­ Տա­րի­նե­րու ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, այս ան­գամ եւս Հ.Յ.Դ. ­Գո­քի­նիոյ «­Վա­րան­դեան» կո­մի­տէի հրա­ւէ­րով, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­մա­նո­րեան ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի հա­ւա­քոյ­թը, ներ­կա­յու­թեամբ մեծ թի­ւով պաշ­տօ­նա­տար հիւ­րե­րու եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու։
Եր­կու­շաբ­թի, 19 ­Յու­նո­ւար 2026-ի ե­րե­կո­յեան, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րու մէջ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը զգա­լի էր։ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէին եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­քին, ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին նաեւ կեն­սո­լոր­տի փոխ­նա­խա­րար ­Քոս­թաս ­Քա­ցա­ֆա­տոս, ­Նի­քէա­յի, ­Փի­րէա­յի եւ ­Քո­րի­տա­լո­յի քա­ղա­քա­պե­տե­րը, ­Փի­րէա­յի փոխ­մարզ­պե­տը, ե­րես­փո­խան­ներ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ։ Շր­ջա­նի մէջ գոր­ծող Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը եւս ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ յատ­կան­շե­ցին հա­ւա­քոյ­թը։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ընկ. ­Յա­կոբ ­Յո­վա­կի­մեան, որ անդ­րա­դար­ձաւ կեդ­րո­նի եւ ­Գո­քի­նիոյ հա­յա­հոծ շրջա­նի միա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան, յայտ­նե­լով, թէ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան 135-ա­մեա­կի հանգ­րո­ւա­նը յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն եւ ի­մաստ կը ստա­նայ կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քին եւ գա­ղու­թա­յին շրջա­ծի­րէն ներս։
­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ա­ռաւ ­Փի­րէա­յի քա­ղա­քա­պետ Եան­նիս ­Մո­րա­լիս, որ ու­րա­խու­թեամբ յայտ­նեց, թէ քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը ար­դէն քո­ւեար­կեց յա­տուկ պիւտ­ճէ, որ­պէս­զի քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րակ­նե­րէն մէ­կուն վրայ կանգ­նի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յո­շա­կո­թող մը, յի­շեց­նե­լու հա­մար մարդ­կու­թեան դէմ ա­հա­ւոր ո­ճի­րի զո­հե­րու յի­շա­տա­կը եւ միա­ժա­մա­նակ պա­տո­ւե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դի կամքն ու ու եղ­բայ­րա­կան զգա­ցում­նե­րը յոյն ազ­գին հան­դէպ։ ­Քա­ղա­քա­պե­տի խօս­քե­րը խան­դա­վա­ռու­թեամբ ըն­կա­լո­ւե­ցան ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։
Հ­րա­ւի­րո­ւե­ցաւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, որ ա­ղօթ­քով ու բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով օրհ­նեց ա­մա­նո­րեան կար­կան­դա­կը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն։
Ե­լոյ­թի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը զար­դա­րո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տա­կան երգ­չա­խում­բի ե­լոյ­թով, որ հա­մար­ձակ ար­տա­յայ­տու­թեամբ մեկ­նա­բա­նեց շարք մը եր­գեր, խան­դա­վա­ռե­լով ներ­կա­նե­րը եւ խլե­լով ա­նոնց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը։
­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի» եւ «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րը յա­տուկ փայլ մը պար­գե­ւե­ցին ե­րե­կո­յին։ Ե­րի­տա­սարդ եւ պա­տա­նի պա­րող­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին փունջ մը պա­րեր, ո­րոնք տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղե­ցին օ­տար հան­դի­սա­կան­նե­րուն վրայ։
Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ եւ մտեր­միկ մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մով։

Թղ­թա­կից