Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ ամանորի գաթայի կտրում Գարէայի մէջ
Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Գարէայի ազգապատկան սրահին մէջ զետեղուած «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» Ս. Խորանին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, որուն հանդիսապետեց եւ օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց, Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. եպս. Եմիշեան:
Պատարագեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Ս. Խորանին սպասարկեցին բարշ. Լեւոն սրկ. Ունանեան եւ պատանի դպիր Գրիգոր Ունանեան: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ, դպրուհի տիկիններ Շաքէ Աճէրեանի, Արշալոյս Նաքու-Տրդատեանի, Հռիփսիմէ Գարամանեանի եւ Երեցկին Լուսի Շահինեանի կողմէ:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան, Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ տոքթ. Ստեփան Փափազեան, Յունաստանի Հ.Կ.Խաչի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու անդամուհիներ, շրջանիս մէջ գործող կառոյցներու ներկայացուցիչներ, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմը եւ գոհացուցիչ թիւով հայրենակիցներ:
Յաջորդեց գաթայի կտրում եւ բաշխում՝ Գարէայի Հ.Կ.Խաչի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան գործակցութեամբ: Սրբազան հայրը օրհնութեան աղօթքէն ետք իր մօտ կանչեց ներկաներէն կրտսերագոյնը, շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմի արծուիկ՝ քոյր Տանաի Արաբեանը միասնաբար կտրելու զայն: Տարուան բախտաւորն էր պրն. Կարպիս Չիլինկիրեան:
Վերջապէս, արժանի է յիշատակել եւ գնահատել, Թաղային Խորհուրդի եւ շրջանիս մէջ գործող միութիւններու անդամներէ, ինչպէս նաեւ շրջանիս կամաւոր երիտասարդներէ բաղկացած երգեցիկ երեք խումբեր, որոնք Երկուշաբթի՝ 5 Յունուար 2026-ի Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի գիշերը, այցելեցին Գարէա-Կեսարեանիի ծուխին պատկանող մեր հաւատացեալ հայրենակիցներուն բնակարանները եւ «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, աւետեցին Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը: Վարձքը կատար բոլորին:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ










