­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան

­Հայ­րե­նի­քի վե­րան­կա­խաց­ման տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով երբ փոր­ձենք տե­սա­դաշ­տի մէջ բե­րել ­Հա­յաս­տա­նի պար­զած քա­ղա­քա­կան կեան­քը, ինչ­պի­սի՞ պրիս­մա­կէ եւ ո՞ր ան­կիւ­նէ ալ դի­տենք, մեր աչ­քին պի­տի պար­զո­ւի անմ­խի­թար պատ­կեր մը եւ պի­տի ըլ­լանք ա­կան­ջա­լուր՝ վտանգ­նե­րու մա­սին:
­Կայ շո­ւար ու քա­ղա­քա­կան յստակ ու ազ­գա­յին կողմ­նա­ցոյ­ցէ զուրկ իշ­խա­նու­թիւն մը, որ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ա­մօ­թա­լի պար­տու­թե­նէն, ա­պա նաեւ ա­պի­կա­րու­թեան հե­տե­ւան­քով Ար­ցա­խի դա­ւա­ճա­նա­կան կո­րուս­տէն ետք, նոր պա­տե­րազ­մի մը հա­ւա­նա­կա­նու­թեան սպառ­նա­լի­քը դրօ­շի վե­րա­ծած՝ յա­ջո­ղած է սար­սա­փի մթնո­լոր­տի մէջ դնել հան­րու­թե­նէն կա­րե­ւոր շերտ մը եւ ի­րեն պա­տանդ դարձ­նել եր­կի­րը: ­Լե­զո­ւա­կան ճա­մար­տա­կու­թիւն­նե­րով կը փոր­ձէ հա­մո­զել հան­րու­թիւ­նը, որ ինք «խա­ղա­ղու­թիւն» պի­տի բե­րէ, եր­ջա­նիկ ապ­րիլ պի­տի սոր­վեց­նէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, պայ­մա­նաւ որ ա­նոնք հրա­ժա­րին հայ­րե­նա­սի­րու­թե­նէ, խզո­ւին յի­շո­ղու­թե­նէ ու ա­պա­գա­յի տե­սիլ­քէ, ո­րոնք աղ­բիւր են (ե­ղեր) պա­տե­րազմ­նե­րու ե­ւայլն, ե­ւայլն:
­Վար­չա­պետ մը ու­նինք, որ «Ես եմ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը» կը գո­ռայ եւ ինքն իր­մով յափշ­տա­կո­ւած՝ չի գի­տեր թէ ինչ կ­‘ը­նէ, ինչ կ­‘ը­սէ…:
­Խորհր­դա­րանն ալ, իբ­րեւ թէ օ­րէնս­դիր, դար­ձած է խօ­սա­րան մը, ուր կը կար­ծես թէ պատ­գա­մա­ւոր­ներ նո­ւի­րո­ւած են զի­րար խծբծե­լու մրցու­մի մը…:
Ընդ­դի­մու­թիւ­նը՝ կա­մա­կոր, ա­նուժ ու կո­տո­րա­կո­ւած, որ իր ե­ռան­դը կը սպա­ռէ երկ­րի ան­կա­խու­թիւ­նը կորսնց­նե­լու վտան­գը ա­հա­զան­գե­լով եւ իշ­խա­նու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նը պա­հան­ջե­լով…:
­Վե­րի պատ­կե­րէն առ­նենք հա­ւա­նա­կան պա­տե­րազ­մի սպառ­նա­լի­քը եւ ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տի վտան­գը:
Իսկ հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղե­ցին ժամ ու պա­տա­րա­գի իր կո­չու­մը թո­ղած՝ մխրճուած է «քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն» կո­չո­ւած սայ­թա­քիչ ու լպրծուն ո­լոր­տին մէջ:
Այս հա­մա­պատ­կե­րին մէջ ՄԵԾ ԲԱՑԱԿԱՆ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնն է, որ ներ­կայ չէ ե­ղած նաեւ վե­րան­կա­խաց­ման ա­ռա­ջին օ­րե­րէն…:
Ին­չո՞ւ այս տհաճ դի­տար­կում­նե­րը: ­Պար­զա­պէս ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար, որ վտան­գա­ւոր է յա­րա­ճուն ու միայն վտանգ­նե­րու մա­սին խօ­սիլն ու կրկնե­լը:
Վ­տան­գի գի­տակ­ցու­թիւ­նը պի­տի չծա­ռա­յէ իշ­խա­նու­թեան կամ ընդ­դի­մու­թեան դիր­քե­րը ամ­րաց­նե­լու նպա­տա­կին: Ընդ­հա­կա­ռակն. Հ­րա­ւէր մըն է ան զգաս­տու­թեան, որ դա­դար տրո­ւի տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն, որ­քան ալ հիմ­նա­ւոր ըլ­լան ա­նոնք, եւ ձեռ­նար­կո­ւի հա­մազ­գա­յին կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րը միա­ւո­րե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը, երբ մա­նա­ւանդ հա­ւա­նա­կան նոր պա­տե­րազ­մի սպառ­նա­լի­քը կայ կամ ան­կա­խու­թեան կո­րուս­տի վտան­գը…:
­Հոս՝ ըն­թեր­ցում­նե­րէս քա­ղո­ւած թե­լադրա­կան մէջ­բե­րում մը.
Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին՝ գնդա­պետ մը հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին կը զե­կու­ցէ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով 12 հա­մո­զիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ, ար­դա­րա­նա­լու հա­մար, թէ ինք ին­չո՞ւ նշեալ բլու­րը գրա­ւե­լու ազ­դան­շա­նը չտուաւ իր վաշ­տին, ինչ որ հրա­մա­յո­ւած էր ի­րեն: ­Զե­կոյ­ցի ա­ւար­տին, հրա­մա­նա­տա­րը կ­‘ը­սէ, թէ կար նաեւ 13-րդ ­պատ­ճա­ռը, զոր չյի­շե­ցիր եւ որ հիմքն է քու թո­ւած 12 պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րուդ: Եւ զար­մա­ցած գնդա­պե­տի աչ­քե­րուն նա­յե­լով կը ­յա­րէ. «­Պար­զա­պէս չէիր հա­ւա­տար, որ պի­տի կրնաս գրա­ւել»…:
Չ­հա­շո­ւած խա­բու­սիկ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, իշ­խա­նու­թեան եւ ընդ­դի­մու­թեան ներ­կա­յի ա­նար­դիւնք թա­փա­հա­րում­նե­րը ­Հայ մար­դը կը պար­պեն ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ հա­ւատք ու­նե­նա­լէ, որ այն­քան կեն­սա­կան է ա­մէն տե­սակ վտանգ դի­մա­կա­յե­լու- յաղ­թա­հա­րե­լու հա­մար:

Ա­թէնք, 18 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025