Հ.Կ.Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգ. նախակրթարանի եւ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» ազգ. միջնակարգ վարժարանի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբեր 2025-ին, մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ երկու դպրոցներու վերանորոգուած գրադադանին բացումը: Ան նուիրուած է նախակրթարանի հանգուցեալ նախկին տնօրէնին՝ Բաբգէն Գասապեանի յիշատակին:
Յարգանքի տուրք մըն էր կատարուածը վաղամերիկ դաստիարակի յիշատակին, որ կեանքի մեծ մասը նուիրեց նոր սերունդի դաստիարակութեան, հերթաբար ստաձնելով երկու վարժարաններու տնօրէնութիւնը։
Յուզիչ մթնոլորտի մէջ, համախմբուած ծնողները, աշակերտները եւ հրաւիրեալ հիւրերը մասնակից դարձան բացման արարողութեան եւ պատուեցին յիշատակը տարաբախտ տնօրէնին։ Ներկայ էին Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, Նէոս Գոզմոսի եւ Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւները, Ազգային վարչութեան անդամը, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային եւ տեղւոյն վարչութիւնները, Համազգայինի ներկայացուցիչը, ծնողական միութիւնները եւ հայրենակիցներ։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ վաղամերիկ տնօրէնի արժանիքներուն եւ իր շեշտը դնելով գրադարանի կարեւորութեան վրայ, յայտնեց, որ այս սրահը պէտք չէ տեսնել միայն իբրեւ գրադարան, այլ ան պէտք է ըլլայ գիտութեան, փորձառութեան եւ իմաստութեան վայր:
Բացումէն ետք, ծնողները եւ աշակերտները այցելեցին «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի գեղանկարչութեան աշխատանոցի ցուցահանդէսը, տիկին Մարիա Տիմաքիի առաջնորդութեամբ եւ վայելեցին աշակերտներու ստեղծագործութիւնները։
Ծնողական միութիւնը հիւրասիրութիւն պատրաստած էր սրահի մուտքին:
***
Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու վարժարաններու տնօրէններուն խօսքը գրադարանի բացման առիթով.-
Այսօր ուրախութեամբ եւ յուզումի զգացումներով մեր վերանորոգուած գրադարանին մէջ կը կանգնինք ՝ անուանակոչութեան արարողութիւնը կատարելու համար։ Մեր վերանորոգուած գրադարանը կ‘անուանակոչուի «Բաբգէն Գասապեան» գրադարան, ի պատիւ մեր շատ սիրելի տնօրէնի յիշատակին:
Մօտաւորապէս երկու տարի առաջ՝ Սեպտեմբեր 1 էր, երբ շատ անսպասելի ու ցնցիչ արկածի լուռը հասաւ, սարսափ եւ տխրութիւն պատճառելով բոլորիս:
Այս պատահարը ճակատագրական հետեւանք ունեցաւ տխուր ու վաղահաս կորուստ մը ապրելու: Մեր շատ սիրելի եւ վաստակաշատ տնօրէն Բաբգէն Գասապեանը 19 Փետրուար 2024-ին հեռացաւ մեր քովէն:
Իր համեստ, խոնարհ, բարեկիրթ, պարտաճանաչ նկարագիրը ու ազնիւ, ժպտուն երեսը կը ներշնչէին բոլորին ըլլայ աշակերտներուն ըլլայ համագործակից ուսուցիչներուն, ստեղծելով սիրոյ, յարգանքի զգացումներ իր հանդէպ: Միշտ լաւատես էր ու իր խօսքերով բերկրանք կը պատճառէր:
Ան բազմաթիւ աշակերտներու կրթութիւնը ստանցնեց իրենց փոխանցելով զանազան գիտելիքներ ինչպէս նաեւ իր սէրն ու գուրգուրանքը:
Տասը տարի ստանցնած էր «Ճէնազեան» միջնակարգի եւ ապա երկու տարի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի բարդ ու պահանջատէր տնօրէնութեան պաշտօնը մեծ պատասխանատուութեամբ ծառայելով կրթական հայակերտման ու հայապահպանման վսեմ առաքելութեան: Ան տարիներ շարունակ սիրայօժարօրէն առանձին ստանցնած էր ընկերակցիլ եւ առաջնորդել միջնակարգի աւարտական դասարանի աշակերտները դէպի Հայաստան, սիրել տալով իրենց մեր հայրենիքը եւ հայկական սուրբ հողը:
Իր բացակայութիւնը մեր գաղութի կրթական կեանքէն ներս զգալի է: Դեռ շատ տալիք ունէր: Իր վաղաժամ մեկնումը ձգեց անփոխարինելի ունայնութիւն:
Երախտագիտութեան զգացումներով եւ իբրեւ արգասիքը իր նուիրած բազմամեայ անխոնջ ծառայութեան Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի եւ Ճէնազեան միջնակարգի ծնողական միութիւնները, տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերուն, ծնողներուն եւ այլ նուիրատուներու օժանդակութեամբ, վերանորոգեցին մեր դպրոցական գրադարանը, զայն անուանակոչելով «Բաբգէն Գասապեան» Գրադարան պատուելով հանգուցեալ տնօրէնի յիշատակը:
Այս ձեւով իր յիշատակը յաւերժ անթառամ պիտի մնայ մեր կրթական օճախին ու մեր սրտերուն մէջ:
Մենք պիտի փորձենք իրականացնել իր երազները շարունակելով իր առաքելութիւնը մեր ազգային վարժարաններուն մէջ:
Այս գրադարանը որ ստեղծուեցաւ 2007-2008 թ., վերանորոգուեցաւ 2025-ին եւ այսօր կը կատարուի վերանորոգուած գրադարանին բացումն ու անուանակոչութիւնը: Այս վայրին դռները բաց են մեր աշակերտներուն ու բոլորիս սրտերուն եւ մտքերուն համար։ Այստեղ աշակերտները պիտի կարողանան գտնել գրականութիւն, գիտական աշխատութիւններ եւ ոգեշնչող նիւթեր: Հոս երազները կ՚արթննան, ուսումը կը վերածուի փնտռտուքի եւ ոգեւորութեան։
Գիրքերը, գիտելիքը եւ նոր գաղափարները մեզ կը կապեն աշխարհին հետ, մեզ կը մղեն դէպի ձգտումներ եւ կը բանան ճանապարհներ:
Այստեղ մեր աշակերտները պիտի սորվին ոչ միայն կարդալ, այլ նաեւ սիրել ընթերցանութիւնը եւ զարգացնել իրենց մտածողութիւնը:
Մեր փափաքն է մեր երեխաները օգտագործեն, սիրեն, եւ կեանք տան այս գրադարանին՝ իրենց ներկայութեամբ, իրենց հարցումներով, իրենց ընթերցումով։
Կ’ուզեմ խորին շնորհակալութիւն յայտնել Ծնողական միութեան, որ ամենայն ջանքով աջակից էր այս գաղափարին զարգացման եւ իրականացման մէջ։
Ինչպէս նաեւ, այսօրուան հիւրասիրութեան պատրաստութեան համար:
Նաեւ կ՚ուզեմ երախտագիտութիւն յայտնել մեր բարերարներուն՝ յատկապէս պրն. Վրէժ Գասապեան ընտանիքին եւ նուիրատուներուն որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններով այս գրադարանը դարձաւ իրականութիւն։ Շնորհակալութիւն պրն Կոստան Եզէկիէլեանին, պրն. Արամ Պէքէրէճեանին, պրն. Յարութ Հաճեանին, պրն. Յովհաննէս Թերզեանին եւ տիկին Անայիս Գազանճեանին որ ժամանակ տրամադրեցին եւ օգնեցին վերանորոգման աշխատանքներուն: Եւ անշուշտ այն ուսուցիչներուն, որոնք աշխատեցան սիրով եւ յանձնառութեամբ այս նախագիծին վրայ: Յատկապէս տիկին Էլէնա Բանտաքիին եւ անցեալ տարուայ Զ. դասարանի աշակերտներուն որոնք ստանձնեցին գիրքերու դասաւորումը եւ գրադարանի գործելաձեւի կազմակերպումը: Շնորհակալութիւն նաեւ, տիկին Նազիկ Ճամուզեանին եւ տիկին Սթելլա Մոյիսիին որ այս տարի ստանձնեցին գրադարանի գործունէութեան կազմակերպումը: Տիկին Լինա Մինիին եւ տիկին Էլէնա Բանտաքիին, որ գիրքերու նուիրատուութիւններ ապահովեցին ծանօթ հրատարակչատուներէ մեր գրադարանը ճոխացնելով:
Թող այս գրադարանը դառնայ լոյսի աղբիւր, որ պիտի հաղորդէ նոր մտքեր, պիտի աճեցնէ հետաքրքրութիւն եւ պիտի բանայ նոր աշխարհներ միասնական գործելու ոգիով:
Այս նորոգուած գրադարանը եւ մեր շատ սիրելի տնօրէնին լուսաւոր հոգին թող դառնան լոյսի աղբիւր որ պիտի լուսաւորէ մեր դպրոցը, մեր աշակերտութիւնը եւ բոլորիս սրտերն ու մտքերը:
Հ.Կ.Խ.-ի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան»
ազգային վարժարանի
տնօրէնուհի Վիքթորիա Մաղաքեան
* * *
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»:
Այս էր պատգամը մեր Սուրբ Թարգմանիչներուն, որոնց յիշատակը կը նշենք այսօր: Սորվիլ ու զարգանալ: Կարդալ ու հարստանալ:
Ճիշդ է, որ այս դարուս գիրքը ժամանակավրէպ կը թուի շատերու: Բայց մենք լա՛ւ գիտենք, որ գիտութեան ճանապարհը, լոյսի ճանապարհը անկէ կ‘անցնի: Իւրաքանչիւր գիրք աշխարհ մը կը բանայ մեր առջեւ: Անոր մէջէն կը ստանանք այնպիսի գանձ, որ միմիայն մերն է եւ ոչ ոք կրնայ զայն խլել մեզմէ:
Պատահական չէ օրինակի համար, որ մանկավարժական ամենաառաջատար համակարգը ունեցող Ֆինլանտայի մէջ դասարաններէն հեռացնելով թապլեթները, կը վերադառնան գիրքին, թուղթին ու մատիտին, որովհետեւ գիտնականները փաստեցին, որ մանուկներուն ունակութիւնները կարդալով ու գրելով է որ կը զարգանան:
Այսօր մենք ուրախութիւնը ունինք բաց յայտարարելու մեր նորոգուած գրադարանը: Գեղեցիկ ու հանգստաւէտ վայր մը, ուր մեր աշակերտները պիտի բանան իրենց մտքի թեւերը եւ պիտի ճախրեն գիտութեան անծայրածիր երկնքին մէջ:
Այսօր նաեւ կը պատուենք յիշատակը մեր սիրելի Տնօրէնին՝ պարոն Բաբգէն Գասապեանին, որ այնքան կանուխ մեկնեցաւ դէպի Երկնքի Արքայութիւն: Ան այնքան սիրեց մեր ոսկեղնիկն ու մշակոյթը եւ այնպիսի կերպով ծառայեց անոնց, որ իր բացակայութիւնը իսկապէս զգալի է: Մեր գրադարանը յետ այսու կը կոչուի իր անունով եւ մեզի միշտ կը յիշեցնէ իր բարի ժպիտն ու լաւատեսութիւնը, զգայնութիւնն ու ազնուութիւնը:
Յիշատակդ անթառա՛մ մնայ սիրելի պարոն Բաբգէն:
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ թէ՛ անձնական աշխատանքով սատարեցին այս կարեւորնպատակի իրագործման: Բոլորի՛ն վարձքը կատար:
Բարի վայելում աղջիկներ եւ տղաք: Յաճախ այցելենք գրադարանը, որովհետեւ գիտութիւնը նաեւ երջանկութիւն կը բերէ:
Հ.Կ.Խ.-ի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան»
ազգ. միջնակարգի
տնօրէնուհի Արշալոյս Սափրիչեան








