Իր կար­գին բա­ցա­ռիկ եւ յոյժ կա­րե­ւոր այ­ցե­լու­թիւն մը կա­տա­րե­ցին «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տուն՝ Ա­րեւմ­տեան Ա­տիի­կէի հա­մալ­սա­րա­նի խումբ մը ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք ներ­կա­յիս ի­րենց բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը կը ստա­նան հիմ­նար­կի Ըն­կե­րա­յին աշ­խա­տան­քի վար­ժա­րա­նէն ներս։
­Ծա­նօ­թաց­ման այ­ցե­լու­թիւ­նը նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն էր գա­նա­տա­հայ գի­տաշ­խա­տող Ա­լին ­Պօ­ղո­սեա­նի, որ դա­սա­խօս է ­Մոնթ­րէա­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ըն­կե­րա­յին աշ­խա­տան­քի բա­ժի­նին մէջ, իսկ ներ­կա­յիս կը գտնո­ւի ­Յու­նաս­տան՝ գի­տա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րե­լու հա­մար վե­րոն­շեալ յու­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նէն ներս եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու իր մաս­նա­գի­տու­թեան աս­պա­րէ­զը։
20 ու­սա­նող­նե­րէ բաղ­կա­ցած խում­բը, ու­ղեկ­ցու­թեամբ ի­րենց դա­սա­խօս Է­լէ­նի ­Փա­փու­լիի, ­Հինգ­շաբ­թի, 18 ­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ի ա­ռա­ւօ­տուն, այ­ցե­լե­ցին «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան թեր­թիս պաշ­տօ­նէու­թեան կող­մէ։
Ա­ւե­լի քան մէկ ժամ տե­ւած հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին, օ­րա­թեր­թի տնօ­րէն ընկ. ­Մայք ­Չի­լին­կի­րեան ման­րա­մասն անդ­րա­դար­ձաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան, ա­նոր ստեղ­ծու­մէն մին­չեւ մե­րօ­րեայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, տա­լով պատ­մա­կան, ըն­կե­րա­յին, կա­ռու­ցա­յին եւ միու­թե­նա­կան պատ­կե­րը։ Ըն­կե­րը խօ­սե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հո­գե­ւոր, կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, տա­լով հա­մա­պա­տաս­խան տե­ղե­կու­թիւն­ներ բո­վան­դակ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող հայ­կա­կան տար­բեր հա­մայնք­նե­րու կեան­քին մա­սին։
­Յա­տուկ տեղ գրա­ւեց յու­նա­հայ մա­մու­լի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, իր ան­ցեա­լի պատ­մու­թեամբ ու ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կով։ Ն­շում ե­ղաւ «­Նոր Օր»-ի եւ «Ա­զատ Օր»-ի հրա­տա­րա­կու­թեան մա­սին, տա­լով տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու եւ հանգ­րո­ւան­նե­րու հա­մա­ռօտ պատ­կե­րը։ ­Նաեւ, նշո­ւե­ցաւ յու­նա­լե­զու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թիւնն ու գիր­քե­րու հրա­տա­րակ­ման աշ­խա­տան­քը։
­Պէտք է նշել, թէ զե­կու­ցա­կան հա­ւա­քը մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ ըն­կա­լո­ւե­ցաւ այ­ցե­լու­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րով, մատ­նան­շում­նե­րով եւ կար­ծիք­նե­րով ստեղ­ծե­ցին ըն­դար­ձակ զրոյ­ցի մը ջերմ մթնո­լոր­տը։
­Նաեւ, ու­սա­նող­նե­րու խում­բին հնա­րա­ւո­րու­թիւն տրո­ւե­ցաւ մօ­տէն ճանչ­նա­լու թեր­թի ան­ցեա­լի թի­ւե­րու տո­մար­նե­րը եւ ի­րենց հիա­ցու­մը յայտ­նե­լու յու­նա­հայ գա­ղու­թի եր­կա­րա­մեայ պատ­մա­կան շտե­մա­րա­նին հա­մար, որ տեղ գտած է հա­տոր­նե­րուն մէջ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ի­րա­զեկ դար­ձան թեր­թի ար­դի հրա­տա­րա­կու­թեան ձե­ւա­չա­փին ու ա­ռօ­րեայ ներ­կա­յու­թեան յու­նա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
­Նոյն օ­րը, ու­սա­նող­նե­րը եւ դա­սա­խօս­նե­րը այ­ցե­լե­ցին ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի Հ.Կ.­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին կող­մէ։ ­Տեղ­ւոյն վրայ, մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցան հա­յակր­թա­կան հիմ­նարկ­նե­րուն, տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լով մեր վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան հա­մա­կար­գին մա­սին։