«­Տա­ղա­րան» հնա­գոյն ե­րաժշ­տու­թեան հա­մոյ­թի հան­րա­ծա­նօթ քա­նո­նա­հա­րու­հի ­Մա­րիան­նա ­Գէոր­գեա­նին շնոր­հո­ւե­ցաւ «­Հա­մաշ­խար­հա­յին խորհր­դա­նիշ. ե­րաժշ­տու­թիւն-2025» մրցա­նա­կը, յա­տուկ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­թէն­քի մէջ։
­Հա­մաշ­խար­հա­յին մրցա­նա­կի նա­խա­գահ Պ­րիթ ­Պատ­մա­նա­պան ­Նամ­պիար նշեց, որ ի­րենց հա­մար մեծ պա­տիւ է հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կը շնոր­հել ա­րո­ւես­տա­գէտ քա­նո­նա­հա­րու­հի ­Մա­րիան­նա ­Գէոր­գեա­նին։ Այս պար­գե­ւը հիմ­նար­կու­թեան կող­մէ մշա­կոյ­թի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ա­մե­նա­բարձր պար­գեւն է։
­Պատ­մա­նա­պան ­Նամ­պիար մրցա­նա­կը յանձ­նե­լէ ա­ռաջ դի­տել տո­ւաւ ­Մա­րիան­նա ­Գէոր­գեա­նին. «­Ձեր նշա­նա­կա­լից ներդ­րու­մը՝ որ­պէս տա­ղան­դա­ւոր քա­նո­նա­հա­րու­հի, աշ­խար­հին ճա­նա­չե­լի դար­ձուց հայ­կա­կան հա­րուստ ե­րաժշ­տա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նը։ ­Ձեր խոր յար­գան­քը ա­ւան­դա­կան ա­րուես­տի նկատ­մամբ եւ զայն զար­գաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ձեր ո­գին, կը գե­րա­զան­ցեն ա­րո­ւես­տի սահ­ման­նե­րը՝ խո­րունկ յու­զա­կա­նու­թեան եւ վար­պե­տու­թեան մի­ջո­ցաւ։ ­Դուք ձեր ա­րո­ւես­տով դար­ձած էք ­Հայ­սա­տա­նի մշա­կու­թա­յին դես­պան՝ ո­գեշն­չե­լով սե­րունդ­ներ եւ քա­նո­նի ա­րո­ւես­տը տա­րա­ծե­լով ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ»։
Մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը հա­մախմ­բած էր աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րէն ժա­մա­նած ա­կա­նա­ւոր բժիշկ­ներ, ա­րո­ւես­տա­գէտ­ներ, գոր­ծա­րար­ներ եւ այլ մաս­նա­գէտ­ներ։ Իւ­րա­քան­չիւր մար­զէն ներս մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցան լա­ւա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
­Մա­րիան­նա ­Գէոր­գեան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հէն միակ հայ ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր, որ ար­ժա­նա­ցաւ այս մրցա­նա­կին։
Այս տա­րո­ւայ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ԻՒՆԻՍԵՖ-ի եւ ­Միա­ցեալ Ազ­գե­րու ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ։
­Մա­րիան­նա ­Գէոր­գեան 2020-ի հա­մաշ­խար­հա­յին «Ո­ւորլտ ֆոք վի­ժըն» մրցու­մի գլխա­ւոր մրցա­նա­կա­կիրն է։ Ան 115 եր­կիր­նե­րէ 3950 մաս­նա­կից­նե­րու մի­ջեւ յա­ջո­ղած էր գե­րա­զանց «ներ­կա­յաց­նել» քա­նո­նը՝ ա­ւան­դա­կան մաք­րա­մա­քուր կա­տա­րում­նե­րով։