Մալխասի հայրենասիրական վէպը, թատերականացուած Կարապետ Գալֆայեանի կողմէ եւ ընկ. Սարգիս Աղապատեանի յունարէն թարգմանութեամբ, դարձեալ բեմ պիտի ելլէ Համազգայինի «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբի ներկայացումով:
Փորձառու եւ երիտասարդ դերասաններու կազմ,
ընկ. Յակոբ Պարսամեանի բեմադրութեամբ
եւ Ստեփան Թէքիրեանի երաժշտութեամբ:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ «Սելեփիցարի» պուրակի «Ալեքոս Խրիսոսթոմիտիս» բացօթեայ թատրոնին մէջ Չորեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Քերացինի-Տրափեցոնա շրջաններու քաղաքապետութեան փառատօնի ծիրէն ներս։
Կը հրաւիրուի յարգոյ հասարակութիւնը:
Մուտքը ազատ է։
Համազգայինի թատերականի յանձնախումբ