Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Յունաստանի մշակոյթի նախարարուհի տիկ. Լինա Մենտոնի այցելութիւն կատարեց Տիտիմոթիքոյի հայկական պատմական Ս. Գէորգ եկեղեցին։ Նախարարուհին դիմաւորուեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամ պ. Արսէն Գալֆայեանի կողմէ։ Անոնց կողքին էին նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւը, թաղային խորհուրդը եւ թեմական պատգամաւորներ։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը նախարարուհիին ծանօթացուց եկեղեցւոյ պատմութիւնը եւ անոր հնամեայ կոթողական արժէքը, իսկ խօսակցութեան առանցքը դարձաւ եկեղեցւոյ շէնքային վերականգնումի անմիջական աշխատանքներու մեկնարկը, որոնց շնորհիւ առաջին հերթին կարելի պիտի ըլլայ հիմնական վերանորոգութեան ենթարկել եկեղեցւոյ տանիքը։ Այս գծով, նախարարութիւնը տրամադրած է 100.000 եւրոյի պիւտճէ, իսկ վերաշինութեան աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկայ գարնան։
Առաւել, նկատի ունենալով դարաւոր եկեղեցւոյ ամբողջական վերականգնման անհրաժեշտութիւնը, մօտ ատենէն պիտի պատրաստուի ճարտարապետական յատուկ ուսումնասիրութիւն մը, որպէսզի վերաշինութեան յաջորդ փուլը եւս ներառնուի մշակոյթի նախարարութեան պիւտճէին մէջ եւ հնարաւոր դառնայ պատմական մեր սրբավայրի վերականգնումը։
Ներկայ գտնուող լրատուական միջոցներուն՝ Առաջնորդ Սրբազան հայրը հայ համայնքի անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մշակոյթի նախարարուհիին եւ ընդգծեց կարեւորութիւնը նախարարութեան ստանձնած եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն։ Սրբազան հայրը դրուատեց հայ եւ յոյն պատմական կապերու խորութիւնն ու եղբայրական սիրալիր համագոյակցութիւնը շրջանէն ներս։
Իր կարգին, նախարարուհին ընդգծեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ պատմական արժէքը, որպէս մասնիկ նոյն տարածքէն ներս իւրայատուկ նշանակութիւն ներկայացնող հնամեայ կոթողներուն, առաւել, շեշտեց նախարարութեան ստանձնած կապտումը՝ ամբողջութեամբ սատարելու հայկական եկեղեցւոյ լրիւ վերականգնումի ծրագիրին։
Տիտիմոթիքոյի Ս. Գէորգ եկեղեցին, իր բազմադարեայ ներկայութեամբ, կը հանդիսանայ մեր գաղութին, եւ մասնաւորաբար Թրակիոյ հայկական համայնքներուն համար, պատմամշակութային ժառանգութեան ամէնէն յատկանշական նմուշներէն մէկը։ Հելլէն պետութեան կողմէ եկեղեցւոյ վերանորոգման ծրագիրի իրագործումը, շրջանի պատմական այլ գանձերու վերաշինութեան կողքին, մեծապէս ողջունելի է, սատարելով նաեւ տեղական հայ համայնքի հոգեկան բաւարարութեան ու առաւել ծաղկումին։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ










