Կիրակի 14 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ մեր կազմակերպած քայլարշաւը, Փարնիթա լեռան անտառին մէջ, Trekking Hellas -ի փորձառու առաջնորդներու ուղեկցութեամբ։
Մասնակցողներու տրամադրութիւնը բարձր էր եւ բոլորս անմոռանալի ժամեր անցուցինք բնութեան մէջ։
Քալեցինք բնութեան գիրկը, վայելելով կանաչապատ շրջապատը եւ մաքուր օդը, մինչ մեր պտոյտի ընթացքին հաճելի եւ զուարթ մթնոլորտ կար՝ ծիծաղներով ու կատակներով։ Քայլարշաւի աւարտին հանգստացանք եւ ճաշեցինք ապաստարանի ճաշարանը, ընկերային մթնոլորտի մէջ։
Մենք յատկապէս ուրախ ենք որ այս միջոցառումը, բացի մեզ պարգեւած գեղեցիկ յիշատակներէն, ապահովեց կոկիկ գումար մը՝ յատկացնելու համար Հ.Կ.Խ.ի բարեսիրական գործունէութեան, աջակցելով այսպէս նաեւ մեր միութեան նպատակին։
Մեծ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց. որոնք մասնակցեցան եւ նպաստեցին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան։
Անհամբեր ենք ձեզ տեսնելու մեր յաջորդ ձեռնարկին։
Հ.Կ.Խաչի Երիտասարդներու Յանձնախումբ (Հ.Կ.Խ. Youth)