Հին աշխարհը խաչը իբրեւ մահուան գործիք կը նկատէր։ Սակայն, Քրիստոսի խաչելութեամբ խաչը դարձաւ փրկագործութեան եւ յաղթանակի խորհրդանիշ։
Այս Կիրակի, պիտի յիշատակենք Գիւտ Խաչի տօնը: Մեր կեանքին մէջ հրաւիրուած ենք կրելու խաչը, վստահելով եւ ապաւինելով անոր զօրութեան։ Ամէն բան սկիզբ կ՚առնէ խաչակնքումով եւ կ՚աւարտի խաչով: Այսպիսով, կ՚անդրադառնանք այն անուրանալի ճշմարտութեան՝ որ խաչը մեր կեանքի անբաժան ուղեկիցն է եւ կը շարունակէ այդպէս մնալ։
Պատմականօրէն, այս տօնը կ՚երկարի մինչեւ 4-րդ դար: Համաձայն պատմութեան, Կոսդանդիանոս կայսրին մայրը՝ Հեղինէ թագուհին, հաւատացեալ անձ մըն էր: Ան ուզեց Երուսաղէմ երթալ եւ այցելել բոլոր այն վայրերը, որոնք Տիրոջ անունով կնքուած են: Ան փափաք յայտնեց գտնելու Տիրոջ խաչափայտը: Թագուհին կ՚իմանայ, որ հրեայ մարդ մը, որուն անունը Յուդա էր, գիտէր խաչին ուր ըլլալը: Սակայն, Յուդա կը մերժէ բացայայտել վայրին անունը: Թագուհիին հրամանով կը բանտարկուի եւ ճնշումներէ ետք կը բացայայտէ խաչին տեղը, ըսելով թէ Գողգոթայի լերան աղբերուն տակ կը գտնուի:
Պեղումներէ ետք գտնուեցան երեք խաչեր: Թէ ո՞ր մէկը փրկչական խաչն էր, չէին գիտէր: Այդ պահուն յուղարկաւորութիւն մը կ՚անցնէր ճանապարհէն եւ թագուհին հրամայեց կեցնել եւ մեռեալը իր մօտ բերել: Մեռեալ պատանին մարմինը սկսան դնել խաչերուն վրայ: Եւ զարմանալիօրէն երբ երրորդ խաչին վրայ դրին պատանին յարութիւն առաւ եւ այդ պահուն ճանչցան, թէ որ խաչափայտը կը պատկանէր Տիրոջ: Եւ այս պատմութեան հիման վրայ տօնը կոչուեցաւ «Գիւտ Խաչի» տօն, որ տեղի ունեցաւ 326 թիւին:
Սուրբ Խաչը այսօր խոր իմաստ ունի քրիստոնեային համար. Խաչի զօրութեան գիտակցութիւնը գեղեցիկ եւ յուսադրող գիտակցութիւն է։ Եւ զօրութիւնը խաչին թշնամին պարտութեան մատնելու մէջ է:
Ամէն քրիստոնեայ դէպի Գողգոթա ելլելու ընթացքի մէջ է, ուր իր կեանքով եւ մահուամբ, իր զոհողութեամբ պիտի կարողանայ արդարանալ, սրբուիլ եւ արժանանալ Աստուածորդիին յաւիտենական փառքին եւ անոր լուսեղէն տեսութեան։ Այս գիտակցութիւնը ունենալու համար իր ամենատարածուն եւ ամենաբովանդակալից իմաստով, հրաւիրուած ենք գտնելու մեր կեանքի խաչը։ Վստահաբար, ան ծանր պիտի ըլլայ եւ մենք Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ մեր աղօթքներով կը թեթեւցնենք զայն:
«Փառք Սուրբ Խաչիդ քո, Տէր, ալէլուիա, ալէլուիա…»
Անյայտ գրող









