Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի Նոր տարուան առաջին անդամական ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 12 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներուն մէջ։
Տարուան առաջին ժողովը պատեհ առիթը եղաւ նաեւ ամանօրեան գաթայի կտրումին, որուն յաջորդեցին բարեմաղթութիւնները։
Հաւաքոյթին ներկայ եղան Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները, այլ մասնաճիւղերու անդամներ եւ զգալի թիւով խաչուհիներ, որոնք վերանորոգ խանդավառութեամբ լեցուցին սրահի մթնոլորտը։
Մոմերու լոյսին խորհրդաւորութեան մէջ, բոլոր ներկաները միաբերան երգեցին «Խորհուրդ Մեծ» շարականը, յատուկ ջերմութիւն մը ստեղծելով պահին։ Ապա, վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Մարի-Ռոզ Գէորգեանի բարի գալստեան խօսքէն ետք, շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան օրհնեց գաթան եւ իր մաղթանքները փոխանցեց յաջող եւ արդիւնաւէտ տարուան մը համար։
Օրուան խօսողն էր ընկ. Քերոբ Էքիզեան, որ անդրադարձաւ «Հայախօսութիւնը՝ կամուրջ անցեալի ու ապագայի միջեւ»։ Ան նախապէս կատարեց հայախօս ըլլալու բնորոշումը եւ շեշտեց, թէ Սփիւռքի մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար լեզուն դադրած է պարզապէս մշակութային արժէք ըլլալէ. ան դարձած է գոյութեան պայման։ Երբ հայրենի հողէն հեռու ենք, լեզուն է, որ կը դառնայ մեր տունը։ Երբ պետութիւն չունինք մեզ պաշտպանող, լեզուն է, որ կը դառնայ մեր սահմանը։ Եւ երբ օտար միջավայրի մէջ կ՚ապրինք, հայերէնն է, որ մեզ կը յիշեցնէ, թէ ով ենք եւ ուրկէ կու գանք։
Ան յատկապէս կարեւորութեամբ շեշտեց նորահաստատ ընտանիքներու մէջ հայախօսութիւնը խթանելու անհրաժեշտութիւնը եւ գործնական առաջարկներով գծեց շրջագիծ մը, որուն մէջ կարելի է զարգացնել հայերէն լեզուն բարբառելու հնարաւորութիւնը մանուկներուն մօտ։ Խօսողը նաեւ անդրադարձ կատարեց գաղութային կեանքի միջավայրին եւ գործօններուն մէջ հայերէնով արտայայտուելու եւ գործելու պայմաններուն մասին , իսկ անոնց յաջողութեան գրաւականը տեսաւ հայ ընտանիքէն ներս հայերէնը տիրական լեզու ընելու նախանձախնդրութիւնը։
Խօսքի աւարտին, ներկայ անդամուհիները եւս արտայայտուեցան նիւթին մասին։ Յատկանշական եղաւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի բազմամեայ վաստակաւոր ուսուցչուհի ընկ. Շաքէ Էլմասեանի խօսքը, որ դպրոցական դրուագներով անդրադարձաւ հայերէնի գործածութեան իմաստին։ Նոյնպէս, վարժարանի տնօրէնուհի ընկ. Հայկան Մինասեան ամփոփ նկարագրականով ծաւալեց արդի մանկավարժական եւ դաստիարակչական գործելաձեւը, որպէսզի հայախօսութիւնը եւ հայերէնի ուսուցումը լայնօրէն տարածուին աշակերտներու հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ։
Օրուան ջերմ մթնոլորտին մէջ կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց մինչեւ երեկոյեան ժամերը։
ԹՂԹԱԿԻՑ










