Թանկագին աշակերտներ, ուսումնական վերամուտի շեմին, վստահ եմ ձեզմէ շատեր լեցուած են խանդավառութեամբ, ոմանք իրագործումներու յոյսով եւ ոմանք նոր սպասումներով։
Դպրոցը դաս եւ դասագիրք չէ, ան միտք, հոգի եւ սիրտ սնուցանող անդաստան է։ Յոյն փիլիսոփայութեան տիտաններէն` Արիստոտել կ՚ըսէ «կրթել միտքը առանց սիրտը կրթելու, կրթութիւն չէ»։ Հետեւաբար բոլորս պէտք է գիտակցինք, թէ մտքի ուսուցումը պէտք է համադրուի սրտի դաստիարակութեամբ։
Կ՚ուզեմ վերամուտի այս տպաւորիչ պահուն հպարտութեամբ լեցուիք։ Որովհետեւ հայկական դպրոցը ծնունդն է մեր նախնիներու նուիրումին, զոհողութեան, տեսիլքներուն եւ ինքնութեան։
Սիրելի աշակերտներ, ձեր ուսումը միայն ձեր անձնական ապագայի ճամբորդութիւնը չէ։ Ամէն անգամ որ հայերէն կը խօսիք եւ պատմութեան էջերը կը բանաք, դուք կը շարունակէք մեր նահատակներուն եւ վարդապետներուն լեզուն եւ կը վերակենդանացնէք մեր ժողովուրդի յիշողութիւնը։
Ուստի կը մաղթեմ, որ այս տարեշրջանը բոլորիդ համար դառնայ վառ յիշողութիւններու եւ յաջողութիւններու շրջան մը։ Մեր տեսիլքն է նաեւ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ աճի եւ զարգանայ ո՛չ միայն իմացութեամբ, այլ նաեւ առաքինութեամբ։ Թող ձեր օրերը լեցուին ժրաջանութեամբ, ձեր հոգիները՝ հաւատքով, եւ ձեր սրտերը՝ սիրով։
Մեր աղօթքն է, որ նոր տարեշրջանի ընթացքին մեր դպրոցները շարունակեն մնալ յոյսի ու լոյսի ճրագներ Յունաստանի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Աղօթարար՝
ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց թեմին