­Համաշխարհային համբաւի գեղանկարիչներ Էտուարտ ­Սագայեանի ու Աննա ­Մարիա ­Ցագալիի այցելութիւնը «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարան

­­Հինգ­շաբ­թի, 9 ­­Հոկ­տեմ­բե­րին, Հ.Կ.Խ.-ի «Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նը մեծ ու­րա­խու­թիւն եւ պա­տիւ ու­նե­ցաւ հիւ­րըն­կա­լե­լու եր­կու հռչա­կա­ւոր եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող գե­ղան­կա­րիչ­ներ՝ պա­րոն Է­տո­ւարտ ­­Սա­գա­յեանն ու տի­կին Ան­նա ­­Մա­րիա ­­Ցա­գա­լին։
Այ­ցե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղան­կար­չա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի ծի­րէն ներս, որ կ’ի­րա­գոր­ծո­ւի ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին՝ տի­կին ­­Մա­րիա ­­Տի­մա­քիի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ տի­կին ­­Նա­զիկ ­­Ճա­մու­զեա­նի օ­ժան­դա­կու­թեամբ։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ու­նե­ցան բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լու ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ար­տա­յայ­տե­լու ի­րենց ներշնչ­ման աղ­բիւր­նե­րը, քննար­կե­լու ա­րո­ւես­տի հետ կա­պո­ւած հար­ցեր եւ ստեղ­ծա­գործ երկ­խօ­սու­թեան մտնե­լու եր­կու համ­բա­ւա­ւոր ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն հետ։ Ա­շա­կերտ­նե­րու գե­ղան­կար­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ցու­ցադ­րո­ւե­ցան յա­ջորդ օր Ուր­բաթ, 10 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, վար­ժա­րա­նի սրա­հէն ներս, «­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեան» գրա­դա­րա­նի բաց­ման օ­րը:
­­Պա­րոն ­­Սա­գա­յեանն ու տի­կին ­­Ցա­գա­լին տպա­ւո­րո­ւե­ցան ա­շա­կերտ­նե­րու աշ­խա­տան­քով, որ ցոյց կու տայ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան լայն տա­րածք, ար­դա­րա­միտ ար­տա­յայ­տու­թիւն եւ ա­րո­ւես­տի նկատ­մամբ ան­կեղծ սէր։
­­Գե­ղան­կա­րիչ­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցաւ ո­գեշնչ­ման եւ խրա­խուս­ման աղ­բիւր ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։
­­Մեր վար­ժա­րա­նը իր խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ պա­րոն ­­Սա­գա­յեա­նին եւ տի­կին ­­Ցա­գա­լիին՝ ի­րենց այ­ցե­լու­թեան եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­րո­ւես­տի հան­դէպ ու­նե­ցած խթա­նող եւ ա­ջակ­ցող մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար, որ կը նպաս­տէ ստեղ­ծա­գործ մտա­ծո­ղու­թեան եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան խո­րաց­ման՝ մեր դպրո­ցա­կան հա­մայն­քին մէջ։
­­Նաեւ,կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար, մաղ­թե­լով ի­րենց բա­րի վե­րելք:

Հ.Կ.Խ.-ի «­­Լե­ւոն եւ ­­Սո­ֆիա ­­Յա­կո­բեան»
ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւն