Ա­մէն տա­րի, Ս. Ծնն­դեան Ա­ւե­տի­սի շրջա­գա­յու­թիւ­նը յա­տուկ հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ կը կա­տա­րո­ւի Ք­սան­թիի մէջ, ուր հայ­րե­նա­կից­ներ, յոյն բա­րե­կամ­ներ ու պաշ­տօ­նա­կան ան­ձեր կը սպա­սեն եր­գե­ցիկ խում­բի այ­ցե­լու­թեան եւ շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ՝ ­Միա­ծի­նի ծնուն­դին ա­ւետ­ման։
Այս ան­գամ եւս, Ճ­րա­գա­լոյ­ցի ե­րե­կո­յեան, ա­մէն տա­րի­քի եր­գող­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, Հ.Գ.­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն եւ միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի պա­տա­նի­նե­րուն, շրջա­գա­յե­ցան Ք­սան­թիի թա­ղե­րուն մէջ, այ­ցե­լե­լով տաս­նեակ բնա­կա­րան­ներ եւ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։
­Բո­լորն ալ, ջեր­մու­թեամբ եւ օ­րո­ւան յա­տուկ սի­րոյ զգա­ցում­նե­րով ըն­դու­նե­ցին եր­գե­ցիկ խում­բը, իսկ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան եր­կուս­տեք՝ ­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ Ս. Ծ­նուն­դի ու­րա­խա­լի տօ­նե­րուն ա­ռի­թով։
Եր­գող­նե­րու խում­բը այ­ցե­լեց շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տին գրա­սե­նեա­կը, ո­րուն դի­մա­ւո­րու­մը ե­ղաւ սի­րա­լիր եւ ան խում­բին հետ միաս­նա­բար կտրեց ա­մա­նո­րեան գա­թան, մաղ­թե­լով ա­րեւ­շատ օ­րեր։ ­Նաեւ, նոյն ջեր­մու­թեամբ ըն­դու­նեց շրջա­նի յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ մետ­րո­պո­լի­տը, որ օրհ­նու­թեան մաղ­թանք­նե­րով շնոր­հա­ւո­րեց հա­յե­րու Ս. Ծ­նուն­դը եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թիւ­նը։
­Յա­ջոր­դա­բար, խում­բը այ­ցե­լեց շրջա­նի մարզ­պե­տա­րա­նը եւ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ պաշ­տօ­նա­տար ան­ձե­րուն կող­մէ, հոն եւս ստեղ­ծե­լով հո­գե­կան ջերմ մթնո­լորտ։
­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ շրջա­նին մէջ հաս­տա­տո­ւած հել­լէն զի­նեալ ու­ժե­րու 4-րդ ­զօ­րա­բա­նա­կի ընդ­հա­նուր զօ­րա­վա­րին կա­տա­րո­ւած այ­ցե­լու­թիւ­նը։ Իր սի­րա­լիր եւ հա­յա­սէր ըն­դու­նե­լու­թեան ա­ւար­տին, ան մե­ծա­պէս դրո­ւա­տեց հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յու­թիւնն ու ներդ­րու­մը քա­ղա­քի բար­գա­ւաճ­ման մէջ, եւ առ ի գնա­հա­տանք շրջա­նի հա­յու­թեան, ան խում­բին նո­ւի­րեց զօ­րա­բա­նա­կի զի­նան­շա­նը յա­տուկ յու­շա­տախ­տա­կի վրայ։
­Տեղ­ւոյն վրայ, պա­տաս­խա­նե­լով զօ­րա­վա­րին, հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ի­րենց խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կա­նին եւ գնա­հա­տե­ցին յու­նա­կան բա­նա­կին կող­մէ կա­տա­րո­ւած ազ­նիւ նո­ւէ­րը։ ­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ մտեր­միկ զրոյց։

ԹՂԹԱԿԻՑ