Ուրբբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 8։30-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ պատարագ, Թարգմանչաց Ս. Վարդապետաց տօնին առթիւ։
Պատարագը մատուցեց Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ նախագահեց Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան։
Ներկայ էին Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտութիւնն ու հաւատացեալներ։
Պատարագի ընթացքին, Ս. խորանին ծառայեցին Կարապետ սրկ. Քէօսէեան եւ վարժարանի բարձր դասարաններու խումբ մը աշակերտներ։ Իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին դպրուհի տիկ. Շաքէ Քէօսէեան եւ Դ. Ե. Զ. դասարաններու աշակերտները, վարժարանի տնօրէնուհի տիկ. Հայկան Մինասեանի գլխաւորութեամբ։
Արարողութեան աւարտին, Տ. Պարէտ քահանայ Հայրը ներկաներուն ուղղեց օրուան պատգամը։
Ան նախ պատմականը ըրաւ Թարգմանիչ Ս. Վարդապետներու կեանքին ու առաքելութեան։ Ապա, շեշտը դրաւ հայ լեզուի կարեւորութեան։ Ան յայտնեց, թէ անուն ու մականունին, հայրենիքին ու կրօնքին կողքին, մայրենի լեզուն՝ հայերէնը, իւրաքանչիւր հայու գոյութեան ու գոյատեւման հիմերէն մին կը հանդիսանայ։ Հայ լեզուն մեր ինքնութիւնն է։ Ապա քահանայ Հայրը քաջալերեց բոլոր աշակերտները, որպէսզի հայերէն լեզուն լաւապէս իւրացնեն ու խօսին իրենց տուներուն մէջ եւս։
Ետքը, բոլոր դասարաններու աշակերտները, գլխաւորութեամբ ուսուցչուհիներուն, հերթաբար ներկայացուցին օրուան տօնին առթիւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը։
Աւարտին, Գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, իր հայրական պատգամը ուղղելով յայտնեց, թէ Թարգմանչաց Ս. Վարդապետաց տօնը, մեր ժողովուրդի կարեւոր ու իմաստալից տօներէն մին է։ Այդ օրը, իւրաքանչիւր հայու եւ մասնաւորաբար հայ աշակերտի տօնն է, որ պէտք է արժեւորուի լաւագոյն ձեւով։
Ապա Սրբազան Հայրը, գնահատեց աշակերտներու գեղարուեստական յայտագրի ներկայացումը եւ մաղթեց յաջողութիւն։
ԹՂԹԱԿԻՑ








