Տարեմուտի աւանդական կարկանդակի ելոյթներու շարքին, «Արմենիքա» յունալեզու պարբերաթերթի խմբագրութիւնը կազմակերպեց նմանօրինակ հաւաք մը, պատուելու համար պարբերականի գործակիցներն ու բարեկամները։
Այսպէս, Շաբաթ, 31 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ, ներկաներու կոկիկ մասնակցութեամբ, առիթ եղաւ կատարելու պարբերաթերթի միամեայ գործունէութեան արժեւորումը եւ արտայայտուելու նոր տարուան ծրագիրներու մասին։
Երեկոյի բացումը կատարեց տիկ. Նէլլի Վարժապետեան, որ լուսանցքի տակ առաւ պարբերաթերթի հրատարակութեան ընթացքը, մասնաւոր զարկ տալով հրատարակչական գործունէութեան վրայ, որ զգալի աճում արձանագրեց անցնող ժամանակաշրջանին։
Ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ գրադարանի հարուստ հաւաքածոյի ընդլայման մասին, զանազան նուէրներու եւ անձնական գրադարաններու տրամադրութեամբ, ինչպէս նաեւ «Յուշամատեան» հաստատութեան հետ գործակցութեան խորացման։ Խօսողը նաեւ հակիրճ նշումներ կատարեց մօտ ապագային համար նախաձեռնուած ծրագիրներուն մասին, որոնք արդէն ընթացքի մէջ կը գտնուին։
Ամանօրեան կարկանդակի հատումը միասնաբար կատարեցին տիկ. Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան եւ Ասորիներու միութեան նախագահ պրն Քիրիաքոս Պացարաս, որ իր կարգին եւս մաղթանքներով ելոյթ ունեցաւ։
Յատկանշական էր գեղարուեստական բաժինը, ուր ելոյթ ունեցան հայազգի արուեստագէտ Լեւթերիս Խավուծաս եւ տիկ. Արտա Ճէլալեան, մեկնաբանելով հայ արդի յօրինողներու ստեղծագործութիւնները եւ ջերմացնելով երեկոյի բարեկամական մթնոլորտը։
Յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյց պարբերաթերթի ծրագիրներուն շուրջ։
Նշենք նաեւ, որ «Արմենիքա» պարբերաթերթի 2026-ի առաջին թիւը արդէն լոյս տեսած է եւ մօտ օրէն պիտի յանձնուի բաժանորդներու տրամադրութեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ










