Ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք մեր յար­գե­լի ժո­ղո­վուր­դին, թէ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ջան­քե­րով, վեր­ջերս կա­րե­լի ե­ղաւ ամ­բող­ջաց­նել դպրո­ցա­կան մար­դա­տար նոր ինք­նա­շար­ժի գնու­մը, ո­րուն ար­ժե­գինն է մօտ 95.000 եւ­րօ։
­Վեր­ջին ա­միս­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րէն ետք, ինչ­պէս նաեւ ամ­բող­ջաց­նե­լով օ­րի­նա­կան, հար­կա­յին եւ ա­պա­հո­վագ­րա­կան անհ­րա­ժեշտ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, դպրո­ցա­կան ինք­նա­շար­ժը ար­դէն յանձ­նո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» եւ «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէ­նու­թեանց եւ սկսած է գոր­ծել ա­շա­կերտ­նե­րու փո­խադ­րու­թեան հա­մար։
­Յու­նա­հայ կրթա­կան կեան­քը կը շա­րու­նա­կէ մնալ Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ան­շեղ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը։
­Բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ ժա­մա­նա­կի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց, հա­յակր­թու­թեան պահ­պա­նումն ու զօ­րա­ցու­մը մեր հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւնն է, ո­րուն հա­մար ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ ի գործ դնել բո­լոր ջան­քե­րը՝ հա­յե­ցի կրթու­թեան ճամ­բով յու­նա­հայ հա­մայն­քին մէջ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, լե­զո­ւի եւ մշա­կոյ­թի կեն­դա­նի փո­խան­ցու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու հա­մար։
­Մեր ժո­ղո­վուր­դին վստա­հու­թիւնն ու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նան այս ու­ղիին ա­մէ­նէն ա­մուր խթա­նը, որ­պէս­զի հայ դպրո­ցը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ մեր հա­մայն­քա­յին գո­յու­թեան հիմ­նա­սիւնն ու ա­պա­գա­յի ե­րաշ­խի­քը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ