Սիրելի հայրենակիցներ,
Սիրելի ծնողք եւ աշակերտներ,
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնս որոշում կայացուց դպրոցական նոր ինքնաշարժով օժտել մեր վարժարանները, Ուսումնական խորհուրդի զեկուցումներէն իրազեկ դառնալէ ետք մեր վարժարաններու ինքնաշարժներու շտապ կարիքներու մասին։
Որոշումը կայացնելէ առաջ, վարչութիւնս այս հարցով խորհրդակցեցաւ նաեւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան հետ, յատուկ օրակարգով գումարուած ժողով-հանդիպումի մը ընթացքին։
Նոր ինքնաշարժ ապահովելու համար տրամադրուեցաւ «Արթին Գալուստեան» կտակին գումարը, որ Հ.Կ.Խ.ի վարժարաններուն յատկացուած էր եւ մատակարարումը վստահուած՝ Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային վարչութեան։
Գնման գործընթացը աւարտած է եւ ինքնաշարժը արդէն պատրաստ է դպրոցական վերամուտին, աշակերտներու կանոնաւոր եւ ապահով փոխադրութեան ծառայելու համար։
Բարի, ուրախ, արդիւնաբեր եւ ազգանուէր ոգիով պարուրուած դպրոցական նոր տարեշրջան կը մաղթենք բոլորին։
Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային Վարութիւն
Աթէնք, 10 Սեպտեմբեր, 2025