Հայ գաղափարական մամուլի անդաստանէն ներս իր հաստատ ու հետեւողական ուղին կերտած յունահայ գաղութի երախտաւորը՝ «Ազատ Օր» օրաթերթը այսօր կանգնած է իր հրատարակութեան 82-րդ տարուան մուտքին՝ հաստատելով իր պատմական առաքելութեան կենսունակութիւնը եւ շարունակականութիւնը։
Ութ տասնամեակէ աւելի տեւող այս ընթացքին, «Ազատ Օր»-ը սոսկ լրատուական աղբիւր չէ եղած, այլ՝ միտքի դարբնոց։ Թերթը իր էջերով հաւատարմօրէն պաշտպանած է ազգային արժէքները եւ գաղափարական հենքը, որոնց վրայ խարսխուած կը շարունակէ մնալ հայ քաղաքական ու հասարակական միտքը Սփիւռքի մէջ։ Միաժամանակ, թերթը եղած է հայակերտումի գործուն ազդակ՝ համազգային իղձերու հետապնդման, սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, հայու ինքնութեան պահպանման եւ քաղաքական գիտակցութեան ամրապնդման մէջ։
82-ամեայ տարեդարձը առիթ կը դառնայ նախ գնահատելու անցեալը, ապա նաեւ վերահաստատելու ապագայի պարտաւորութիւնը։ Թող «Ազատ Օր» շարունակէ իր երթը՝ մնալով հայակերտման անփոխարինելի ազդակ եւ հայ գաղափարական մամուլի արժանապատիւ դրօշակակիր։
Այս ուրախառիթ տարեդարձին առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորենք «Ազատ Օր»-ի ընթեցողներն ու բարեկամները, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան թերթիս գոյատեւման։










