Կիրակի, 25 Յունուար 2026-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որմէ ետք «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Տիկնանց միութեան կազմակերպած Նոր Տարուան գաթայի հատումը։
Աւանդական այս ձեռնարկը կատարուեցաւ խառն եւ յուզիչ զգացումներով, քանի որ անիկա յատկանշուեցաւ Տիկնանց միութեան 18-ամեայ նուիրական ծառայութեան ամբողջացմամբ՝ համայնքին մէջ։
Հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն արտայայտեց իր խորին յուզումն ու սիրտի գոհունակութիւնը եւ բարձր գնահատեց Տիկնանց միութեան անդամուհիներուն անշահախնդիր, անձնուէր եւ նուիրական ծառայութիւնը՝ անցնող 18 տարիներու ընթացքին։ Ներկաները յոտնկայս ծափահարութեամբ արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը այն մայրական գուրգուրանքին համար, զոր Տիկնանց միութիւնը ցուցաբերած է համայնքին նկատմամբ։
Ապա անդամուհիները մէկ առ մէկ հրաւիրուեցան, եւ ի նշան խորին երախտագիտութեան՝ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ ծաղկեփունջեր ստացան։
Տիկնանց Միութեան ատենապետուհին՝տիկին Վերգին Աւետիսեանը, իր սիրտի խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք իրենց մշտական ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով զօրավիգ կանգնեցան միութեան կազմակերպած ձեռնարկներուն: Ապա, իր գոհունակութիւնն ու երախտագիտութիւնը արտայայտեց թաղային խորհուրդին, որ միշտ աջակցած է եւ նպաստած՝ Տիկնանց Միութեան նախաձեռնութիւններու իրագործման։
Ատենապետուհիին խօսքէն ետք, կատարուեցաւ գաթայի հատումը եւ մոմերու լոյսին տակ, ժողովուրդին մասնակցութեամբ, երգուեցաւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականը։
Հրաժեշտի պահուն, Հայր սուրբը կրկին բարձր գնահատեց բոլոր անդամուհիներու 18 տարուան անձնուէր եւ նուիրական ծառայութիւնը, ապա ուրախութեամբ ներկայացուց Թեսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր Տիկնանց միութեան երիտասարդ կազմը։ Ան մէկ առ մէկ հրաւիրեց նոր անդամուհիները եւ միաժամանակ դիմեց նախկին անդամուհիներուն՝ ծաղկեփունջերով ողջունելու զիրենք, ի նշան քաջալերանքի եւ ուրախութեան, որ անոնք ստանձնեցին այս ծանր, բայց քաղցր լուծը եւ պատրաստակամ են ծառայելու մեր համայնքային կեանքին մէջ իբրեւ նոր եւ երիտասարդ ուժ։
Փոխանցումէն ետք, խօսք առաւ Տիկնանց միութեան նորընտիր ատենապետուհին՝ տիկին Անուշ Պապոյեան։ Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց ծառայութեան բարձր արժէքն ու նշանակութիւնը եւ արտայայտեց իր խորին ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը այն պատիւին համար, զոր իրենց ընծայուեցաւ ծառայելու համար համայնքին։
Ձեռնարկը փակուեցաւ երախտագիտութեան, յուզումի եւ նոր յոյսի մթնոլորտի մը մէջ: Սերունդներու այս փոխանցումը դարձաւ կենդանի վկայութիւն՝ համայնքին շարունակականութեան, ծառայութեան ոգիին եւ ապագայի հանդէպ վստահութեան։
Այս պատեհ առիթով, սիրտի պարտք կը համարենք յատուկ կերպով յիշելու Տիկնանց միութեան բազմավաստակ անդամուհիներէն՝ Բերկրուհի Կէօստէնեանը, որ երեք տարի առաջ, առ յաւէտ հեռացաւ մեզմէ։ Իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, ան անխոնջ նուիրումով ծառայեց մեր համայնքին՝ իբրեւ Տիկնանց միութեան նուիրեալ անդամուհի՝ իր դրոշմը ձգելով մեր միութեան եւ համայնքային կեանքին մէջ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տիկնանց միութեան նախորդ եւ ներկայ անդամուհիներուն անուանացանկը.
Նախկին Տիկնանց միութեան կազմ
Վերքին Աւետիսեան (ատենապետուհի), Անահիտ Կէօստէնեան (քարտուղարուհի), Անժէլ Փափազեան (գանձապահ), Իսկուհի Ղազէրեան, Նատեա Սեմէրճեան, Մարի Գասպարեան, Բերկրուհի Կէօստէնեան (մինչեւ 2023)։
Նորընտիր Տիկնանց միութեան կազմ
Անուշ Պապոյեան (ատենապետուհի), Էմմա Համբարձումեան (քարտուղարուհի), Յասմիկ Յովհաննէսեան (գանձապահ), Իրինա Աւայեան, Լիլիթ Զօհրապեան, Անի Յովհաննիսեան, Սոնա Ֆալատեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ










