­Շա­բաթ, 20 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ­Հա­մազ­գա­յին ­Հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­րա­յին ե­լոյթ՝ նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 34-րդ ­տա­րե­դար­ձին: Ե­լոյ­թը ի­րա­կա­նա­ցաւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ ­Պուլ­կա­րիոյ Փ­լով­տիւ քա­ղա­քի հայ­կա­կան պա­րա­խում­բին:
Ե­լոյ­թին ներ­կայ էին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Յա­կոբ ­Գաս­պա­րեա­նը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիւ­պա­տո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն. ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մեր սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներն ու ծնող­նե­րը:
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ան­դամ­ներ ըն­կեր­ներ ­Տիգ­րան ­Սար­գի­սեան եւ Աստ­ղիկ ­Կա­րա­պե­տեան, ո­րոնք բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լով ներ­կա­նե­րուն ի­րենց շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին, որ ան­գամ մը եւս ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­ցան ­Հա­մազ­գա­յի­նի գոր­ծու­նէու­թեան:
Ա­պա, ա­նոնք բեմ հրա­ւի­րե­ցին պրն. ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեա­նը, որ իր կար­գին նախ փո­խան­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Տիգ­րան Մկր­տի­չեա­նի ող­ջոյն­ներն ու մաղ­թանք­նե­րը, ա­պա իր գո­հու­նա­կաու­թիւնն ու ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով ­Հա­մազ­գա­յի­նի ան­դամ­նե­րը ե­լոյթ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ի մի կը հա­մախմ­բեն: ­Յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Յա­կոբ ­Գաս­պա­րեան, որ իր հեր­թին ար­տա­յայ­տեց խոր­հուր­դի գնա­հա­տանքն ու ու­րա­խու­թիւ­նը՝ ընդգ­ծե­լով, թէ հա­ճե­լի է ան­գամ մը եւս հա­մախմ­բո­ւիլ իբ­րեւ մէկ ըն­տա­նիք, նշե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 34-րդ ­տա­րե­դար­ձը։
Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րէն ետք, հան­դի­սու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­լոյթ­նե­րով։ ­Նախ բեմ բարձ­րա­ցան ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Մա­սիս» եւ «­Կի­լի­կիա» պա­րա­խում­բե­րը, ա­պա ­Պուլ­կա­րիոյ Փ­լով­տիւ քա­ղա­քէն ժա­մա­նած «Եան» պա­րա­խում­բի հայ պա­տա­նի­նե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր պա­րա­խումբ իր յա­տուկ ո­ճով եւ յաղ­թա­կան ո­գիով ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պա­րեր, ո­րոնք ո­գե­ւո­րե­ցին թէ՛ ներ­կայ հայ հան­րու­թիւ­նը եւ թէ՛ օ­տար հիւ­րե­րը՝ ստեղ­ծե­լով տօ­նա­կան եւ ճոխ մթնո­լորտ։ Ա­ւար­տին, բո­լոր պա­րա­խում­բե­րը միաս­նա­բար բեմ բարձ­րա­ցան եւ հա­մա­տեղ պա­րով փա­կե­ցին հան­դի­սու­թիւ­նը՝ ա­ւե­լի եւս շքե­ղաց­նե­լով մթնո­լոր­տը։
Ե­լոյ­թէն ետք, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հին մէջ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը ճաշ­կե­րոյթ մը կազ­մա­կեր­պած էր, ի պա­տիւ եր­կու պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րուն եւ ան­դա­մու­հի­նե­րուն։
Իսկ ­Կի­րա­կի, 21 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ ­Պա­տա­րագ, զոր մա­տու­ցեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, Ս. ­Խո­րա­նի սպա­սար­կու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյս սար­կա­ւագ­նե­րը, իսկ եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը՝ դպրաց դա­սը:
Ս. ­Պա­տա­րա­գին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին շրջա­նիս ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետն ու ան­դամ­նե­րը, ­Պուլ­կա­րիա­յէն ժա­մա­նած մեր հայ պա­տա­նի­ներն, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պա­րա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ու ա­նոնց ծնող­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը:
­Նախ­քան օ­րո­ւան քա­րո­զը, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վին ո­րո­շու­մով, ինչ­պէս թե­մի բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ դրօ­շի օրհ­նու­թիւն:
­Հայր սուր­բը իր օ­րո­ւան քա­րո­զին մէջ գօ­տեպն­դեց ներ­կա­նե­րը եւ կոչ ուղ­ղեց վե­րա­նո­րո­գել մեր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ու զայն ա­ւե­լի զօ­րաց­նել հայ­րե­նի­քին նկատ­մամբ: Ան ընդգ­ծեց, որ մենք՝ իբ­րեւ սփիւռ­քա­հայ նոր սե­րունդ, պէտք է ա­մուր կառ­չինք մեր ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն, պա­հենք մեր հա­ւատ­քը եւ վստա­հու­թեամբ դի­մենք Ա­մե­նա­կալ Աս­տու­ծոյ՝ ա­ղօթ­քով, խնդրե­լով ան­կէ կա­տա­րեալ ի­մաս­տու­թիւն շնոր­հէ Հ.Հ. իշ­խա­նու­թեանց, որ­պէս­զի դէ­պի լաւն ու բա­րին ա­ռաջ­նոր­դէ մեր սի­րե­լի հայ­րե­նի­քը: