Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ելոյթներու շարքին, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի մէջ կանգնած Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ դափնեպսակներու զետեղման յատուկ արարողութիւն։ Ելոյթը կազմակերպուած էր Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ու Աթէնքի մարզպետարանին կողմէ եւ կը վայելէր յարանուանութեանց պետերու հովանաւորութիւնը, ներկայութեամբ պաշտօնական բազմաթիւ հիւրերու եւ հայրենակիցներու։
Ներկայ եղան խորհրդարանի կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին «Փլեւսի» կուսակցութեան նախագահ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Զոի Քոնսթանտոփուլու, «Փասօք» կուսակցութեան ներկայացուցիչ երեսփոխան Փաւլոս Խրիսթիտիս, «Նիքի» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նիքոս Վրեթոս, Ատիկէի փոխմարզպետ Խրիսթոս Թէոտորոփուլոս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, մարզպետական եւ քաղապետական խորհրդականներ, Համապոնտական միութեան ներկայացուցիչ Խրիսթոս Տիմոփուլոս, ռուսական դեսպանութեան քարտուղարը, ինչպէս նաեւ Անքլիքան եկեղեցւոյ եւ Հնդիկ ուղղափառ եկեղեցւոյ կրօնաւոր ներկայացուցիչներ։
Հայկական կողմէն իրենց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին թեմակալ Առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ վրդ. Պասալէ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, հոգեւոր դասը, Հ.Հ. դեսպանութեան ներկայացուցիչ հիւպատոս Լիանա Մարութեան, Ազգային վարչութիւնը, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէն, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչները, վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցիչները, երիտասարդական ու պատանեկան սերունդը եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ։ Պատուոյ դիրք գրաւած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական խումբերու յատկանշական միաւոր մը, Եռագոյն եւ յունական դրօշակներով։
Ելոյթի բացումը կատարեց ընկ. Ալիս Ապրոյեան, որ նախապէս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւման եւ անոր բնիկ ժողովուրդի ամբողջական տեղահանման ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման։ Նաեւ լայն անդրադարձ կատարեց Թուրքիոյ կողմէ 110 տարի անպատժելի մնացած ցեղասպանութեան իրողութեան մասին եւ շեշտեց հայ ժողովուրդի պայքարի աննկուն կամքը, հաստատելու պատմական ճշմարտութիւնը եւ հատուցում ստանալու։ Նաեւ խօսողը ընդգծեց յոյն ժողովուրդի զօրակցութիւնն ու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ։ Յաջորդաբար, խօսք առին կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք անվառան դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը, պահանջեցին ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ եւ դատապարտեցին թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութիւնը Արցախի վրայ։ Անդրադառնալով Արցախի հայաթափումին, շեշտեցին պետութիւններու եւ միջազգային ընկերութեան անտարբերութեան կեցուածքը հանդէպ հայ ժողովուրդի կրած ողբերգութեան։
Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս կուռ խօսքով մը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի յատկանիշներուն մասին, դրուատելով անոնց ներկայութիւնը քաղաքէն ներս։ Խօսեցաւ Նէա Զմիռնիի եւ Սիսիան քաղաքներու եղբայրացման մասին, նշելով թէ շուտով պիտի ծրագրուին նոր շփումներ։ Ան եւս դատապարտեց Հայոց ցեղասպանութեան ոճիրը եւ կոչ ուղղեց մարդկութեան՝ անհատոյց չթողել հայ ազգին դէմ կատարուած մեծ ոճրագործութիւնը։ Յատուկ անդրադարձով մը դատապարտեց Արցախի վրայ գործուած ոճիրները եւ բնակչութեան տեղահանումը։
Յաջորդաբար, յուշակոթողին շուրջ բոլորուեցան յարանուանութեանց հոգեւոր պետերը եւ հոգեւոր դասը, որոնք Սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարեցին գոհաբանական եւ բարեխօսական աղօթք Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած անմեղ զոհերու յիշատակին: Հուսկ՝ Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով ներկայ ժողովուրդին ընդգծեց, թէ կատարուած ոճիրը մեր ինքնութեան ցեղասպանութիւնն է, բայց նաեւ պէտք է յանձնառու ըլլալ վերանորոգելու մեր ինքնութեան պայքարը, պայքարիլ մեր լեզուին ու մշակոյթին համար եւ դառնալ մեր ինքնութեան տէրը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու պատուոյ ազդանշանին տակ, տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում։ Յաջորդաբար պսակներ խոնարհեցուցին Հ.Հ. հիւպատոս Լիանա Մարութեան, Ատիկէի փոխմարզպետ Խրիսթոս Թէոտորուփուլոս, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Եորղոս Քութելաքիս, համապոնտական միութեան ներկայացուցիչը եւ հայ գաղութին անունով ընկ. Մաննիկ Աշրեան։
Յուզումի մթնոլորտին մէջ լսուեցան հայկական եւ յունական ոգերգները, միաժամանակ սկաուտական փաղանգը պատուի կանգնած էր։ Ելոյթի աւարտին, ներկայ ժողովուրդը մօտեցաւ յուշարձանին եւ ծաղիկներ զետեղեց անոր շուրջ։
Այնուհետեւ, բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Սինտաղմայի հրապարակը, մաս կազմելու համար ժողովրդային բողոքի քայլարշաւին դէպի թրքական դեսպանատուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ  ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ  Գաղութային կեանք  Գոհաբանական աղօթք եւ դափնեպսակներու զետեղում Նէա Զմիռնիի յուշարձանին առջեւ (նկարներ)
 
				 
		
 
                             
                             
                             
                             
                             
                             
                             
                             
                             
                            








