«­Հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը նա­խազ­գու­շա­ցում է
ողջ մարդ­կու­թեան հա­մար»
Ֆ­րանց ­Վեր­ֆել

­Մի­ջազ­գայ­նօ­րէն ա­նու­րա­նա­լի դար­ձած հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 110 տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող ապ­րում­նե­րու, յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու, ցա­սում­նե­րու, պայ­քա­րի, օ­տա­րու­թեան, պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ բազ­մա­թիւ այլ զգա­ցում­նե­րու ան­քակ­տե­լի շղթայ դար­ձած է։ Այս շղթան, յի­րա­ւի, ցե­ղաս­պա­նո­ւած ժո­ղո­վուր­դի մը պայ­քա­րի, ար­դա­րու­թեան եւ գո­յա­տեւ­ման պատ­մու­թիւնն է։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կ­՚անդ­րաց­նի անձ­նա­կան եւ օ­րա­կար­գա­յին բո­լոր մօ­տե­ցում­նե­րը, մա­նա­ւանդ երբ կը բա­ցա­կա­յին ճա­նա­չու­մը, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ հա­տու­ցու­մը։
«­Մու­սա ­Լե­րան 40 օ­րեր» գիր­քին հե­ղի­նակ` ­Վեր­ֆել ապ­րե­լով եւ զգա­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը, կը վկա­յէ, թէ «­Հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը նա­խազ­գու­շա­ցում է ողջ մարդ­կու­թեան հա­մար»։ Ար­դա­րեւ, հա­յու­թեան հան­դէպ կա­տա­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած ո­ճիր է եւ ա­նոր ան­տե­սու­մը կամ ու­րա­ցու­մը յղի` նոր ար­հա­ւիրք­նե­րով։
Այ­սօր երբ կը ո­գե­կո­չո­ւի ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան 110-ա­մեա­կը մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ հա­յու­թիւ­նը պէտք չէ զան­ցա­ռէ ա­նոր ան­տես­ման եւ ու­րաց­ման վտանգ­նե­րը։
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­տե­սու­մը կամ ու­րա­ցու­մը մեզ կը տա­նի հա­մա­մարդ­կա­յին, ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րու։ Ո­րով­հե­տեւ ազ­գի մը բնաջն­ջու­մը ա­ւե­լին է քան ո­ճիր մը, եւ ան­կէ ե­կող հե­տե­ւանք­նե­րը կը խախ­տեն մարդ­կա­յին բո­լոր ի­րա­ւունք­նե­րը։ ­Հե­տե­ւա­բար ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը կը ծնի ան­դառ­նա­լի եւ վտան­գա­ւոր ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ։
ա.- ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կրկնե­լու սպառ­նա­լիք։ Ս­պա­նա­ցի փի­լի­սո­փայ եւ գրող ­Ճորճ ­Սան­թաեա­նա իր նշա­նա­ւոր խօս­քին մէջ կ­՚ը­սէ «Ան որ չի յի­շեր ան­ցեա­լը, դա­տա­պար­տո­ւած է զայն կրկնել»։ Ար­ցա­խի շրջա­փա­կու­մը եւ հա­յա­թա­փու­մը խօ­սուն օ­րի­նակ է 110 տա­րի­նե­րու ու­րաց­ման եւ կրկնո­ւող ցե­ղաս­պա­նու­թեան։
Այս դրու­թեան մէջ ա­ռա­ւել վտան­գա­ւոր է, երբ հա­յերս սկսինք ան­տե­սել եւ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նել ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։
բ.- ­Բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու մա­շում։ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը ոչ միայն ան­ցեա­լը մոռ­նալ, այլ ներ­կայ ար­ժէք­նե­րը ա­ղա­ւա­ղել կը նշա­նա­կէ։ ­Մոռ­նալ հա­ւա­քա­կան ցա­ւը, ող­բե­գու­թիւ­նը, ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, նո­ւաս­տա­ցու­մը եւ բնաջնջ­ման ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, կը նշա­նա­կէ կորսնց­նել ազ­գի մը, հա­ւա­քա­կա­նու­թեան եւ մար­դու բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու ի­տէա­լը։
գ.- Ինք­նու­թեան ա­ղա­ւա­ղում։ Բ­նա­կա­նա­բար ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցու­մը եւ մո­ռա­ցու­թիւ­նը կ­՚ա­ղա­ւա­ղէ մեր հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Իւ­րա­քան­չիւր ազգ կամ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն կը միա­ւո­րո­ւի եւ իր ինք­նու­թիւ­նը կ­՛ար­ժե­ւո­րէ միեւ­նոյն ար­ժէք­նե­րու փոր­ձու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ. մշա­կոյթ, կրօնք, պատ­մու­թիւն, ող­բեր­գու­թիւն, ու­րա­խու­թիւն կամ յա­ջո­ղու­թիւն։ Իւ­րա­քան­չիւ­րի ու­րա­ցու­մը կը մո­ռա­ցու­թիւ­նը կ­՚ա­ղա­ւա­ղէ ինք­նու­թիւ­նը։ Ազգ մը երբ կը սկսի մոռ­նալ իր կրօն­քը, իր մշա­կոյ­թը, իր պատ­մու­թիւ­նը, կը կորսնց­նէ իր ինք­նու­թիւ­նը եւ կը դա­տա­պար­տո­ւի աշ­խար­հի հո­սան­քէն տա­րո­ւե­լով սպառ­նալ իր գո­յու­թեան։
դ.- ­Պայ­քա­րի ո­գիի աղ­ճա­տում։ Ինք­նու­թեան ա­ղա­ւաղ­ման կը յա­ջոր­դէ պայ­քա­րի ո­գիի աղ­ճա­տու­մը։ Երբ ազ­գի մը կամ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մը բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը կը մա­շին եւ ա­նոր ինք­նու­թիւ­նը կ­՚ա­ղա­ւա­ղո­ւի եւ ազ­գա­յին ո­գին կը պար­պո­ւի, ան կը կորսնց­նէ պայ­քա­րի ո­գին, ի­մաս­տը եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ ­Պէտք է հասկ­նալ, որ պայ­քա­րը ինք­նան­պա­տակ չէ։ ­Պայ­քա­րը ար­ժէք է, ինք­նու­թիւն է, պատ­մու­թիւն է, հա­ւատք է, մշա­կոյթ է։ «­Պա­տե­րազ­մի ա­րո­ւես­տը» գիր­քին հե­ղի­նակ ­Սուն ­Ցուն, խօ­սե­լով պա­տե­րազ­մի կա­րե­ւո­րա­գոյն յա­ջո­ղու­թեան մա­սին, կ­՛ը­սէ. «գե­րա­գոյն գե­րա­զան­ցու­թիւ­նը թշնա­միին պայ­քա­րի ո­գին կոտ­րելն է»։ Իւ­րա­քան­չիւր մարդ ան­հատ, ըն­տա­նիք, ազգ եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ, յա­ջո­ղիլ եւ գո­յա­տե­ւել պայ­քա­րի շնոր­հիւ։
ե.- Ան­տա­բե­րու­թիւն։ Ու­րաց­ման մե­ծա­գոյն վտանգ­նե­րէն մէ­կը նաեւ ան­տար­բե­րու­թեան ա­ռա­ջա­ցումն է։ Ինչ­պէս մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը նոյն­պէս եւ իւ­րա­քան­չիւր հայ, ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման կամ մո­ռա­ցու­թեան պա­րա­գա­յին ան­տար­բե­րու­թեամբ կը լե­ցո­ւի, վտան­գե­լով ոչ միայն ազ­գի մը ի­րա­ւուն­քը այլ նաեւ մի­ջազ­գա­յին մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը։ Ան­տար­բե­րու­թիւն կը վտան­գէ նաեւ նոր սե­րուն­դին մօ­տե­ցու­մը եւ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը, ոչ միայն ցե­ղաս­պա­նու­թեան, այլ նաեւ ազ­գա­յին այլ ար­ժէք­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մեր ներ­կան է, եւ ե­թէ ներ­կան լե­ցո­ւի ան­տար­բե­րու­թեամբ եւ ար­ժէք­նե­րու մա­շու­մով, մենք չենք ու­նե­նար ա­պա­գայ։
­Մեր նա­հա­տակ­նե­րուն կան­չը դեռ կ­՚ար­ձա­գան­գէ եւ Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­յեաց­քին մէջ դեռ կը տես­նենք ­Գան­ձա­սա­րը, ­Շու­շին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տը, ­Դա­դի­վան­քը, Ար­ցա­խի լեռ­ներն ու սրբա­վայ­րե­րը։

­Սի­րե­լի­ներ,
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չու­մը մե­զի հա­մար պէտք չէ սոսկ օ­ղակ ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կոչ­ման շղթա­յին վրայ։ 110-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չու­մը պէտք է ըլ­լայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շեց­ման ա­մեակ, բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու վե­րա­հաս­տատ­ման եւ պայ­քա­րի ա­մեակ, ինք­նու­թեան բիւ­րե­ղաց­ման եւ ար­ժե­ւոր­ման ա­մեակ, եւ վեր­ջա­պէս ե­րի­տա­սարդ­նե­րու գի­տակ­ցու­թեան եւ ո­գե­ւոր­ման ա­մեակ։

ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի