Այսու կը ծանուցանենք մեր սիրելի ժողովուրդին, թէ օրհնութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եմիշեանի, պիտի մեկնարկեն կիրակնօրեայ վարժարանի դասընթացքները։
Գոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանը պիտի գործէ ամէն Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6:15-էն սկսեալ։
Կը հրաւիրենք շրջանի ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի առաջնորդեն իրենց փոքրիկներն ու պատանիները մասնակից դառնալու կրօնական դասաւանդութեան եւ ստանալու հոգեւոր ու հայեցի կրթութիւն։
«Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը»։ Ղուկաս 18:16
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԳՈՄՈԹԻՆԻԻ










