եւ միա­ցեալ այլ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մով։ ­Հան­դի­պու­մին խօ­սակ­ցու­թեան նիւթ ե­ղած են բարձ­րա­գոյն մաս­նա­գի­տա­կան ուս­ման եւ փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման ծրա­գիր­ներ։