Հ.Կ.Խաչի Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գումարէ անդամական ընդհանուր ժողով, Երկուշաբթի, 3 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, ΚΑΠΗ Βούλας (Ζεφύρου 2) սրահէն ներս (Վուլայի հրապարակ):
Ժողովի օրակարգ`
— Հ.Կ.Խաչի 85-րդ Պատգամաւորական ժողովի զեկոյց
— Շրջաբերականներու եւ բանաձեւերու ընթերցում
— 2025-27 նստաշրջանի վարչութեան ընտրութիւն
Ժողովին կը հրաւիրուին Շրջանային վարչութիւնը եւ բոլոր անդամուհիները:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ









