Տեղական եւ առաջադէմ պատկերազարդ ամսագիր մըն է, ստեղծուած «L’Épicerie Séquentielle» միութեան կողմէ, որ 12 էջնոց լրիւ պատմուածքներու ընդմէջէն կը պատմէ քաղաքին պատմութիւնն ու զուարճալի դէպքերը։ Պատկերազարդուած է տեղացի հեղինակներու կողմէ եւ ծախուած մատչելի գինով շրջանի գրախանութներուն մէջ։ Այս հրատարակչական նախագիծը, որ մեկնարկած է 2015-ին, կ‘արժեւորէ Լիոնի ժառանգութիւնը եւ կը նպաստէ կարճ շրջան մը՝ վարձատրելով միայն նկարիչները, մինչ միւս աշխատանքը (խմբագրութիւն, բաշխում) կը կատարուի կամաւորութեամբ։
Դեկտեմբեր 2025-ի թիւը (132-րդ) յատկացուած է Լիոնի հայութեան։ Համայնքին պատմութիւնը ներկայացուած է պարզ, միջգործօն եւ հետաքրքրական ձեւով։
Կարգ մը տեղեկութիւններ ամսագիրին մասին.-
Ձեւաչափ. ամսական 12 էջնոց թերթ, իւրաքանչիւր համարը ինքնուրոյն լման պատմուածք մըն է։
Նիւթեր. իրական պատմութիւններ, զուարճալի դէպքեր, դիմանկարներ, տեղեկագրութիւններ Լիոնի մասին (պատմութիւն, անձնաւորութիւններ, վայրեր, իրադարձութիւններ)։
Ստեղծողները. Լիոնի շրջանի պատկերազարդ գիրքերու հեղինակներ։
Առաջադէմ սկզբունք. միայն հեղինակները կը վարձատրուին (1€ իւրաքանչիւր ծախուած օրինակի համար), խմբագրական աշխատանքը կը կատարուի կամաւորութեամբ։
Կարճ շրջան. ստեղծուած, տպագրուած եւ տարածուած զուտ Լիոնի եւ անոր շրջակայքը։
Վաճառման կէտեր. գրախանութներ, բաժանորդագրութիւններ, գործընկերային ծախման կէտեր։
Հայկանուշ Մինասեան










