Շաբաթ, 14 Մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանի նախագահութեամբ եւ եկեղեցւոյս սարկաւագներու մասնակցութեամբ, բարեպաշտ ու հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց տօնը եւ Միջինքը։ Այս առիթով, կատարուեցաւ երեկոյեան հոգեպարար ժամերգութիւն, որուն ընթացքին հաւատացեալ ժողովուրդը միասնաբար մասնակցեցաւ աղօթքի եւ հոգեւոր խոկումի։ Ժամերգութեան աւարտին, եկեղեցւոյ ատեանին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի արարողութիւն, ուր զետեղուած էին քառասուն փոքրիկ ջահեր՝ ի յիշատակ Սրբոց Քառասնից Մանկանց։ Խորհրդանշական այս գեղեցիկ պատկերին մէջ արտացոլեցաւ մեր հաւատքի կենդանի վկայութիւնը եւ նահատակ սրբերուն յիշատակը։
Ժամերգութեան եւ նախատօնակի աւարտին Հայր սուրբը իր հայրական խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն՝ ներկայացնելով օրուան տօնի խորհուրդը եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց նահատակութեան օրինակով գօտեպնդելով ներկաներուն հաւատքը։ Ան յատկապէս շեշտեց նահատակ սրբերուն անձնուիրութիւնը, տոկունութիւնը եւ անխախտ հաւատքը, որոնք այսօր եւս կը ծառայեն որպէս հոգեւոր ուղեցոյց եւ ներշնչում քրիստոնէական կեանքին մէջ ամրապնդուելու համար։ Հայր սուրբը հրաւիրեց հաւատացեալները մնալ հաւատարիմ եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներուն, պահպանել միասնականութիւնը եւ շարունակել իրենց հոգեւոր աճի ճանապարհը։
Հոգեւոր արարողութենէն ետք համայնքի սրահին մէջ կազմակերպուած էր ճաշկերոյթ՝ Տիկնանց մարմինի նախանձախնդիր եւ հոգատար աշխատանքին շնորհիւ։ Երեկոյին սկիզբը, Տիկնանց մարմինի ատենապետուհին բարի գալուստի խօսքով դիմաւորեց ներկաները եւ համառօտ ներկայացուց օրուան հաւաքոյթի նպատակը՝ շեշտելով նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը համայնքային համախմբման եւ հոգեւոր-ազգային կեանքի զօրացման մէջ։ Ան ապա հրաւիրեց հոգեւոր նհովիւը որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։ Հայր անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին, համայնքային միասնականութեան անհրաժեշտութեան եւ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուելու կարեւորութեան։
Այնուհետեւ խօսք առաւ նաեւ Փաղային խորհուրդի ատենապետ պ. Քրիս Ղալիլէաս, որ շնորհաւորեց տիկնանց միութեան անդամուհիները, որ այս գեղեցիկ երեկոն կարողացան հրամցնել մեր սիրելի ժողովուրդին:
Երեկոյին ներկայ գտնուեցան հոգեւոր հովիւը, թաղային խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի միութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ հաւատացեալ ժողովուրդ։ Սրահին մէջ տիրող ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտը առիթ տուաւ ներկաներուն փոխադարձաբար շնորհաւորելու, զրուցելու եւ նորոգելու համայնքային կապերը։
Այս համախմբուած հանդիպումը վերածուեցաւ ոչ միայն տօնական, այլեւ խորապէս համայնքային ու ազգային նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեան, ուր զգալի էր փոխադարձ յարգանքը, եղբայրական սէրը եւ համերաշխութեան ոգին։ Ներկաները գնահատանքով անդրադարձան Տիկնանց մարմինի կազմակերպչական ջանքերուն եւ անոնց շարունակական ծառայութեան համայնքային կեանքի աշխուժացման մէջ։
Երեկոն դարձաւ հաւատքի վերանորոգման եւ համայնքային միասնականութեան գեղեցիկ արտայայտութիւն, հաստատելով որ Սրբոց Քառասնից Մանկանց վկայութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ ոգեշնչել եւ ամրապնդել մեր ժողովուրդը՝ հաւատքի, տոկունութեան եւ նուիրումի ճամբուն վրայ։
ԹՂԹԱԿԻՑ










