Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան դես­պան ­Վա­սի­լիս ­Մա­րա­կոս հա­մա­պար­փակ եւ ընդգր­կուն ներ­կա­յա­ցում մը կա­տա­րեց յու­նա­հայ հա­սա­րա­կու­թեան եւ անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տան-Ե.Մ. յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ու գոր­ծակ­ցու­թեան բազ­մաո­լորտ ի­րա­կա­նու­թեան։
­Չո­րեք­շաբ­թի, 4 ­Յու­նիս 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րու եւ ժո­ղո­վուր­դի գնա­հա­տե­լի ներ­կա­յու­թեան, դես­պա­նը ման­րա­մասն խօ­սե­ցաւ այն բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։
­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հօր կող­քին, ներ­կայ էին հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­պա­տո­ւե­լին, ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի, Հ.Կ.­Խա­չի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հը։ ­Ներ­կայ էր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան ­Մի­խա­լիս ­Լի­վա­նոս։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեան, որ բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք տո­ւաւ հիւ­րին հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կա­նը, ծան­րա­նա­լով ա­նոր հա­յաս­տա­նեան ա­ռա­քե­լու­թեան վրայ։
Օ­րո­ւան խօ­սո­ղի ներ­կա­յա­ցու­մը ընդգրկեց ­Հա­յաս­տան-Ե.Մ. բազ­մա­տե­սակ գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւոր բա­ժին­նե­րը, իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար տա­լով տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան ըն­թաց­քը։
­Դես­պա­նը նախ նշեց, թէ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ըն­կա­լու­մը Եւ­րո­պա­կան միու­թեան հան­դէպ դրա­կան կը հա­մա­րո­ւի։ Ան յա­տուկ նշում ը­րաւ ճամ­բոր­դա­կան վի­զա­յի ա­զա­տա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած երկ­խօ­սու­թեան մա­սին, ո­րուն հա­մա­ձայն, ա­պա­գա­յին հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար կար­ճա­ժամ­կէտ ճամ­բոր­դել Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եր­կիր­նե­րը եւ ստեղ­ծել շփման ա­ւե­լի լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։
­Յա­տուկ նշում ը­րաւ 2017-ին ստո­րագրո­ւած երկ­կող­մա­նի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին մա­սին, ո­րուն հի­ման վրայ այ­սօր կ­՚ըն­թա­նայ ու կը զար­գա­նայ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ ­Սոյն հա­մա­ձայ­նա­գի­րը կա­րե­ւոր նպաստ կը բե­րէ կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան բա­րե­կար­գում­նե­րուն, հար­կա­յին դրու­թեան բա­րե­լաւ­ման, ինչ­պէս նաեւ դա­տա­կան հա­մա­կար­գի վե­րա­փոխ­ման առն­չու­թեամբ, մի­ջազ­գա­յին եւ եւ­րո­պա­կան ար­դա­րա­դա­տու­թեան սկզբունք­նե­րուն հա­մա­ձայն։
­Դես­պա­նը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ խօ­սե­ցաւ ­Սիւ­նի­քի մէջ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան ստանձ­նած ծա­ւա­լուն նեդ­րում­նե­րուն մա­սին։ Ան ը­սաւ, թէ մին­չեւ այ­սօր տո­ւեալ շրջա­նէն ներս յատ­կա­ցուած է մօտ 700 մի­լիոն եւ­րօ՝ բազ­մա­տե­սակ են­թա­կա­ռոյց­նե­րու ստեղծ­ման հա­մար, ո­րոնց մէջ կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւեն ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կեդ­րոն­նե­րը եւ ման­կա­պար­տէզ­նե­րը։ ­Նաեւ ան ընդգ­ծեց, թէ ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին ընդ­հա­նուր նեդ­րում­նե­րու գու­մա­րը կը գե­րա­զան­ցէ 2,5 մի­լիառ եւ­րո­յի յատ­կա­ցու­մը։
Բ­նա­կա­նա­բար, անվ­տան­գու­թեան խնդիր­նե­րը դար­ձան նաեւ խօ­սո­ղի կի­զա­կէ­տը։ Ան յայտ­նեց, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րուն կը գոր­ծեն եւ­րո­պա­ցի դի­տորդ­նե­րու խում­բե­րը, ո­րոնք կա­տա­րած են ա­ւե­լի քան 5000 ստու­գում­ներ, ի­րենց կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը բե­րե­լով սահ­մա­նա­յին ա­պա­հով ի­րա­վի­ճա­կի կա­յաց­ման։ Ըստ դես­պա­նին, հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դին մէջ ստեղ­ծո­ւած է ա­պա­հո­վու­թեան զգա­ցում մը, որ կը սա­տա­րէ ա­նոր խա­ղաղ կեան­քի երաշխաւորման։
­Յա­տուկ նշում ե­ղաւ յատ­կա­պէս 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք ան­հետ կոր­սո­ւած­նե­րու ո­րոն­ման աշ­խա­տան­քին մա­սին, յայտ­նե­լով, թէ ինք եւս շփման մէջ ե­ղած է ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն հետ, ներ­կա­յաց­նե­լով Ե.Մ. ջան­քե­րը այս ուղ­ղու­թեամբ։ ­Նաեւ, անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ա­պա­հո­վու­թեան ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնց մէջ նաեւ եւ­րո­պա­կան ա­ռան­ձին եր­կիր­ներ հա­մա­ձայ­նագ­րեր գո­յա­ցու­ցած են ­Հա­յաս­տա­նի հետ եւ կը սա­տա­րեն երկ­րի ա­պա­հո­վու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին։
Իր խօս­քի վեր­ջին բա­ժի­նին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Ար­ցա­խի հա­յա­թափ­ման ող­բեր­գու­թեան, տա­լով Եւ­րո­պա­կան միու­թեան օգ­նու­թեան ծա­ւա­լը ար­ցախ­ցի ըն­տա­նիք­նե­րուն։ Ան յայտ­նեց, թէ մօտ 150 մի­լիոն եւ­րո­յի յատ­կա­ցու­մով, ա­ռա­ւել բնա­կա­րան­նե­րու ա­պա­հո­վու­մով, կը փոր­ձեն մեղ­մաց­նել ող­բեր­գու­թեան ծա­ւա­լը եւ ժո­ղո­վուր­դին մէջ ստեղ­ծել նոր սկիզ­բի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։
Ամ­փո­փե­լով, ան յայտ­նեց, թէ ­Հա­յաս­տան-Ե.Մ. գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ար­դէն մտած է նոր հու­նի մէջ, ծրա­գիր­նե­րու եւ նեդ­րում­նե­րու ծա­ւա­լու­մով։
­Յա­ջոր­դեց հարց ու պա­տաս­խա­նի բա­ժի­նը։ ­Յար­գե­լի խօ­սո­ղին ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ա­ռիթ ստեղ­ծե­ցին բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րու ներ­կա­յաց­ման, ո­րոնց հա­մար դես­պա­նը, իր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ծի­րէն ներս, անհ­րա­ժեշտ պա­տաս­խան­ներ տո­ւաւ։ Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը յու­շա­նո­ւէ­րով մը պա­տո­ւե­ցին յար­գե­լի հիւ­րը։
­Յա­ջող ե­լոյ­թը ա­ռիթ ե­ղաւ, որ­պէս­զի հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցո­ւին ­Հա­յաս­տան- Ե.Մ. կա­րե­ւոր գոր­ծակ­ցու­թեան ե­րես­նե­րը։ Եւ­րո­պա­կան խոր­հուր­դի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տա­րին ներ­կա­յու­թիւ­նը հայ գա­ղու­թէն ներս եւ ա­նոր ման­րա­մասն զե­կոյ­ցը սա­տա­րեց երկ­կող­մա­նի գոր­ծակ­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան։